Ֆրանսայի Մէջ Հայ Համայնքը Կը Կարծէ, Որ «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի Վրայ Կատարուած Յարձակման Ետին Կանգնած Են Թուրքերը

Ֆրանսայի Մէջ Հայ Համայնքը Կը Կարծէ, Որ «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի Վրայ Կատարուած Յարձակման Ետին Կանգնած Են Թուրքերը

29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ:

Վստահ չեմ, թէ Փարիզի մէջ հայկական կառոյցներու վրայ կատարուած երկու յարձակումները կապուած են իրարու հետ: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ հայկական կառոյցներու վրայ տեղի ունեցած յարձակումներուն, ըսաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:

«Նուվել Տ՛Արմենի»-ի տնօրէնը համայնքին մէջ մեծ համարում ունի: Ան` Արա Թորանեանը եւ ես Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ ենք, հետեւաբար` այս միասնական կառոյցի պատասխանատուներս հայ ժողովուրդի թշնամիներուն համար թիրախ ենք»,- ըսաւ Փափազեան:

Յիշեցնենք, որ 20 Հոկտեմբերին յարձակում տեղի ունեցած էր Ֆրանսայի հայկական «Նուվել Տ՛Արմենի» ամսագիրի խմբագրութեան վրայ: Այստեղ յանցագործները կոտրած էին խմբագրութեան դուռը, գողցած տեսախցիկներ, երեք համակարգիչ, ուր կը պահուէին գաղտնի տեղեկութիւններ: Դէպքէն ետք ալ յարձակում եղած էր Փարիզի հարաւարեւմտեան Սեւր շրջանին մէջ գտնուող Սամուէլ Մուրատեան հայկական վարժարանին վրայ:

Փափազեանի համաձայն, Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքը կը կարծէ, որ «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի վրայ կատարուած յարձակման ետին կանգնած են թուրքերը, ընդ որում` այս յանցագործութիւնը կատարուած է երկու նպատակով. «Առաջին պատճառը տեղեկութիւններ հաւաքելն է, երկրորդը` վախի մթնոլորտ ստեղծելը: Կ՛ուզէին ցոյց տալ, որ կրնան նաեւ ֆիզիքապէս վնաս հասցնել: Վստահ կրնամ ըսել, որ Ֆրանսայի մէջ թէ՛ պատգամաւորները, թէ՛ կուսակցութիւնները, թէ՛ մտաւորական շրջանակներու ներկայացուցիչները, թէ՛ լրագրողները մեր կողքին են, կը սատարեն մեզ»,- նշեց Փափազեան:

VERS LES MONTAGNES ARMÉNIENNES – ALLER VERS TERRITOIRE DES ORIGINE DES ARMÉNIENS

yerakouyn.com/2019/10/29/ֆրանսայի-մէջ-հայ-համայնքը-կը-կարծէ-որ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail