Անդրադարձներ` Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրման

Անդրադարձներ` Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրման

31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ չորեքշաբթի օր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը` զայն անուանելով «ամօթալի»:

«Անոնք, որոնց ծրագիրները խախտած են, կը դիմեն հին բանաձեւերուն: Եթէ կը կարծեն, թէ այդ ձեւով վրէժ կը լուծեն, կը սխալին: Այս ամօթալի որոշումը որդեգրած են այնպիսի մարդիկ, որոնք պատմութիւնը կ՛օգտագործեն քաղաքականութեան մէջ, եւ մեր կառավարութեան ու ժողովուրդին համար այս որոշումը հաւասար է զերոյի», իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է նաեւ, որ այս որոշումը «կը հակասէ թէ՛ ամերիկեան, թէ՛ ալ միջազգային օրէնքին ու կասկածի տակ կը դնէ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ ատոր համար պատիժի մասին 1948 թուականի ուխտի սկզբունքները»:

Էրտողան. «Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մոռցած Են Հայկական Ահաբեկչութեան Մասին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման, նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «մոռցած են հայկական ահաբեկչութեան մասին»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահապեր» կայքը:

Էրտողանի համաձայն, Թուրքիան բացած է 1915 թուականին վերաբերող բոլոր արխիւները, իսկ հայերը «նոյնիսկ այդ պարագային չեն կրցած ապացուցել, որ ցեղասպանութիւն եղած է»:

Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ իրենք խստօրէն կը դատապարտեն Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի որդեգրումը:

«Այդ բանաձեւը Անգարայի համար ոչ մէկ իրաւական ուժ ունի: Թուրքիոյ խորհրդարանը պիտի պատասխանէ բանաձեւը որդեգրելու որոշումին», նշած է Էրտողան:

«Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովի ընթացքին բանաձեւի որդեգրման հանգամանքը կապած է 9 հոկտեմբերին թրքական բանակին Սուրիոյ հիւսիսը սկսած «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան հետ:

«Սեփական պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն գործողի, ստրկատիրական հասարակարգ ունեցողի, շահագործողի պիտակներով պետութիւնը Թուրքիոյ ո՛չ բառ մը ըսելու, ո՛չ ալ դաս տալու իրաւունք ունի», ըսած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ անդրադարձած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ որդեգրուած պատժամիջոցներուն` յայտարարելով, որ այդ նախագիծը «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան պատճառաբանութեամբ եւ անմիտ պնդումներով նպատակ ունի պատժամիջոցներ հաստատել իր անձին, ընտանիքին եւ նախարարներու դէմ:

Յիշեցնենք նաեւ, որ 13 նոյեմբերին կը նախատեսուի Էրտողանի այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ: Ան նշած է, թէ տակաւին այցելութեան նպատակայարմարութեան վերաբերեալ վերջնական որոշում չէ տուած:

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումէն ետք Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «ՀապերԹիւրք»-ը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ամերիկացի դիւանագէտին յայտնած են, որ Ներկայացուցիչներու տան որոշումը որեւէ վաւերականութիւն չունի եւ կը հակասէ «երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան»:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարութիւն հրապարակած է այդ նիւթին շուրջ:

Բանաձեւի որդեգրումէն կարճ ժամանակ ետք հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կը մերժէ «ներքաղաքական նպատակներով որդեգրուած` պատմական ու իրաւական հիմք չունեցող այս որոշումը»:

Անգարա կը վստահեցնէ, որ այդ բանաձեւը իրաւական ուժ չունի եւ միտուած է գոհացնելու Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին ու հակաթուրք շրջանակները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, շարունակելով պնդած է, թէ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ոչ թէ քաղաքականութեան, այլ պատմագիտութեան ուսումնասիրութեան առարկայ են, յիշատակած է 2005 թուականին պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու Անգարայի առաջարկը` աւելցնելով, որ Երեւան մերժած էր այդ առաջարկը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ այս բանաձեւը կրնայ վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն «միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան տեսանկիւնէն դժուար այս ժամանակաշրջանին մէջ»:

«Անկասկած, այս որոշումը կը ստուերէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ողջմտութիւնը եւ բացասականօրէն պիտի ազդէ թրքական հասարակութեան` Միացեալ Նահանգներուն վերաբերեալ ընկալումներուն վրայ», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Պայտըն. «Ընդունելով Ցեղասպանութեան Փաստը` Մենք Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցենք Զոհերու Յիշատակին Եւ Կ՛երդնունք` Այլեւս Երբեք»

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, 2020 թուականի նախագահական ընտրութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածուներէն Ճօ Պայտըն ողջունած է Քոնկրեսի ստորին պալատին կողմէ 29 հոկտեմբերին ձայներու մեծամասնութեամբ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումը:

«Կ՛ողջունեմ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 1915-1923 թուականներուն հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին որդեգրումը: Ընդունելով ցեղասպանութեան փաստը` մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք զոհերու յիշատակին եւ կ՛երդնունք` այլեւս երբեք», գրած է ան իր թուիթըրեան էջին վրայ:

Միջազգային Մամուլի Արձագանգը

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը, անդրադառնալով Քոնկրեսի ստորին պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, կը գրէ. «Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յարաբերութիւնները ճամբայ հարթեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումին համար:

«Անցեալ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1,5 միլիոն հայերու սպանութիւնը ցեղասպանութեան լաւագոյն փաստագրուած օրինակներէն մէկն է, որ կարելի է մինչեւ իսկ որակել «ցեղի ոչնչացման արշաւի» ժամանակակից նկարագրութիւն:

«Սակայն գրեթէ 100 տարի պահանջուեցաւ, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութիւնը ճանչնայ եւ հաստատէ, որ այդպիսի ոճրագործութիւն տեղի ունեցած է, եւ որ, ինչպէս բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այլեւս պէտք չէ առնչուի «Հայոց ցեղասպանութեան կամ որեւէ այլ ցեղասպանութեան ժխտման հետ»:

«Բանաձեւը, որ 29 հոկտեմբերին ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ տասնամեակներ տեւած, տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ արժողութեամբ (եթէ ոչ աւելի) աշխուժ լոպիինկի վախճանն էր»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» նաեւ կը նշէ, թէ Թուրքիան այլեւս կորսնցուցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան աջակցութիւնը, եւ «պատնէշը ճեղքուած է լոյսին տակ Թուրքիոյ դէմ առաջարկուող պատժամիջոցներուն, որոնք նոյնպէս երեքշաբթի հաւանութեան արժանացած են Ներկայացուցիչներու տան կողմէ»` նոր ազդակ հանդիսանալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին պնդումով` իրադարձութիւններու զարգացման հոլովոյթը այլ ընթացք ստացած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` այս ամսուան սկիզբը կատարած հեռաձայնային հաղորդակցութեան պատճառով: Առանց Քոնկրեսին հետ խորհրդակցելու` Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ համաձայնած հեռացնել Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ամերիկեան գրեթէ բոլոր զօրքերը եւ, ըստ էութեան, թրքական զօրքերուն թոյլ տուած էր ներխուժել քրտական յենակէտեր` յարձակելու իրենց վաղեմի թշնամիներուն դէմ, որոնք տարիներ շարունակ եղած են Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսին ժպտացած, հինգ վայրկեան դադար տուած է ու թօթուած ուսերը, երբ հարցուցած են, թէ արդեօք Թրամփի այդ քայլը դիւրացուցա՞ծ է ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը: Քոնկրեսականը պատասխանած է, որ Թրամփի` Թուրքիոյ «շնորհած կանաչ լոյս»-ին պատճառով թուրքերը կրնային նոր ցեղասպանութիւն գործել:

«Այսօր տեղի կ՛ունենան մարդու իրաւունքներու խախտումներ, որոնք կ՛արձագանգեն ժամանակի մէջ», իր կարգին յայտարարած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւ աւելցուցած, որ ատիկա անտեսելը անընդունելի է:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրման, կը գրէ. «Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Խորհրդանշական, սակայն պատմական քուէարկութիւն, որ իսկոյն արժանացաւ Թուրքիոյ դատապարտման»:

Լրատու գործակալութեան հաղորդումով` Անգարան այս հարցին մէջ օտարերկրեայ միջամտութիւնը կը նկատէ իբրեւ իր գերիշխանութեան ուղղուած սպառնալիք:

Տասնամեակներ շարունակ Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քայլերը կանգ առած էին, ինչ որ պայմանաւորուած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման մտավախութեամբ եւ Անգարայի կառավարութեան կողմէ աշխուժ լոպիինկով:

Սակայն վերջին ամիսներուն քոնկրեսականներուն վրդովեցուցած էր Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռք բերումը եւ բոլորովին վերջերս հիւսիսային Սուրիա թրքական զօրքի ներխուժման փաստը:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը մէջբերած է Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի խօսքերը. «Եթէ անցեալը անտեսենք, ականատես պիտի ըլլանք անցեալի սխալներու կրկնութեան»:

Օրաթերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ բազմաթիւ նահանգներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ձեռնպահ կը մնար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն` ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւն եղող Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները «չբորբոքելու» մտավախութեան պատճառով:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ. «Տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամն է, որ Ներկայացուցիչներու տունը այսպիսի միջոցներու կը ձեռնարկէ: Նախապէս այդպիսի փորձերը կը սահմանափակուէին մտավախութիւններով, թէ կրնան վնասել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները»:

«Պի.Պի.Սի.» կը մէջբերէ նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի խօսքը. «Մենք պիտի չըլլանք կուսակցութիւն մը, որ կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը, մենք պիտի չլռենք, մենք պիտի չմոռնանք»:

«Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` սատարելով նաեւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներուն» խորագիրով յօդուածին մէջ «Եուրոնիուզ» կը նշէ, որ խորհրդանշական, սակայն պատմական քուէարկութիւնը, հաւանաբար պիտի յանգեցնէ Թուրքիոյ հետ լարուածութեան:

«Վերջին 35 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ, ինչ որ ընդգծեց Քոնկրեսին հիասթափութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան նկատմամբ` թէ՛ Դեմոկրատականներու, թէ՛ հանրապետականներու կողմէ», նշուած է հրապարակումին մէջ:

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը յիշեցուցած է, որ 1981 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնալտ Ռիկընը պաշտօնապէս օգտագործած է ցեղասպանութիւն եզրը, սակայն անոր յաջորդող նախագահները հրաժարած են զայն կիրարկելէն: Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 49-ը տեղական մակարդակով պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն դաշնակցային առումով ճանաչում տակաւին տեղի չէ ունեցած: Այդուհանդերձ, լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ փաստացի ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը 1951 թուականին, երբ Ուաշինկթըն դիմած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան` ի պաշտպանութիւն զոհերու (հայերու, քրիստոնեաներու, հրեաներու եւ լեհերու):

«Թուրքիան աւանդաբար կը ժխտէ մեղադրանքները` Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած եւ ծայրայեղ ցաւագին կերպով կ՛արձագանգէ այդ հարցին», նշուած է ռուսական լրատուամիջոցի հրապարակումին մէջ:

Թրքական Մամուլի Արձագանգը

Թրքական «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը առած է չակերտներու մէջ եւ նշած, որ որդեգրուած բանաձեւը շուտով մուտք պիտի գործէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ բանաձեւի հեղինակ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ տակաւին ապրիլին յայտարարած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ իր աշխատանքներուն մասին:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը մերժէ Էտըմ Շիֆի բանաձեւը, որ տակաւին պէտք է անցնի Ծերակոյտէն:

Թրքական պետական լրատու գործակալութիւնը նաեւ յղում կը կատարէ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերտար Քըլըճին, որ իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է, թէ քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է «աշխուժ լոպիինկի հետեւանքով, ինչ որ հեռու է պատմական ճշմարտութենէն»:

Պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթը նշած է, որ բանաձեւի որդեգրումը ուղղուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու զոհերու յիշատակի յարգման, ինչպէս նաեւ անոր, որ ամերիկեան պետութիւնը պայքարի եւ այլեւս չարտօնէ ոչ մէկ ցեղասպանութիւն:

Շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն նշած է, թէ այս բանաձեւը «քաղաքականութեան պատմութեան մէջ ամէնէն ամօթալիներէն է», եւ Թուրքիան ցեղասպանութեան համար մեղադրողները «պէտք է նային իրենց պատմութեան»:

«Ենի Շաֆաք» օրաթերթը նիւթը վերնագրած է` «Գայթակղալից հարուած Միացեալ Նահանգներու կողմէ»:

Թուրք ազգայնականներուն պատկանող «Սէօզճիւ» գործակալութիւնը հրապարակած է որոշումին առնչութեամբ Թուրքիոյ նախագահականէն ստացուած առաջին արձագանգը: Մասնաւորաբար, նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն յայտարարած է, թէ բանաձեւի որդեգրումը «մտահոգիչ է որեւէ մէկուն համար, որ կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները»:

Ան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է նաեւ, որ որոշումը «կը հակասէ ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին»:

Փայլան. «Հայերու Վէրքերը Բուժող Միակ Խորհրդարանը Թուրքիոյ Խորհրդարանն Է»

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան թուիթըրեան իր էջին մէջ անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումին:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը տասնեակ խորհրդարաններէ ետք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսն ալ ճանչցաւ: Երկիրս հայ ժողովուրդի մեծ աղէտը 105 տարիէ ի վեր կը ժխտէ, այդ իսկ պատճառով մեր ցաւը դարձած է այլ երկիրներու խորհրդարաններու նիւթը: Հայ ժողովուրդի վէրքը ապաքինելու կարելիութիւն ունեցող միակ խորհրդարանը Թուրքիոյ խորհրդարանն է, որուն անդամն եմ ես», գրած է ան:

aztagdaily.com/archives/463878

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail