Թուրքիա Ռուսիոյ Յանձնած Է 18 Գերեվարուած Սուրիացի Զինուորներ
02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»
Թուրքիա յայտարարած է, որ 18 գերեվարուած սուրիացի զինուորներ յանձնած է Ռուսիոյ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը:
Սուրիացի զինուորները գերեվարուած էին Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Ռաս Ուլ Այն բնակավայրին մէջ, ուր հսկողութիւն կը կատարեն թուրք զինուորները: Անոնց գերեվարման մասին յայտնի դարձած էր 29 հոկտեմբերին:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիան բանակցութիւններ կը վարէ Ռուսիոյ հետ` գերի ինկած 18 սուրիացի զինուորները ռուսական կողմին յանձնելու հարցին շուրջ:
Կը հաղորդուի, որ գերիներէն երկուքը վիրաւոր էին եւ ստացած են համապատասխան բժշկական օգնութիւն:
aztagdaily.com/archives/464213