Նախագահ Ասատ. «Սուրիահայութիւնը Գերազանցապէս Հայրենասիրական Մօտեցումով Յատկանշուող Օրինակելի Բաղադրիչը Դարձաւ Սուրիական Ընկերութեան»

Նախագահ Ասատ. «Սուրիահայութիւնը Գերազանցապէս Հայրենասիրական Մօտեցումով Յատկանշուող Օրինակելի Բաղադրիչը Դարձաւ Սուրիական Ընկերութեան»

02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահութեան կայքը, վկայակոչելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հարցազրոյցը պաշտօնական կարգ մը լրատուամիջոցներու հետ, յայտնեց, որ նախագահը պարզած է Սուրիոյ դերակատարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատիի սպանութեան մէջ:

Ան նաեւ անդրադարձած է քրտական հարցին, թուրք-ռուսական համաձայնութեան շուրջ Դամասկոսի դիրքորոշումին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ նախապէս տեղի ունեցած կամ յառաջիկային ակնկալուող հանդիպումներուն:

Նախագահ Ասատ յայտնած է, որ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Ռուսիոյ մօտեցումները հիմնուած էին միջազգային օրէնքին, Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման վրայ` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ կեցուածքը փոփոխութիւն չէ կրած, իսկ ռուս-թրքական համաձայնութիւնը ժամանակաւոր է, կարելի է զայն դրական քայլ նկատել: Քայլ մը, որ թէեւ մեր բոլոր ակնկալիքները չ՛իրականացներ, սակայն վնասները կը նուազեցնէ եւ մօտիկ ապագային շրջանը ազատագրելու ուղին կ՛ուրուագծէ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

«Ռուսիան թուրք-ամերիկեան համաձայնութեան մաս չի կազմեր: Ռուսական քաղաքականութեան մէջ անհասկնալի դիրքորոշումներ չկան, ինչ որ դրական կը նկատենք»:

Սուրիոյ նախագահը, խօսելով սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներուն եւ պատերազմի տարիներուն անոնց ցուցաբերած կեցուածքին մասին, սուրիահայ համայնքը բաղդատած է սուրիական ընկերութեան այլ բաղադրիչներու հետ ու ըսած.

«Ո՞վ էր այն վերջին բաղադրիչը, որ միացաւ սուրիական ընկերութեան հիւսուածքին:

Հայութիւնն էր. հայութիւնը նախ եւ առաջ հայրենասիրական մօտեցումով յատկանշուող օրինակելի բաղադրիչը դարձաւ սուրիական ընկերութեան: Այս ճշմարտութիւնը կտրականապէս փաստեց Սուրիոյ պատերազմը: Այս բաղադրիչը ունի իր սեփական միութիւնները, եկեղեցիները, մանաւանդ դպրոցները® Եթէ հայկական որեւէ տօնակատարութեան ներկայ ըլլաք, նոյնիսկ հարսանիքի (ես ունեցած եմ հայ բարեկամներ եւ նախապէս ներկայ եղած եմ հայկական ձեռնարկներու), պիտի տեսնէք, որ անոնք կ՛երգեն ազգագրական երգեր, բայց աւարտին` անպայման հայրենասիրական, քաղաքական բնոյթ կրող երգեր: Ասկէ աւելի ազատութիւն գոյութիւն ունի՞: Աւելի՛ն ըսեմ` սուրիահայութիւնը, համեմատած աշխարհասփիւռ հայութեան հետ, ամէնէն քիչ ձուլուող բաղադրիչն է այստեղ: Ան շաղախուեցաւ սուրիական ընկերութեան, սակայն պահպանեց իր իւրայատկութիւնները»:

Նախագահը աւելցնելով ըսաւ. «Ինչո՞ւ ուրեմն, այստեղ լայնամիտ ենք, այլ տեղ` չենք: Որովհետեւ այլ տեղեր անջատողական խմորումներ կան: Մենք հպարտ ենք սուրիական բազմերանգ ընկերութեամբ: Բազմազանութիւնը հարստութիւն է, ուժ է, բայց բազմազանութիւնը մէկ բան է, երկիրը քայքայելը` այլ բան: Մեր արդար իրաւունքն է պահպանել մեր երկրին տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդին միասնութիւնը»:

«Պատերազմի Ընտրանքին Պիտի Դիմենք, Եթէ Քաղաքական Հոլովոյթը Արդիւնք Չտայ»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իտլիպի մէջ քայլ առ քայլ տեղի ունեցող ազատագրումը քաղաքական բոլոր առիթներու սպառումէն ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սուրիոյ հիւսիսին մէջ»:

«Եթէ քաղաքական հոլովոյթը, իր տարբեր ձեւաչափերով, արդիւնք չտայ, Սուրիան պիտի դիմէ պատերազմի ընտրանքին, եւ չկայ այլընտրանք», նշեց Սուրիոյ նախագահը:

Ան ըսաւ, որ Եփրատի արեւելեան ափին վերաբերեալ ռուս-թրքական համաձայնութիւնը «ժամանակաւոր է եւ սանձելու համար թրքական ախորժակները եւ ամերիկացիներուն ճամբան փակելու համար»` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնը «դրական քայլ մըն է վնասները նուազեցնելու, եւ շրջանի ազատագրման ճամբան կը հարթէ»:

Սուրիոյ նախագահը նշեց, որ Իտլիպի մէջ կռուող բոլոր տարրերը թրքական բանակի անդամ են` թէկուզ Քայիտա կամ Ահրար Շամ կոչուին:

aztagdaily.com/archives/464192

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail