«Մեզի Կը Վերապահենք Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու Մնացորդացին Դէմ Պայքարելու Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Սինիրլիօղլու
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: (DECLARATION de la démilitarisation de l’Arménie Occidentale et de la Cilicie, du retrait des troupes d’occupation de la République Turquie de ces territores)
ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը իրեն կը վերապահէ Սուրիոյ հիւսիսը «Խաղաղութեան աղբիւր» զինուորական գործողութեան շրջանին մէջ ահաբեկիչներու մնացորդացին դէմ պայքարելու իրաւունքը:
Թուրքիոյ դեսպանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին շեշտեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս կրկնեց, թէ Թուրքիան չի կրնար իր սահմաններուն վրայ որեւէ ահաբեկչական արարք արտօնել»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահը 9 հոկտեմբերին թրքական բանակին հրամայած էր Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ շղթայազերծել «Խաղաղութեան աղբիւր» անունը կրող զինուորական գործողութիւնը` «այդ հողերը ահաբեկիչներէն մաքրելու», ինչպէս նաեւ Թուրքիա գտնուող սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու համար:

aztagdaily.com/archives/463279