
Վանաձորի Մէջ Տեղադրուեցաւ Զօրավար Անդրանիկի Յուշարձան
29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ:
Հանրապետութեան երրորդ քաղաքին՝ Վանաձորի հիմնադրութեան 191-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ զօրավար Անդրանիկի յուշարձանի բացումը: Այս մասին կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն։
Արձանը տեղադրուեցաւ քաղաքի այն հատուածին մէջ, ուր կը սկսի զօրավար Անդրանիկի անունը կրող փողոցը: Ան կառուցուած է 2019-ին՝ համաժողովրդական նուիրատուութիւններով, «Ինտերկապ» բարեսիրական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ Վանաձորի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:



Yerakouyn.com/2019/10/29/վանաձորի-մէջ-տեղադրուեցաւ-զօրավար-ան/





