Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Քաղաքական Կեանքը Վերսկսող Պարն Է Սուտի, Կեղծիքի, Խոստումի, Յուսախաբութեան Եւ Երազի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Քաղաքական Կեանքը Վերսկսող Պարն Է Սուտի, Կեղծիքի, Խոստումի, Յուսախաբութեան Եւ Երազի

02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Քաղաքականութիւնը սուտի, խորամանկութեան, հմայքի եւ դաւի արուեստ մըն է: Եւ խոստումը, ի միջի այլոց, գործիք մըն է կառավարելու խուժանը, որ իր բնութեամբ դիւրահաւատ է:

ՎԵՆՍԱՆ ՓԷՅՈՆ*,
ժամանակակից իմաստասէր, պետական դէմք

Կամայ թէ ակամայ, հանդիսատես եւ դերակատար ենք Ֆրանսայի դեղին բաճկոնաւորներէն Չիլի, Լիբանան, Գերմանիա, Իրաք, Հոնկ Քոնկ եւ այլուր յոյսի ցոյցերու, նաեւ` մեր Հայաստանը, քաղաքականութիւն, երազներով եւ խոստումներով, կրկնելով ամբոխահաճութեան (populisme) եղանակները, յար եւ նման` ափրիկեան տափաստաններու վրայ հեռուէն հնչող եւ լսուող թամ-թամի, որ այնքա՜ն ներշնչող էր ափրիկեցի բանաստեղծ Լէոփոլտ Սետար Սենկորին համար: Այսպէս է աշխարհի վերսկսող բանը:

Քաղաքականութեան մէջ խոստումները սովորական են, ընդունուած եւ քննադատուող խաղ, երկսայրի սուր, քանի որ անոնց կատարման փաստի վրայ կը դատուի ղեկավարը: Թէեւ հանրութեան յիշողութիւնը կարճ եղած է միշտ, քանի որ կը մոռցուի խոստացուածը եւ նորով կը փոխարինուի, որ իր կարգին պիտի մոռցուի: Բայց քաղաքական փառասիրութիւն ունեցողը ինչպէ՞ս կրնայ ներկայանալ հանրութեան` առանց խոստումներու:

Քաղաքականութիւնը, սկզբունքային մօտեցումով, հանրային ծառայութիւն է, բայց հինէն ի վեր ան իւրայատուկ արուեստ մըն է, ինքնատիպ ալշիմի մը` սուտի, խորամանկութեան, համոզելու արուեստի, գրաւիչի, լքումներու, դիմաշրջումներու եւ դաւերու: Այսինքն` բեմը հին Յունաստանի իմաստակներուն (sophistes), որոնք կրնային միաժամանակ փաստարկել իրարու հակադիր կարծիքներու ի նպաստ:

Քաղաքականութիւնը փառասիրութիւններու թատրոն է, ուր կողք կողքի կը գտնենք լաւը եւ վատը, կարողը եւ անկարողը, իմաստունը եւ հտպիտը, յաճախ` նոյն անձին մէջ, բոլորն ալ` ըստ տուեալ պահու: Անկարելի է ինքզինք խաբել, դիւրին է ուրիշը խաբել, ազնիւ ըլլալու համար ըսենք` ուրիշը երազներով օրօրել: Ընկերաբանութիւնը կը սորվեցնէ, որ մարդիկ, երբ կը խմբուին մեծ թիւերով, կը յայտնուին ամբոխային տրամաբանութիւնը եւ տրամադրութիւնը, քայլ մը անդին` հաւաքականութիւնը կը դառնայ խուժան: Մեզմէ ո՛չ ոք, երբ առանձին է, վաճառատան մը ապակափեղկը չի ջարդեր: Երբ ամբոխին մէջ ենք, կը վարակուինք դատողութեան կորուստով, եւ բնական կը դառնայ ջարդել եւ չարանալ:

