Փենթակոն Կը Հաստատէ Հիւսիսային Սուրիա Յաւելեալ Զինուորական Աջակցութիւն Ուղարկելու Ծրագիրներու Գոյութիւնը
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: (DECLARATION de la démilitarisation de l’Arménie Occidentale et de la Cilicie, du retrait des troupes d’occupation de la République Turquie de ces territores)
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբերը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող քարիւղի հանքերը անգամ մը եւս ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը անցնիլը կանխարգիլելու նպատակով այդ շրջան ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը ամրապնդելու ծրագիրներու գոյութիւնը:
Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամ յայտնած էր, որ ամերիկեան բանակէն հրամանատարներ կը մշակեն ծրագիր մը` արգելք հանդիսանալու ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման Սուրիոյ մէջ վերստին երեւան գալուն, ինչպէս նաեւ արգելք հանդիսանալու, որ սուրիական քարիւղի հանքերը անցնին Իրանի կամ ծայրայեղական կազմակերպութեան մը ձեռքը:
Կրահամ Սպիտակ տան մէջ ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի ղեկավարէն զեկուցում մը ստանալէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Գոյութիւն ունի միացեալ սպայակոյտին կողմէ պատրաստութեան ընթացքի մէջ եղող ծրագիր մը, որ կը կարծեմ, թէ կրնայ յաջողիլ»:
«Ատիկա կրնայ մեզ կարող դարձնել ՏԱՀԵՇ-ի դարձեալ երեւան գալը կանխարգիլելու, ինչպէս նաեւ արգելք հանդիսանալու, որ Իրան եւ ՏԱՀԵՇ գրաւեն քարիւղը», նշեց հանրապետական ազդեցիկ ծերակուտականը:

aztagdaily.com/archives/463280