Թուրքիոյ Նախագահականէն Նոյնպէս Արձագանգած են ԱՄՆ-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունման
30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետության (Հայաստան պետության) ՄԱԿ-ին անդամակցության վերաբերյալ»»
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն արձագանգած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ստորին պալատի՝ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Ալթուն գրած է Twitter-ի իր պաշտօնական էջին վրայ:
Ալթուն նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունումը խորապէս մտահոգիչ է բոլոր անոնց համար, որոնք կ՝արժեւորեն ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները: Ըստ անոր՝ անոնք որոնք կողմ քուէարկած են այդ բանաձեւին, պատասխանատու պիտի ըլլան անհանգիստ տարածաշրջանի մէջ ռազմավարական տեսանկիւնէ իրավիճակի վատթարացման համար:
Ֆահրետտին Ալթուն մասնաւորապէս ըսած է.
«Նախագահ Էրտողանը հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնն ու վշտակցութիւնը յայտնած էր: Ան միեւնոյն ժամանակ նշած էր, որ կ՝ուզէ պատմութեան յանձնաժողով հիմնել, որ պիտի ուսումնասիրէ առաջին համաշխարհային պատերազմին դէպքերը: Անընդունելի է, որ յանուն քաղաքական նպատակներու պատմութիւնը քաղաքականացուի: Մեր հայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կոչ կ՝ընենք իրենց պատմութիւնը ներքաղաքական հաշիւներու գործիք չդարձնելու: Հարիւրաւոր տարիներ մենք միասին կ՝ապրինք այս տարածաշրջանին մէջ: Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ արտաքին ուժերու միջամտութիւնները բաւականաչափ ցաւ պատճառած են տարածաշրջանին, իսկ ատիկա ոչ մէկ լաւ բան կը բերէ մեր յարաբերութիւններուն»:
yerakouyn.com/2019/10/30/թուրքիոյ-նախագահականէն-նոյնպէս-արձա/