ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Vox Populi, Vox Dei*» «Ժողովուրդին Ձայնը Աստուծոյ Ձայնն Է»

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Vox Populi, Vox Dei*» «Ժողովուրդին Ձայնը Աստուծոյ Ձայնն Է»

31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Մօտ երկու շաբաթէ ի վեր Լիբանանը կ՛ապրի փոթորկալից օրեր` քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ի վեր հաւանաբար ամէնէն շռնդալից ժողովրդային պոռթկում մը: Մօտ երկու միլիոն ցուցարարներ, ճամբաները փակելով, «քաղաքակիրթ» կերպով կ՛ըմբոստանան ընդհանուր քաղաքական վարչակարգին դէմ` այն պատճառաբանութեամբ, թէ անոնք են պատասխանատուն ժողովուրդին եւ երկրին ընդհանուր վատ եւ աղիտալի տնտեսական վիճակին:

Թէեւ առաջին անգամ չէ, որ ցուցարարները զանգուածային կերպով ճամբայ կ՛իջնեն, բայց ստոյգ կերպով կրնանք հաստատել, որ այս անգամ եղածը տարբեր բնոյթ մը ունի, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ, դաւանանքի, յարանուանութեան, քաղաքական-կուսակցական պատկանելիութիւններ անտեսելով, ժողովուրդը միացած է եւ ոգի ի բռին ճամբայ իջած` նպատակ ունենալով յեղաշրջել ամբողջ քաղաքական կազմը:

Այս երեւոյթը մեզի յոյժ կը մտահոգէ` ի մտի ունենալով Լիբանանի մեր հայ քոյրերն ու եղբայրները, ազգային մեր ամբողջ կառոյցները` դպրոցներով, եկեղեցիներով ու ակումբներով, եւ ի մասնաւորի Անթիլիասի մէջ գտնուող Կիլիկիոյ կաթողիկոսական սուրբ աթոռը:

Վերջին մօտ տասը-տասնհինգ տարիներուն ընթացքին պատմական իմաստով բազմաթիւ ցոյցեր տեղի ունեցան: Կ՛արժէ յիշել քանի մը հատը` նոյեմբեր 2003-ին, Վրաստանի մէջ «Վարդերու յեղափոխութիւն»-ը, փետրուար 2005-ին Խըրխըզիստանի մէջ «Կակաչներու յեղափոխութիւն»-ը, դեկտեմբեր 2010-ին Թունուզի մէջ «Յասմիկներու յեղափոխութիւն»-ը, յունուար 2011-ին Եգիպտոսի յեղափոխութիւնը, իսկ անշուշտ մայիս 2018-ին Հայաստանի մէջ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը:

Վերոյիշեալ յեղափոխութիւնները ստոյգ կերպով պոռթկում էին իրաւազրկուած, անտեսուած, ոտնակոխուած, անարգուած ժողովուրդին կողմէ` փտած, գերիշխան, մենաշնորհեալ, բռնակալ, խաբեբայ ղեկավար վարչակազմի մը դէմ: Այս տեսակի յեղափոխութիւններ հզօր են իրենց արդար պահանջով, հզօր են իրենց խաղաղասէր ոճով, հզօր են իրենց ժողովրդային անհամար փաղանգներով, նաեւ հզօր են դաւանանքային գունաւորումներով, որոնք միասնաբար կը գոռան մէկ պահանջք հետապնդելով` ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ:

1789-ին Ֆրանսական յեղափոխութեան հայր Մաքսիմիլիէն Ռոպեսփիեռ ըսած է. «Ձուածեղ պատրաստելու համար հաւկիթ պէտք է կտրենք»` ակնարկելով, որ նման պարագաներու ժողովուրդի արիւնը կրնայ հոսիլ: Իսկ չինական ասացուածքը կ՛ըսէ. «Հազար մղոննոց քայլարշաւը կը սկսի մէկ քայլով», այսինքն սկսիլն է կարեւորը, թէկուզ ճանապարհը շատ երկար ըլլայ:

Լիբանանը այսօր անկասկած եւ անհերքելի կերպով կ՛ապրի ճակատագրական օրեր: Յուսանք, որ այս յեղափոխութիւնը խաղաղօրէն հասնի իր նպատակին եւ ոչ թէ կայծը դառնայ երկրորդ քաղաքացիական տխուր պատերազմի մը:

Կ՛աւարտեմ այս գրութիւնը` ազդուած Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դաստիարակիչ խօսքերէն.

«Պէտք չէ ճնշել ժողովուրդը,
Պէտք չէ անտեսել ժողովուրդը,
Պէտք չէ կեղեքել ժողովուրդը,
Պէտք է լսել ժողովուրդը,
Պէտք է ծառայել ժողովուրդին,
Պէտք է ընդառաջել ժողովուրդի կարիքներուն:
Ժողովուրդն է գերագոյն ուժը` միշտ ենթակայ գերագոյն ուժին»:

28 հոկտեմբեր 2019

*Պատմական խօսքեր` լատիներէն լեզուով արտասանուած, Քանթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ուոլթըր Ռէյնոլտսի կողմէ 1327-ին, երբ քննադատեց եւ դատապարտեց Էտուարտ Բ. թագաւորը:

ARARAD MASIS ARMENIA Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

erakouyn.com/2019/10/31/թիւ-296-բանաձեւին-որդեգրման-առիթով․-մեծ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail