Որո՞նք Են Ճանաչման Յետագայ Փուլերը. Կը Մեկնաբանէ Էլիզապեթ Չուլճեանի
31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Յետագան պէտք է ըլլայ ԱՄՆ Սենատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունումը, որ կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ այդ առումով: Ի վերջոյ, ԱՄՆ նախագահն է, որ կ՛իրականացնէ երկրի քաղաքականութիւնը, բայց Քոնկրեսը կարեւոր դեր ունի այդ քաղաքականութեան ձեւաւորման գործին մէջ, Yerkir.am-ի հարցումին, թէ զուտ իրաւականօրէն որո՞նք պիտի ըլլան ճանաչման յետագայ փուլերը, որպէսզի համարուի, որ ԱՄՆ-ն վերջնականօրէն եւ լիարժէք ճանչցած ու դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պատասխանեց ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի մամուլի պատասխանատու Էլիզապեթ Չուլճեան:
Յիշեցնենք, որ ձայներու` 405 կողմ, 11 դէմ յարաբերակցութեամբ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւը:
Էլիզապեթ Չուլճեանի խօսքով` ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի հաստատումը կարեւոր քայլ էր Թուրքիոյ «վեթօ»ն դադրեցնելու համար:
«Նպատակը կայուն ճանաչման քաղաքականութիւն ապահովելն է, որ կ՛աւարտի ԱՄՆ-ի մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ Ցեղասպանութեան ժխտման գծով»,- նշած է ան:
yerakouyn.com/2019/10/31/որո՞նք-են-ճանաչման-յետագայ-փուլերը-կը/