Խմբագրական. Միացեալ Նահանգներու Բանաձեւը Ունի Կիրառական Բաժին

Խմբագրական. Միացեալ Նահանգներու Բանաձեւը Ունի Կիրառական Բաժին

02 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԼԽԱՒՈՐ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: Կարդալ նաեւ, ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի համակարգի եւ յատկապէս Ուաշինկթընի գրասենեակի երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանքներու արդիւնքն է: Բնականաբար կայ նաեւ քաղաքական ժամանակահատուածի գործօնը, յատկապէս Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու ներկայ համապատկերը, միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ շահերու բախման որոշակի կէտերն ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ վերջին ռազմական գործողութիւններու պարունակը նկատի ունենալով:

Քաղաքագիտական այբուբենը կը յիշեցնէ, որ երկկողմ ուղղութիւններու շահերու բախման կամ համընկնումի կէտերու հատման պահուն օգտագործումը երրորդ կողմի համար կը ստեղծէ նպաստաւոր պայման` առաւել ձեռք բերելու համար: Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը փաստօրէն քաղաքական արուեստի տիրապետման փաստ հրամցուց եւ ճիշդ պահուն խբեց թիրախին:

Կ՛արժէ յիշել, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին ճանաչման բանաձեւով հանդէս եկած էր. 1982-ին նախագահ Ռիկըն իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ յիշատակած է ցեղասպանութիւն եզրը:

Երեսունհինգ տարի ետք Ներկայացուցիչներու տունը կ՛ամրագրէ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր զուգահեռ կարեւոր դրոյթներ կ՛արձանագրէ, որոնք պատմաբարոյականէ աւելի որոշակի կիրառական նշանակութիւն կը նախանշեն.

1. Ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը` պաշտօնապէս ճանչնալու եւ յիշատակելու միջոցով.

2. Արգիլել Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան կամ որեւէ այլ ցեղասպանութեան ժխտումին մէջ ներգրաւուելու, ներառուելու կամ որեւէ ձեւով առնչուելու փորձերը եւ`

3. Խրախուսել Հայոց ցեղասպանութեան փաստերու, ներառեալ մարդասիրական օգնութեան գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերին եւ մարդկութեան դէմ ներկայիս իրականացուող յանցագործութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ առնչութիւններու վերաբերեալ կրթութիւնը եւ հանրային իրազեկութիւնը:

Առաջին կէտը բաւական ճանապարհ անցած է. ամերիկեան նահանգներէն 49-ը ճանչցած են արդէն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հերթականօրէն կ՛ոգեկոչեն զոհերու յիշատակը: Երկրորդը դէպի ժխտողականութեան քրէականացում նախանշող ուղիի որդեգրման նպաստող դրոյթներ կը պարփակէ իր մէջ: Մինչ երրորդը անկախ կրթական ծրագիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմականը ներառելու կոչէն, քաղաքական խիստ ուղերձ կը պարփակէ ուղղուած Անգարային: Ասիկա պարզօրէն կը մեկնաբանուի միեւնոյն պետութեան ուղղակի եւ միջնորդաւորուած ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտումներ կատարելու հանգամանքով: 20-րդ դարուն ուղղակի կազմակերպելով, 21-րդ դարուն աջակցելով եւ ֆինանսաւորելով իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումները:

Նոր կարեւոր հանգամանք եւս կը դիտարկուի այս բանաձեւի որոշման առիթով: Անիկա Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի անձամբ ներկայութիւնն է Ներկայացուցիչներու տան նիստին: Նախարարի արձագանգումով հայութեան համար բանաձեւի ընդունումը ունի ո՛չ միայն բարոյական, այլեւ կիրառական նշանակութիւն. անիկա կը նպաստէ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման:

Այստեղ արդէն յստակ է Անգարայի աջակցութիւնը ռազմական յանցագործութիւններով, ցեղասպանական ծրագիրներով պետական ահաբեկչական միաւոր` Ազրպէյճանին: Իսկ Միացեալ Նահանգները համանախագահող միջնորդ են արցախեան բանակցութիւններուն:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/463870

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail