Պաղտատին Սպաննուեցաւ. Թրամփ Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրաքի Եւ Քիւրտերուն

Պաղտատին Սպաննուեցաւ. Թրամփ Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրաքի Եւ Քիւրտերուն

28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»

Ամերիկացի պաշտօնատար մը երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կատարած են գործողութիւն մը, որ Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ թիրախ դարձուցած է ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատին: Ան վստահեցուց, որ անոր դիակը ճշդուած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պաղտատիի սպանութեան վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն չունի:

Ամերիկեան «Տէյվիս Ուան» կայքը հաւանական նկատեց, որ Պաղտատին իր կրած ականուած գօտիով ինքզինք պայթեցուցած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Այս պահուս շատ մեծ բան պատահեցաւ»:

Աւելի ուշ, Թրամփ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատին սպաննուած է` աւելցնելով, որ անոր հետ սպաննուած են նաեւ անոր շարք մը գործընկերները:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ան նշեց, որ «Տի.Էն.Էյ.»-ի քննութիւնները հաստատած են անոր ինքնութիւնը, «հակառակ ականուած գօտիի պայթումին պատճառով անոր մարմինին բզկտուած ըլլալուն»:

Թրամփ ըսաւ, որ Պաղտատի «կծկուած է փապուղիի մը մէջ եւ ինքզինք պայթեցուցած է իր զաւակներուն հետ»: «Սպաննուեցաւ, երբ վախկոտի պէս կու լար, չմեռաւ հերոսի մը նման», աւելցուց ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ գործողութեան մասնակցած են 8 ուղղաթիռներ եւ մեծաթիւ զինուորներ, որոնք էջք կատարած են «բարեկամ պետութիւններէն մէկուն» մէջ` աւելցնելով, որ օդային մեծ ուժ մը աջակցած է գործողութեան: «Ուղեւորութիւնը մէկ ժամ տեւեց, եւ գործողութեան ամէնէն վտանգաւոր փուլն էր, ուստի լուռ մնացինք», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ իր ուժերը «զգայուն» տեղեկութիւններ ձեռք ձգած են սպանութենէն ետք Պաղտատիի, որ «կը փորձէր ՏԱՀԵՇ-ը վերակազմակերպել»:

Թրամփ մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Իրաքին եւ քիւրտերուն` Պաղտատիի սպանութեան գործողութեան օժանդակելնուն համար` ընդգծելով, որ Ռուսիոյ եւ Իրաքի գործակցութիւնը «հոյակապ էր»:

«Քիւրտերը Պաղտատիի շուրջ օգտակար տեղեկութիւններ տրամադրեցին», ըսաւ ան, իսկ Թուրքիան տեղեակ էր գործողութեան շղթայազերծումէն:

Թրամփ ըսաւ, որ իր երկիրը տեղեակ պահած է ամերիկեան ուժերը «զիրենք ուրախացնող պատճառի մը համար գործողութեան շրջան մուտք գործելուն մասին, եւ անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին մեզի»: Ան ըսաւ, որ Սուրիա գտնուող ամերիկեան ուժերը կապ չունին Պաղտատիի սպանութեան գործողութեան հետ:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Օրլի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարին սպանութիւնը «ահաբեկիչի մը կանխահաս հանգստեան կոչում է, եւ ոչ թէ անոր կազմակերպութեան»:

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը զգուշացուցին, որ ՏԱՀԵՇ կրնայ իր ղեկավարութեան սպանութեան վրէժը լուծելու համար գործողութիւններ շղթայազերծել:

ARARAD MASIS ARMENIA Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/463450

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail