Անմեղ Զոհերու Յիշատակին Արեւմուտքը Կ՚օգնէ Թուրքիոյ, Որ Կը Զինէ Իսլամական Պետութիւնը, Որպէսզի Հարուածէ Փարիզը

A man holds his head in his hands as he lays flowers in front of the Carillon cafe, in Paris, Saturday, Nov.14, 2015. French President Francois Hollande vowed to attack Islamic State without mercy as the jihadist group admitted responsibility Saturday for orchestrating the deadliest attacks inflicted on France since World War II. (AP Photo/Thibault Camus)

17 նոյեմբեր 2015

«­Նոր ­Յա­ռաջ»-ի խմբագրականին մէջ կը կարդանք.

Ար­մա­տա­կան իս­լա­մա­պաշտ­ներ հա­րո­ւա­ծե­ցին Ֆ­րան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը։ Եօ­թը վայ­րե­րու վրայ յար­ձա­կում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան։ Զոհ դար­ձան ան­մեղ ան­պաշտ­պան քա­ղա­քա­ցի­ներ, ո­րոնք հա­ւա­քո­ւած էին շա­բա­թա­վեր­ջի հա­ճե­լի ե­րե­կոյ մը վա­յե­լե­լու։ ­Կոյր ա­հա­բեկ­չու­թիւն։ Ձ­րի, ո­չին­չի հա­մար սպաննուած ժո­ղո­ վուրդ։

ՏԱՀԷՇ տէր կանգ­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան այս ա­րարք­նե­րուն։ Ո՞վ թաք­նո­ւած է ՏԱՀԷ­Շ-ի ե­տին։ Ո՞վ թաք­նո­ւած է Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն կո­չե­ցեալ ոճ­րա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ե­տին։ ­Գաղտ­նի ու­ժեր չեն։ ­Բո­լո­րին գիտ­ցած­ներն են։ ­Պե­տու­թիւն­ներ, ո­րոնք Եւ­րո­պա­յի մէջ, Ֆ­րան­սա­յի մէջ դես­պա­նա­տու­ներ ու­նին, ա­ռեւտ­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ ու ձեռ­նար­կու­թիւն­ներ։ Ա­ռա­ջին­նե­րը՝ ­Թուր­քիան եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րէն մի քա­նին, բո­լորն ալ՝ Եւ­րո­պա­յի, Ա­րեւ­մուտ­քի դաշ­նա­կից­նե­րը, գոր­ծըն­կեր­նե­րը։ Ըն­կեր­ներ, ո­րոնք կռնա­կէն ան­դա­դար կը դա­շու­նա­հա­րեն Եւ­րո­պան, եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րը։ Իսկ Ա­րեւ­մուտ­քի ղե­կա­վար­նե­րը կոյր կը ձե­ւա­նան այս կեղ­ծիք­նե­րուն դի­մաց։

Եւ ա­հա՛ ան­հան­դուր­ժե­լին։ Ա­նըն­դու­նե­լի՛ն։ ­Յա­նուն ա­զա­տու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու կը մղո­ւին պա­տե­րազմ­ներ Ի­րա­քի եւ ­Սու­րիոյ մէջ։ ­Սատ­տամ տա­պա­լե­ցաւ։ ­Պա­շա­րի դէմ հա­լա­ծան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւի։ Եւ ո՞վ է ա­նոր դէմ բուն կռո­ւո­ղը, ո՞վ է գլխա­ւոր հա­կա­ռա­կոր­դը, Ա­րեւ­մուտ­քի բա­րեն­պա­տակ զօր­քե՞­րը, թէ՞ ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­պաշտ ու­ժե­րը։

Ա­յո, ան­հան­դուր­ժե­լի, ա­նըն­դու­նե­լի եւ դժբախ­տա­բար՝ խեղ­կա­տա­կա­յին։ Ե­թէ բե­մա­կան ի­րա­վի­ճակ մը ըլ­լար, շատ պի­տի զո­ւար­ճաց­նէր հան­դի­սա­տես­նե­րը, բայց դժբախ­տա­բար ա­րիւ­նա­լի ի­րա­վի­ճա­կի պատ­կերն է։ Ա­րեւմ­տեան ու­ժե­րը օ­դա­յին ռմբա­կո­ծու­մի կ­՚են­թար­կեն Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան դիր­քե­րը, երբ Ա­րեւ­մուտ­քի զի­նա­կից ու­ժե­րը՝ ­Թուր­քիա եւ ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա … կը սպա­ռա­զի­նեն, կը գան­ձատ­րեն նոյն Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան տար­րե­րը, ո­րոնց­մէ կը գնեն կո­ղոպ­տո­ւած քա­րիւղ, բամ­պակ, հնա­գի­տա­կան ար­ժէք­ներ…։ Եւ այս նոյն իս­լամ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը կը հա­րո­ւա­ծեն Ա­րեւ­մուտ­քի մայ­րա­քա­ղա­քի խա­ղաղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը։

Եւ որ­պէս հե­տե­ւանք՝ կը կոր­ծա­նին հնա­գոյն քա­ղա­քակըր­թու­թեան ար­ժէք­ներ ներ­կա­յաց­նող քա­ղաք­ներ։ ­Պե­տու­թիւն­ներ՝ Ի­րաք եւ ­Սու­րիա կը քայ­քա­յո­ւին։ ­Տա­սը մի­լիո­նի չափ տե­ղա­հա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ… ո­րոնց­մէ եր­կու մի­լիոն սու­րիա­ցի­ներ ­Թուր­քիոյ մէջ պա­տանդ կը պա­հո­ւին Եւ­րո­պա ղրկո­ւե­լու սպառ­նա­լի­քով։ ­Գեր­մա­նիոյ ­Մեր­քէ­լը վա­խի ազ­դե­ցու­թեան տակ ­Թուր­քիոյ կը խոս­տա­նայ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւն եւ 3 մի­լիառ եւ­րո­յի նպաստ։ Եւ այս բո­լո­րը ի սէր ­Պա­շա­րի վար­չա­կար­գը տա­պա­լե­լու։ Ո՞ւր մնա­ցին մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը, ա­զա­տու­թիւ­նը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը։

Եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝ Եւ­րո­պան ­Թուր­քիոյ դրամ կու տայ։ ­Թուր­քիան կը զի­նէ Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւ­նը, որ իր կար­գին կը հա­րո­ւա­ծէ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը, ­Փա­րի­զը։ ­Ձա­խող, ան­հե­ռա­տես եւ­րո­պա­ցի քա­ղա­քա­գէտ­ներ, իբ­րեւ թէ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հա­մար պայ­քա­րող կեղ­ծա­ւոր պե­տա­կան մար­դիկ։ Եւ իբր հե­տե­ւանք՝ ո­չին­չի հա­մար զո­հո­ւած փա­րիզ­ցի ե­րի­տա­սար­դու­թիւն։ Ո­չին­չի հա­մար մի­լիո­նա­ւոր թա­փա­ռա­կան սու­րիա­ցի, ի­րաք­ցի գաղ­թա­կան­ներ։ Ո­չին­չի հա­մար քան­դուած քա­ղա­քակր­թու­թիւն, մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան անգ­նա­հա­տե­լի մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­ներ։

ԱԶԴԱԿ

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail