Քաղաքական Անդրադարձ. Քիւրտերը Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելքի, Միջազգային Եւ Շրջանային Իրադարձութիւններու Զոհ
26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
(Statement On the occasion of the 100th anniversary of the end of the World War I to the states that signed the Peace Treaty of Sevres)
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Երբ անցեալ դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ, «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով, յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը պիտի քաշուին Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանէն, քրտական ղեկավարութիւնը գաղտնի տեսակցութիւններ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ գտնուող Հմէյմիմ ռուսական ռազմական կայանին մէջ, ապա Դամասկոսի մէջ` ստանալու ռուսական երաշխիք, պաշտպանելու Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանները թրքական որեւէ յարձակումէ: Ժողովականները հաստատեցին, որ քրտական կողմը Աֆրինի սխալը պիտի չկրկնէ, եւ եթէ թրքական կողմը յարձակի, ապա սուրիական բանակը պիտի մտնէ քրտական շրջաններ:
Սուրիոյ պետական եւ քրտական կողմերը նաեւ հաստատեցին, որ, հակառակ անոր որ երկու կողմերը տարակարծութիւններ ունին Սուրիոյ ապագային շուրջ, սակայն իրենց համար Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անձեռնմխելիութիւնը առաջնահերթութիւն է: Ըստ քաղաքական վերլուծաբան Իպրահիմ Համիտիի, յունուար 2019-ին թրքական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանը եւ ապա պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցան Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին թրքական կողմը պահանջեց 20-30 քմ խորութեամբ ապահովական գօտի մը ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ, իսկ ռուսական կողմը պնդեց 5-10 քիլոմեթրի վրայ («Շարք Աուսաթ», 5 յունուար 2019): Անշուշտ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ներկայացուցիչները, որոնք նոյնպէս Մոսկուա կը գտնուէին, մերժեցին այս առաջակները:
Հոկտեմբեր 9-ին թրքական բանակը ներխուժեց հիւսիսարեւելեան Սուրիա: Անոր կողքին ներխուժումին մասնակցեցան հազարաւոր սուրիացի իսլամական զինեալներ:
Թուրքիոյ անսպասելի յառաջխաղացքը ահազանգ մըն էր բոլորին: Ռազմավարական յստակ ծրագիր մը մշակուած էր, այդ պատճառով ալ արդէն իսկ ռազմական գործողութենէն 72 ժամ ետք քրտական քաղաքները գրաւուելու սկսան: Թրքական բանակը կիրարկեց «շրջապատման ռազմավարութեան» (encirclement strategy) միջոցը: Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ 1941-ին «Պարպարոսա գործողութիւն»-ը, որուն ժամանակ գերմանացիները նոյն ռազմավարութիւնը օգտագործեցին ռուսերուն դէմ: Շրջապատման ռազմավարութիւնը թրքական բանակը գործադրեց 2018-ին Աֆրինի մէջ, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն` քիւրտ զինեալներուն դէմ:
Սկիզբը թրքական բանակը ռմբակոծեց քրտական ուժերը եւ զանոնք մղեց նահանջի, ապա գրաւեց բարձունքները եւ, չորս կողմէն պաշարելով, ռմբակոծեց գիւղերուն կեդրոնները, ուր պաշտպանական դիրքեր բռնած էին քիւրտ զինեալները: Այսպիսով, աւելի քան 40 գիւղեր Թել Ապիատի, Արաբունարի եւ Ռաս Ուլ Այնի մէջ ինկան թրքամէտ խմբաւորումներուն ձեռքը:
Ըստ «Արապիա» սէուտական արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին (10 հոկտեմբեր 2019), թրքական բանակին կողքին նաեւ կը կռուի 10.000 հոգիէ կազմուած «Սուրիոյ ազգային բանակ» ջոկատը: Այս ջոկատին մաս կը կազմեն նաեւ թուրքմենական միաւորումներ, ինչպէս` Նուրէտտին Զանքի, Սուլթան Մեհմետ Ֆաթիհ, Սուլթան Սուլէյման Ֆաթիհ, Սուլթան Օսման, Էրթողրուլի թոռնիկները, որոնք կը կազմեն այս բանակին սիւները: Այս միաւորումներէն շատերը 2016-ին մասնակցեցան Ժարապլոսի գրաւման, ինչպէս նաեւ աւելի կանուխ, դարձեալ 2016-ին, Քեսապի վրայ յարձակումներուն: Թուրքմեններէն շատերը վրէժխնդրութեամբ համակուեցան, երբ 2017-ին քրտական ջոկատները թուրքմեններու գիւղերը մաքրեցին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն. բազմաթիւ թուրքմեններ լքեցին իրենց գիւղերը եւ հաստատուեցան Թուրքիա: Էրտողան իր այս 30 քմ խորութեամբ «ապահով գօտիով» կ՛ուզէր ո՛չ միայն քրտաբնակ շրջանները վերաբնակեցնել սուրիացի արաբ գաղթականներով, այլ նաեւ թուրքմեններով, որոնք Թուրքիոյ ազգային շահերուն պիտի ծառայեն հետագային:
Սակայն ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգները քաշուեցան: Կայ այն կարծիքը, թէ ռուսերը թուրքերուն միջոցով ուզեցին հարուած հասցնել ամերիկացիներու դաշնակից քիւրտերուն, մեկուսացնել զանոնք եւ մղել Դամասկոսի կողմը: Ռուսերը յաջողեցան: Կայ նաեւ այլ կարծիք մը,որ հարց կու տայ, թէ արդեօք ասիկա ամերիկեան թակա՞րդ մըն էր պատերազմ հրահրելու Սուրիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ եւ դժուար ու անորոշ կացութեան մատնելու ռուսական կողմը: Սեպտեմբեր 16-ին Թուրքիոյ մէջ Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն մասնակցութեան եռակողմ հանդիպումներ տեղի ունեցան, եւ Էրտողան, Ռուհանի ու Փութին համաձայնեցան խաղաղ լուծում մը գտնել սուրիական տագնապին եւ պատրաստել նոր սահմանադրական խորհուրդը. թրքական կողմը դէմ էր, որ քիւրտերը մասնակցէին այս խորհուրդին: Միացեալ Նահանգներուն նպատակն էր ամէն գնով տապալել այս համաձայնութիւնը:
Միւս կողմէ, հետաքրքրական էր Թուրքիոյ մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) բացակայութիւնը: 10 հոկտեմբերին ՔԱԿ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց քրտական բոլոր ջոկատներուն զինուելու եւ ուղղուելու դէպի Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանը` դէմ դնելու համար թրքական ներխուժման («Անֆալ», 10 հոկտեմբեր 2019): Հետաքրքրական էր, որ ՔԱԿ-ը ոչ մէկ յարձակում գործեց Թուրքիոյ մէջ: Հոս երկու հաւանական պատճառներ կան` կա՛մ ՔԱԿ-ի ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ արգելափակուած, քայքայուած կամ անկարող է մարտական գործողութիւններ կատարելու, կա՛մ ալ տեղափոխուած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը: Առաջին կէտին պարագային կրնանք եզրակացնել, որ Էրտողանի ռազմավարութիւնը ՔԱԿ-ին դէմ Թուրքիոյ մէջ յաջողած է, իսկ երկրորդ կէտին մէջ ՔԱԿ-ի ղեկավարութիւնը եթէ այսպիսի քայլ մը առաւ ասիկա կը նշանակէ, որ թակարդի մէջ ինկաւ, ներկայիս շրջապատուած է թշնամիներով, այլ ելք չունի փախչելու եւ դարձաւ սուրիական կամ ռուսական խաղաքարտ մը Թուրքիոյ դէմ:
Սակայն քրտական ջոկատները, հակառակ բուռն դիմադրութեան, չդիմանալով թրքական յարձակումներուն,13 հոկտեմբերին Դամասկոսի հետ համաձայնութեան հասան այն բանի շուրջ, որ սուրիական բանակը պիտի մտնէ Ռաս Ուլ Այն, Արաբունար, Ռաքքա, Հասաքէ, Գամիշլի եւ Թալ Ապիատ շրջանները: Իսկ ռուսական բանակը 15 հոկտեմբերին մտաւ Մընպեժ, մինչ մէկ գիշեր առաջ ամերիկեան զօրքերը հեռացած էին քաղաքէն: Հաւանաբար «Ռոժաւա»-ի քաղաքական ծրագիրը, որուն համար քիւրտերը պայքարեցան 7 տարի շարունակ, ինկաւ, սակայն տակաւին կանուխ է գուշակելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի պատկերացուին քիւրտ-սուրիական կամ թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները:
Yeghia.tash@gmail.com

aztagdaily.com/archives/463215