Պարզ կը թուի այն, որ առաջնորդելու համար հաւաքականութիւնները եւ զանոնք կառավարելու, անոնցմէ լսուելու, մարդուն չափ հին միջոցը եւ ճանապարհը խոստումն է: Մեծամասնութեամբ, հաւաքականութիւնը միամիտ է, դիւրին կը հաւատայ: Նոյնիսկ երբ իրերայաջորդ փորձերը ցոյց կու տան, որ խոստումները չեն իրականանար, անոնք կը փոխարինուին քննադատութիւններով եւ արդարացումներով, որոնց կը յաջորդեն նոր խոստումները: Այսինքն այսօրուան քաղաքական ղեկավարը կամ անոր մրցակիցը միշտ ալ ստիպուած են խոստումներ ընել, երազ ծախել` ժողովուրդի ակնկալութիւնները մշուշով բաւարարելու համար:

Ժողովրդավարութիւնը ինքզինք կը դիեցնէ եւ կը հաստատէ յաջորդական ընտրութիւններով, ուր մէկ անձ մէկ ձայն մարդկային հաւասարութիւնը եւ արդարութիւնը կը գերիշխէ: Սկզբունք է: Քաղաքական ղեկավարը, կամ ըլլալու յաւակնողը, այդ մէկ անձ մէկ ձայնի գումարումին պէտք ունի: Մէկ անձ մէկ ձայնով կազմուող հաւաքականութիւնները ակադեմիա չեն, գիտական կաճառներու անդամներէ չեն բաղկանար, անոնք դիւրաւ կը թափանցուին անմիջականով եւ անմիջական հասկնալիով, այս պատճառով ալ պարարտ ենթահող են որպէս իրականութիւն ընդունելու խոստումները, նոյնիսկ երբ անոնք պարզ ողջախոհութեամբ անիրականանալի թուին, կամ պարզապէս ստայօդ հնարանքներ են:

Եթէ մարդիկ հետեւէին գիտականօրէն կազմակերպուած հարցախոյզերու արդիւնքներու հոլովոյթին, աւելի իմաստուն կ՛ըլլային: Քաղաքացիներու մեծամասնութեան կողմէ ընտրուած ղեկավարի մը 70%, 60%, 50%+1 ձայները մոմի պէս կը հալին, քանի որ խոստումները չեն իրականանար, կամ չէին կրնար իրականանալ, քանի որ անոնք վաճառուած էին որպէս երազ կամ պարզապէս շինծու էին: Բայց խաղը կը շարունակուի, նախկին խոստացողը կամ հրապարակ կու գայ նոր խոստումով, կամ նոր խոստացող մը նոր խոստումով կը յաւակնի նախկինը փոխարինել: Այսպէս է, որ ժողովրդավարութիւնը ինքզինք կը գտնէ իր հակասութեան մէջ, որ բոլոր մակարդակներու վրայ յայտնուող ամբոխահաճութիւնն է (populisme):

Մարդկայնութեան (humanisme) արտայայտութիւն ժողովրդավարութիւնը, որ տեսական հաւասարութեան կենսագործումն է, ինքզինք կը կրծէ ամբոխահաճութեան խոստումներու ճահիճին մէջ, ինչ որ յաճախ ծնունդ կու տայ մենատիրութիւններու եւ բռնապետութիւններու` նախախնամական համարուող, կամ իրենք զիրենք այդպէս համարող առաջնորդներու ենթարկուելով:

Քաղաքական կեանքի մէջ խոստումները նախ կը մոռցուին խոստացողին կողմէ, իսկ հանրային կարծիքը ինք կը սկսի արդարացումներ փնտռել, երբ խոստումները կը մոռցուին: Մէկ բան որոշ է, որ խոստումներու հաւատացողը այս կամ այն ձեւով միամիտ է, եւ ամբոխավարները կը չարաշահեն անոր դիւրահաւատութիւնը: Հետեւաբար խոստումներու հաւատալէ եւ զանոնք ծափահարելէ առաջ քաղաքացին պէտք է ցուցաբերէ քննական վերաբերում, ինչ որ իրաւ ժողովրդավարութեան յաղթանակին համար իտէալական նախապայման է: Քաղաքացին այդ պէտք է ընէ չկորսուելու համար ամբոխային կիրքի մէջ, որ, վերջին հաշուով, կրնայ միայն բացասական եւ քանդիչ հետեւանքներ ունենալ: Ղեկավարին (ամբոխավարին) խոստումը սնուցիչն է ամբոխի կիրքերուն:

Քաղաքական դիրքի ձեռքբերման ձգտողը, որ պէտք ունի քուէի, կրնա՞յ խոստումներ չընել` միաժամանակ քննադատելով իր նախորդները կամ մրցակիցները: Այլ խօսքով, խոստում-կեղծիքը քաղաքականութեան ծիներուն մաս կը կազմէ ներազգային ճակատի վրայ եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Քաղաքական սուտը կամ երազ ծախող խոստումները կրկնուող, յուսախաբ ընող եւ քննադատուող, ընկերաքաղաքական կեանքի բնական արտայայտութիւններն են, կային երէկ, պիտի ըլլան վաղը: Անոնք ընկերաքաղաքական կեանքի շնչառութեան մաս կը կազմեն: Վհատեցնող է այս ըսել, բայց այլընտրանք չկայ, երբ ղեկավարը կ՛ուզէ ամբոխը գրաւել:

Այդպէս է, որ քաղաքական խոստումները կը փոխակերպուին սուտի, նոյնիսկ երբ համոզումով ըսուած ըլլան: Հետեւանքը յուսախաբութիւնն է, որ ինքզինք կը թարմացնէ նոր խոստումներով, որոնք նախապայման են քաղաքական կեանքի թարմացման եւ շարունակման համար:

Առանց երազի եւ խոստումներու` ընկերային կեանքը կը ճապաղի, կը դառնայ միապաղաղ: Թերեւս այս պատճառով ալ ոմանք մտածած են վիճակով այս կամ այն քաղաքացին դարձնել ղեկավար` առանց անցընելու խոստումներու եւ քուէի բովէն:

Ի դէպ, կրնա՞ք երեւակայել քաղաքական վիճարկում եւ մրցակցութիւն` առանց խոստումներու, որոնք կոչուած են պահ մը շլացնելու իր քուէի թերթիկին տէրը:

Այս խոստում-յուսախաբութիւն խաղէն անդին, որ դեռ դրական է, քանի որ քուէարկողը պահ մը ինքզինք դերակատար եւ մասնակից կը զգայ իր եւ իր շրջապատի կեանքի տնօրինման, կան հաւաքականութիւններ, ուր այս նուազագոյն երազն անգամ կը խամրի, երբ կը հաստատուի աւատապետական-ընտանեկան-էսթեպլիշմընթային դրութիւն, ուր զաւակը կը յաջորդէ իր հօր, եւ այդպէս` շարունակ, կամ տնտեսական ազդակները հակակշռողներ կը պարտադրեն իրենք զիրենք, կրնանք նոյնիսկ ըսել` գնելով իրաւունքներ: Եւ դեռ շահակցութիւններու համադրումով տեղի կ՛ունենան մեքենայութիւններ, քոմպինացիա:

Իսկ ողբալի են ճահճացած այն ընկերութիւնները, ուր էսթեպլիշմընթը ինքզինք կը նորոգէ` ստեղծելով այն առասպելը, որ իրմէ լաւը չի կրնար ըլլալ, որ` ինք գիտէ, ինք փորձ ունի, եւ ինք ալ կը հաւատայ իր ըսածին: Եւ քաղաքականութիւնը, որ կոչուած է ըլլալու հանրային ծառայութիւն, կը դառնայ վարչագիտութիւն եւ դիւանակալութիւն` անկարելի դարձնելով վերանորոգումը: Նման կացութիւնները ծնունդ կու տան նորի եւ խոստումի կարգախօսներով յեղափոխութիւններու:

Տխրութեամբ պէտք է հաստատել, որ այսօր, քսաներորդ դարու քաղաքական-գաղափարական-իմաստասիրական միտքերու բախումներու եռուն մթնոլորտի բացակայութեան պատճառով, կարծէք, կասած է ընկերաքաղաքական միտքի յառաջընթացը: Քաղաքականութիւնը դարձած է ներդրում, հաշուապահութիւն, տնտեսութիւն` առանց վաղուան երազի, կամ պարզապէս` աթոռապաշտութիւն, մարդիկ, որոնք վասն երեւելիութեան, ինչպէս ըսած էր այդ սէրը ունեցող մը, դասարան փոխելու, վեր ելլելու կը ձգտին, բայց չէր ըսած, թէ ի՛նչ ընելու համար:

Քաղաքական դիրքերու ձգտողը խոստումներ պիտի ընէ, շարքային քաղաքացին իր կեանքը եւ իր երկիրը բարելաւուած տեսնելու յոյսով պիտի լսէ խոստումը` վերապահութեամբ կամ հաւատք ընծայելով: Երկուքին միջեւ կայ ուժ մը, որուն վիճակուած է կարեւոր դեր, լայն առումով մամուլը, որուն դերը ճակատագրական է երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համար, եթէ դրական կերպով ըլլայ ազատ, անկողմնակալ, լուսաւորութեան իսկական ծառայութիւն, ոչ գնուած-վաճառուած գաղափարներու կրպակ:

Այս` ընդհանրապէս:

Բայց նաեւ` մեզի համար: Հայաստան եւ սփիւռքներ:

Այս ձեւ ըմբռնուած մամուլը կրնա՞յ ըլլալ խոստում, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ո՛չ յաւելեալ շահի եւ իրաւունքի համար, այլ որպէս ծառայութիւն` մարդուն, երկրին, ժողովուրդին, ազգին:

Այս կարգի մտածումները մենախօսութեան շրջանակէն դուրս պէտք է բերել` քաղաքական-ընտրական բարքերու, յաւակնութիւններու եւ իշխանութիւններու վերարժեւորումներով, նոյնիսկ եթէ այդ ընելու համար գին պէտք է վճարել:

Կարելի կ՛ըլլա՞յ անփոխարինելիութիւնները, նախախնամականը եւ աւատապետական կարգերու յաւերժացումները լրջագոյն ձեւով քննել, դատել եւ առանց ճապկումներու սրբագրել:

Մեզի ժամանակակից իմաստասէր եւ քաղաքական դէմք Վենսան Փէյոն իր «Խոստումը» գիրքին մէջ կը գրէ. «Իշխանութեան տիրանալու համար քաղաքական մարդը խոստումներ կ՛ընէ, ապա իշխելու համար անոնց կը դաւաճանէ, եւ վերջապէս, իշխանութեան վերատիրանալու կամ զայն պահելու համար նոր խոստումներ կ՛ընէ» (էջ 22)**:

Այս միտքերու լոյսին տակ կողմնորոշուող մարդը եւ ընկերութիւնը կրնան յուսալ, որ վաղը թերեւս այսօրուընէ լաւ կ՛ըլլայ:

Եւ պէտք է գիտնալ կանգ առնել եւ լսել իմաստունները: Փոլ Վալերի ըսած է. «Դիւրահաւատութիւն եւ սուտ կը զուգաւորուին եւ ծնունդ կու տան կարծիքին»:

Խոստումներու կարծիքին, որ մնայուն չէ, փոփոխական է: Հետեւաբար ձեռքէ չհանել ողջախոհութիւնը, որ գիտակից քաղաքացիին առաքինութիւնը պէտք է ըլլայ:

29 հոկտեմբեր 2019, Նուազի-լը-Կրան

aztagdaily.com/archives/464161

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail