Քուէարկութիւն, Որուն Համար 19 Տարի Պայքարած Եմ. ԱՄՆ Քոնկրէսական Ադամ Շիֆ Յուզուած է Քոնկրէսի Մէջ Ելոյթի Ժամանակ (տեսանիւթ)

Քուէարկութիւն, Որուն Համար 19 Տարի Պայքարած Եմ. ԱՄՆ Քոնկրէսական Ադամ Շիֆ Յուզուած է Քոնկրէսի Մէջ Ելոյթի Ժամանակ (տեսանիւթ)

31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԱՄՆ հայամէտ քոնկրէսական Ադամ Շիֆ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ Twitter-ի իր էջին գրած է՝ հրապարակելով Քոնկրէսի մէջ իր ելոյթին տեսանիւթը:

«Ներկայացուցիչներու պալատը քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օգտին՝ քուէարկութիւն, որուն համար պայքարած եմ 19 տարի, որուն տասնամեակներ շարունակ սպասած են իմ հայ ու ամերիկացի ընտրողները: Մենք չենք մասնակցիր ցեղասպանութեան ժխտման: Մենք չենք լռեր: Մենք երբեք չենք մոռնար»,- գրած է քոնկրէսական Շիֆ:

Քոնկրէսի մէջ իր ելոյթի աւարտին Ադամ Շիֆի ձայնը դողացած է, ան կարճ դադար առած է՝ ելոյթը աւարտելու համար։

The House just voted to recognize the Armenian Genocide – a vote I fought for 19 years to make possible, that tens of thousands of my Armenian American constituents have waited decades to see.

We will not be party to genocide denial. We will not be silent. We will never forget.

 

 

yerakouyn.com/2019/10/30/քուէարկութիւն-որուն-համար-19-տարի-պայքա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail