Ռուսիա Կը Վերահաստատէ, Որ Եփրատի Արեւելեան Ափի Քարիւղի Հանքերը Պէտք Է Ըլլան Սուրիոյ Կառավարութեան Վերահսկողութեան Տակ

Ռուսիա Կը Վերահաստատէ, Որ Եփրատի Արեւելեան Ափի Քարիւղի Հանքերը Պէտք Է Ըլլան Սուրիոյ Կառավարութեան Վերահսկողութեան Տակ

30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության (Հայաստան պետության) ՄԱԿ-ին անդամակցության վերաբերյալ»»

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող քարիւղի հանքերը պէտք է ըլլան սուրիական կառավարութեան վերահսկողութեան տակ, «եւ մենք կը կարծենք, որ այդ է միակ լուծումը»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշինքով անցեալ շաբաթ օր յայտնած էր, որ ամերիկեան կառավարական գործակալութիւններուն կողմէ սուրիական քարիւղի մաքսանենգման գործողութիւններուն ապահոված շահը ամսական աւելի քան 30 միլիոն տոլար է:

Ան Ուաշինկթընի կողմէ Սուրիոյ արեւելքը գտնուող քարիւղի հանքերուն վրայ վերահսկողութեան հաստատումը նկատեց «աւազակութիւն», սակայն միջազգային մակարդակի վրայ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ իր երկիրը դէմ պիտի դնէ սուրիական քարիւղի հանքերը իր աջակցութիւնը վայելող սուրիական խմբաւորումներու ձեռքերէն խլելու որեւէ փորձի:

Ան Փենթակոնի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին սպառնաց մեծ ուժ կիրարկել բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը փորձեն այդ քայլին դիմել, ըլլան անոնք ՏԱՀԵՇ-ի տարրերը, թէ Ռուսիոյ կամ Սուրիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժերը:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/463766

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail