
Ամերիկացի Զինուորները Իրաքէն Կը Տեղափոխուին Սուրիա
28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»
Ամերիկացի զինուորները սկսած են Իրաքէն հասնիլ Սուրիոյ Տէր Զօրի նահանգ: Ռուսական «Քորրեսփոնտենթ»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին հաղորդումով, ամերիկեան ուժերը կը տեղակայուին Սուրիա` կանխարգիլելու համար ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ քարիւղի հանքերուն տիրանալու փորձերը: Ծրագիրը կ՛ենթադրէ քանի մը հարիւր ամերիկացի զինուորներու Սուրիա վերադարձը:
Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու զօրքերը Սուրիոյ տարածք մտած են ուղղաթիռներու ուղեկցութեամբ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր ուրբաթ օր յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն մտադիր է Տէր Զօրի մէջ տեղակայել լրացուցիչ ցամաքային ուժեր` քարիւղի հանքերը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն պաշտպանելու համար:


aztagdaily.com/archives/463452





