Բողոքի Ցոյց՝ ՀԲԸՄի Մանուկեան Վարժարանը Փակելու Որոշումին Դէմ

Բողոքի Ցոյց՝ ՀԲԸՄի Մանուկեան Վարժարանը Փակելու Որոշումին Դէմ

29 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՍՓԻՒՌՔ :

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբերի առաւօտեան, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցիչները, անձնակազմը, ծնողներ եւ համակիրներ վարժարանին շրջափակին մէջ բողոքի ցոյցով մը դատապարտեցին վարժարանը փակելու անակնկալ որոշումը, պահանջելով ՀԲԸՄի ղեկավարութենէն, որ վերատեսութեան ենթարկէ իր այդ քայլը։

Արդարեւ, Ուրբաթ յեմիջօրէին, վարժարանի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին տեղեկացուած էր վարժարանը 2019-2020 կրթական տարեշրջանի աւարտին փակելու որոշումին մասին։ Նամակին մէջ շեշտուած էր, թէ որոշումը հետեւանք է նիւթական պատճառներու եւ անոր մէջ կը պնդուէր, թէ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը պիտի միացուի Քանոկա Փարքի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին, իսկ Մանուկեան վարժարանի ներկայ համալիրը պիտի վերածուի մշակութային կեդրոնի։

Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ շրջանի Յովսէփեան եւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարաններէն աշակերտներ:

asbarez.com/arm/356315/Բողոքի-Ցոյց՝-ՀԲԸՄի-Մանուկեան-Վարժարա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail