17 նոյեմբեր 2015
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան սահմանին վրայ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած զինուոր Միքայէլ Թորոսեանի հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին յայտնած է, որ վերջին շրջանին հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացած է, մեծ տրամաչափի զէնքերէ կրակոցները` նուազած, իրավիճակը վերահսկելի է:
«Թէեւ այս դէպքը վերջին երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ, երկու զոհ ունեցանք, սակայն կարելի է ըսել` իրավիճակը վերահսկելի է: Հայկական զինուորական ուժերը ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի սահմաններուն վրայ, իրենց առջեւ դրուած հարցերը կը լուծեն բարձր մակարդակով: Զինուորները պէտք է քիչ մը աւելի ուշադիր ըլլան անվտանգութեան հետ կապուած բոլոր հարցերուն», դիտել տուած է նախարարը:
Օհանեան ընդգծած է, որ այսպիսի դէպքերու պարագային միակ սփոփանքը զոհերու ծնողներուն կողքին ըլլալն ու զանոնք մխիթարելն է:
Անդրադառնալով շրջան ընող այն խօսակցութիւններուն, ըստ որոնց, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի երեւանեան այցելութեան ընթացքին քննարկուած է յարակից տարածքներու վերադարձի հարցը` նախարարը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հայկական կողմի տեսլականը անփոփոխ է:
«Ես կ՛ուզեմ, որ մենք բոլորս հասկնանք այն իրականութիւնը, որ այսօր գոյութիւն ունի, եւ նաեւ իմանանք, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրին շուրջ Հայաստանի զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարութեան տեսակէտները հետեւեալն են` միայն խաղաղ միջոցներով հարցի լուծում, երկխօսութեան ճամբով փոխադարձ համաձայնութիւն, շփման գիծին վրայ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորում` զերծ բոլոր կրակոցներէն, հետախուզական գործողութիւններէն, նաեւ միջազգային հետաքննութեան պայմաններ ստեղծելը` զինուորական փորձագիտութեան հիման վրայ: Այն ինչ որ հասարակութեան եւ տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ կ՛ըսուի, անհատական վերլուծումներ են, որոնք իրականութեան հետ կապ չունին: Բոլորս պէտք է հասկնանք, որ եթէ յանկարծ Արցախի հետ բան մը պատահի, իւրաքանչիւր թիզ հողի համար պիտի կռուինք այնպէս, ինչպէս կռուած ենք արցախեան ազատամարտի տարիներուն»:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/