Ռուսիան Լրացուցիչ 300 Զինուոր Եւ 20 Զրահապատ Մեքենայ Ուղարկած Է Հիւսիսային Սուրիա

Ռուսիան Լրացուցիչ 300 Զինուոր Եւ 20 Զրահապատ Մեքենայ Ուղարկած Է Հիւսիսային Սուրիա

02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

Ռուսիան լրացուցիչ 300 զինուոր եւ 20 զրահապատ մեքենայ ուղարկած է Սուրիոյ հիւսիս, ուր զինուորական ոստիկանութիւնը թրքական կողմին հետ պիտի սկսի սահմանամերձ շրջաններու մէջ հսկողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Ռուս զինուորականները ամէն օր պիտի անցնին ոչ նուազ քան տասը բնակավայրէ: Այժմ կը նախագծուին միացեալ վերահսկողութեան ուղիները:

Նախատեսուած վայրերուն մէջ ռուսական «Թիկր» զրահապատ մեքենան պիտի դիմաւորէ թրքական շարասիւնը, որմէ ետք պիտի սկսի հսկողութիւնը:

Հսկողութեան հինգ ժամուան ընթացքին պէտք է յաղթահարել շուրջ 150 քիլոմեթր:

Յիշեցնենք, որ 9 հոկտեմբերին Էրտողան յայտարարած էր Սուրիոյ հիւսիսը «Խաղաղութեան աղբիւր» զինուորական գործողութեան մեկնարկին մասին:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/464211

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail