Թիւ 296 Բանաձեւին Որդեգրման Առիթով․- Մեծ Իրագործումը Պէտք է Պսակուի Կատարեալ Յաղթանակով
31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան որդեգրած թիւ 296 բանաձեւը, որ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուեցաւ, անկասկած կարեւոր յաղթանակ մըն է՝ Ամերիկայի Հայ Դատի մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ ամերիկահայ տինամիք գաղութին համար, որովհետեւ տքնաջան լոպիինկի արդիւնք է քուէարկութեան նման պատկեր մը։
Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական հոլովոյթին մէջ անկիւնադարձ մըն է 1951-ին ամերիկեան կառավարութեան կողմէ Միջազգային Ատեանին ներկայացուած փաստաթուղթը, ուր առաջին անգամ ըլլալով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը օրինակ կը բերուի եւ կը համարուի ցեղասպանութեան ցայտուն պարագայ մը։ Այս փաստաթուղթին յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին ճիշդ է, որ ամերիկեան պետական վարչամեքենային բաղկացուցիչ տարբեր հաստատութիւններ տարբեր առիթներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր առած են, սակայն պէտք է ի մտի ունենալ, որ ամերիկեան գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները ամբողջականօրէն եւ միատարր կեցուածքով մը մինչեւ այսօր չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Եթէ Ներկայացուցիչներու Տունը երկու անգամ՝ 1975-ին եւ 1984-ին յաջորդաբար թիւ 148 եւ 247 բանաձեւերու, իսկ 1996-ին եւ 2004-ին փոփոխութեան երկու նախագիծերու որդեգրմամբ յստակ կեցուածք ճշդեց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման իմաստով, վարչակարգը՝ նախագահով, արտաքին գործոց նախարարով եւ նախարարութեան տարբեր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներով, խոչընդոտեց օրէնքի վերածման ճիգերը, յատկապէս արգելակելով բանաձեւերուն եւ օրէնքի բարեփոխման նախագիծերուն Ծերակոյտին կողմէ քննարկումը, պատճառաբանելով աշխարհաքաղաքական շահեր, ծրագրեր եւ նպատակներ։
Գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու մակարդակի վրայ նման քաղաքականութեան եւ կեցուածքի դրսեւորման լաւագոյն օրինակը նախկին նախագահ Ճերըլտ Ֆորտն է, որ 1965-ին, երբ քոնկրէսական էր, Հայոց Ցեղասպանութեան յիսուն ամեակին առիթով յայտարարեց, որ «խառն զգացումներով կը նշենք հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան յիսուն ամեակը»։ Տասնամեակ մը ետք, Ֆորտ, որ նախագահ էր, արգելակեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 148 բանաձեւին Ծերակոյտին կողմէ քննարկումը, ուժգնօրէն հակառակելով անոր։Յստակ էր, որ հաշուի առնուած էին Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքական շահերը։
Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ 1984-ին թիւ 247 բանաձեւն ալ նոյն ճակատագրին ենթարկուեցաւ, երբ Ծերակոյտին կողմէ արգելակուեցաւ եւ բնաւ չվաւերացուեցաւ։ Ծերակոյտը նոյնպէս արգելակեց Արտաքին Գործողութիւններու Յարմարեցման Օրէնքի Բարեփոխման երկու նախագիծեր՝ 1996-ին եւ 2004-ին։ Երկու նախագիծերն ալ կը վերաբերէին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։
Այս արգելակումներուն մէջ յատկանշական եղաւ թրքական լոպիինկին ծաւալած աշխատանքը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յիսուն ամեակին, երբ 1975-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Մելիհ Էշենպել հանդիպում մը ունեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Թոմըս Օ’Նիլի հետ` զայն համոզելու, որ հրաժարի թիւ 148 բանաձեւին զօրակցելէ։ Տեղին է նշել,որ Օ’Նիլ սերտ բարեկամն էր ամերիկահայ հռչակաւոր գործարար եւ մարդասէր Ստեփան Մուկարի։
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը քաղաքական լուրջ հետեւանքներ ունեցող կեցուածք է՝ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նման գերտերութեան մը պարագային եւ այս իրողութեան խորապէս գիտակից նախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները ամէն ճիգ կը թափեն եւ վստահաբար պիտի թափեն նաեւ ապագային, որպէսզի ճանաչումը չկատարուի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու մակարդակներով։ Բայց ասիկա բնաւ չի նշանակեր, որ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ թիւ 296 բանաձեւին քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրումը կարեւոր յաղթանակ մը չէ։ Ընդհակառակը, քուէարկութեան պատկերն իսկ ցոյց կու տայ, որ Ամերիկայի հայ դատի մարմինները եւ յանձնախումբերը ինչ տարողութեամբ հսկայական եւ անդուլ աշխատանք կատարած են, որպէսզի գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրուի բանաձեւը։
Կը մնայ յուսալ, որ այս բանաձեւն ալ նախորդներուն ճակատագրին չենթարկուի։ Այսինքն՝ աշխարհագրաքաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական շահերը եւ ծրագրերը աւելի ծանր չկշռեն՝ արդարութեան դիմաց։ Ակնկալութիւն մը, որ իսկապէս քիչ մը երազային կը թուի, մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ։
Ա.Ա.
yerakouyn.com/2019/10/31/թիւ-296-բանաձեւին-որդեգրման-առիթով․-մեծ/