
Ազատագրուած Արցախի Տէր Ըլլալու Եւ Տէր Մնալու Հիմնահարցը
04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԻՆԵՐ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»
Յ. Պալեան
Դուք կրնաք քանի մը անձեր տեւաբար խաբել:
Դուք կրնաք ամէնքը խաբել ժամանակ մը:
Բայց դուք չէք կրնար միշտ խաբել ամէնքը:
ԱԲՐԱՀԱՄ ԼԻՆՔԸԼՆ
Արցախը գեղօր չէ, որ կոչուած ըլլայ մեր զբօսաշրջիկի յիշատակները վառ պահելու, զանազան ժողովներուն համեմ տալու, կամ մեծ ու պզտիկ հանրահաւաքներուն յուզումի ալիք ստեղծելու:
Արցախը ազատագրուած հայրենիքի բեկոր է, խորհրդանիշ, որ մեզի կը յուշէ պատմաքաղաքական այն կարեւոր իրադարձութիւնը, որ դարեր շարունակ, եւ տեւաբար, հայրենի տարածքներ կորսնցնելէ ետք, շրջելով նահանջի անիւը, հայրենի հող ազատագրեցինք:
Վերականգնուեցաւ ազգի հպարտութիւնը: Բայց պատմութիւնը հոն կանգ չ՛առներ: Հարկ է պահել հպարտութիւնը, շարունակել:
Ամերիկացիները խեղճացման պարագաներուն, առանց ձեռնոց դնելու, այս կամ այն անձը կը կոչեն լուզըր, looser, արհամարհական արտայայտութիւն մը: Արցախի ազատագրումը մեր ճակտէն սրբեց գութ հայցողի խարանը, որ որպէս մանանայ` երկնային պարգեւ չէր, այլ` նուաճում, որուն գինը վճարուեցաւ հայերու կեանքով: Յիշուած looser մակդիրը ջնջեցինք:
Բայց: Այս շաղկապով կը գրուի պատմութիւնը, կ՛իմաստաւորուի իրաւունքը: Ազատագրուած Արցախը պահելու համար յանձնառու, ներկայ եւ տէր ժողովուրդ պէտք է, այսինքն տէրեր պէտք են հողին կեանք տալու համար: Կեանք` մշակելով, կեանք` հողը պաշտպանելով ամէն կարգի չարիքի դէմ, անբարեացակամ դրացիներու եւ դրացի բռնագրաւողներու դէմ, որոնք պատմութեան ընթացքին ծուատած են մեր հայրերու հողը: Բացակայ շատախօսներով պատմութիւն չի գրուիր:

Ինչո՞ւ տեւաբար խօսիլ անցեալի մասին, ողբալ, յանցաւորներ փնտռել: Խօսինք ներկայի մէջ` ըլլալով ներկայ: Խօսիլ ներկային յաջորդելիք վաղուան մասին, որ պիտի ըլլայ ներկաներով եւ պիտի չըլլայ բացականերով: Զբօսաշրջիկը, ան ըլլայ հայ թէ օտար, իր քանի մը օրուան այցելութեան ընթացքին կրնայ հիանալ գողտրիկ Ստեփանակերտի տեսքով, յուզուիլ սահման այցելելով եւ հայ զինուոր տեսնելով, նոյնիսկ` Արցախ երթալ եւ բարեսիրութիւն ընել, ժողովներ գումարել, յուզիչ ճառ խօսիլ:
Բայց հարկ է ուղղել հետեւեալ հարցումը. այդ բոլորը բաւարա՞ր են ըսելու, որ ներկայ ենք եւ տէր: Սպասել` առանց ճապկումի պատասխան:
Հայութիւնը` պետութիւն, Հայաստանի եւ սփիւռքի կուսակցութիւններ, բարձրագոչ անուններով կազմակերպութիւններ, լուսապսակ ունեցողներ եւ փնտռողներ, ի՞նչ ըրաւ եւ ի՞նչ կ՛ընէ, որպէսզի Արցախը ըլլայ հայաբնակ, հայրենատէր ներկայ բնակիչներով: Եթէ տեղ մը Արցախի գործադրուող բնակեցման եւ ծաղկման ծրագիր կայ, լաւ կ՛ըլլայ, որ ան հրապարակուի:
Արցախի տարածութիւնը 11.500 քառ. քմ է: Բնակչութիւնը` շուրջ 150.000: Հոգեպարար խօսքերէն անդին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ժողովներ եւ զբօսաշրջիկներ, բարեսէրներ եւ հայրենասէրներ, ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ կ՛ընեն ազատագրուած հայրենիքի այդ տարածքին բնակչութեամբ տէր ըլլալու համար: Արցախ, նաեւ` Հայաստան, բաւարար չափով խելք ունեցողներ կան: Արցախը պէտք ունի հայրենատէր բնակչութեան, ոչ` տպաւորիչ համարուող խօսքի:
Արցախի տարածութիւնը հաւասար է Լիբանանի: Լիբանան ունի շուրջ 4.000.000 բնակիչ: Ի հարկէ, ինչպէս կ՛ըսուի, բաղդատելին պէտք է բաղդատել, բայց պէտք է ընդունիլ, որ չենք յաջողած Արցախին տէր ըլլալ` անոր տարածքը բնակեցնելով: Բնակչութիւնը անհրաժեշտ է տնտեսութեան զարգացման եւ երկրի պաշտպանութեան համար: Իսկ ինչ որ կ՛ընենք, քաղքենիական հայրենասիրութիւն է, խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութիւն եւ խելքաբաշխութիւն:
Արցախ հայրենիքը կարիք ունի բնակչութեան` կարենալ ինքնաբաւ երկիր ըլլալու համար: Սակայն գլխաւոր ուժը, որ Հայաստանն է, ինք ալ չունի բնակեցման եւ ինքնաբաւ ըլլալու քաղաքականութիւն: Արտագաղթ-աղէտը ցնցած է Հայաստանը եւ վատ օրինակ է Արցախի բնակեցման ընթացք որդեգրելու համար:

Հայաստան, եւ անոր հունով` Արցախ, կանգնած են կայուն, միասնութիւն ստեղծող, ազգայինը գերադասող, հայրենատիրութիւնը համազգային զգացողութիւն դարձնող ղեկավարութեան բացակայութեան առջեւ: Ճիշդ է` Հայաստան խուսափեցաւ անկախացող նախկին հանրապետութիւններուն համար աղէտալի քաղաքացիական պատերազմէ, բայց դեռ չյաջողեցաւ ներքին անվերջանալի պառակտումները յաղթահարելէ:
Ազգովին դեռ քաղաքական մշակոյթ չդարձուցինք այն, որ տարբեր կարծիք ունեցողը թշնամի չէ: Այս տեսակէտէ աւելի կայուն է Արցախը: Բայց Հայաստանի պառակտումները անխուսափելիօրէն կ՛անդրադառնան Արցախի, որուն գոյութեան պահպանումը ազգի հիմնախնդիր է: Կը բաւէ լսել Ազրպէյճանի նախագահը: Ան Նախիջեւանի հետ հողային ամբողջութիւն ստեղծելու համար աչքերը յառած կը պահէ Զանգեզուրի վրայ: Չի վարանիր Զանգեզուրի հերոս Գարեգին Նժդեհը քաղաքական յելուզակ համարել:
Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ են եւ ի՞նչ պէտք է ըլլան ՄԵՐ իրաւ առաջնահերթութիւնները: Այս ՄԵՐ¬ը կը վերաբերի մեր իրական կամ տեսական ԱՄԲՈՂՋ¬ին:
Յաճախ կը մտածեմ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք մտածել-երազել Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան մասին, ճառեր խօսիլ, ուսումնասիրութիւններ ընել, երբ հաստատապէս տէր չենք Հայաստանի եւ Արցախի:
Հաստատապէսը կ՛ենթադրէ ներկայութիւն, յանձնառութիւն, մասնակցութիւն, որոնք կը չափուին թիւերով:
Սփիւռք(ներ)ի համար Հայաստան եւ Արցախ կարծէք զբօսաշրջութեան միգամածային աշխարհ մըն է, որուն վրայ կը գումարուի զանազան բանաձեւումներով բարեսիրութիւնը: Բարեսէր էին դանիացիները, զուիցերիացիները, ֆրանսացիները, ամերիկացիները: Հայը աւելին պէտք է ըլլայ, հայրենիքը աւելին կ՛ակնկալէ հայէն: Հայը աւելիին պարտքը եւ պարտականութիւնը ունի: Այս չէ իրականութիւնը: Արտագաղթողին հայրենասիրութիւնը ազգական-բարեկամի կապերու սահմանին վրայ կը ճահճանայ: Իսկ ինքնագոհ եւ ինքնաբաւ սփիւռք(ներ)ը հայրենատիրութիւն չի կրնար խաղալ` Պեւըրլի Հիլզ, Մանհաթըն, Քոթ տ՛Ազիւր նստելով, Փարիզ մնալով եւ Էյֆելի աշտարակը դիտելով:
Սփիւռք(ներ)ի հայրենասիրութիւնը որակական փոփոխութիւն կ՛ունենայ, երբ խորանայ հայրենատիրական գիտակցութեամբ, որ ո՛չ երգ է, ո՛չ քանդակ, ո՛չ բանաստեղծութիւն, ո՛չ իզմ եւ ո՛չ ալ իստ: Որակական փոփոխութիւնը կը սկսի, երբ սփիւռքահայը դադրի ըսելէ, որ ապահովութիւն չկայ, հետեւաբար վերադարձը անհեթեթութիւն կ՛ըլլայ: Այս ընդհանրացած վերաբերում է, հարկ է լսել մարդիկը:
Արցախի տէր ըլլալ եւ տէր մնալ` կը պահանջէ ներկայութիւն եւ յանձնառութիւն: Խօսուած ճառերը կ՛իմաստաւորուին միայն այն ատեն, երբ յաջողինք Արցախի 150.000¬ը բազմապատկել երկուքով, երեքով, տասնով:
Այն ատեն ամէնօրեայ զբաղում դարձած Հայ դատի հետապնդումը կ՛ունենայ, յուշագրութիւններէ եւ բանաձեւերէ անդին, ազգային եւ քաղաքական հաստութիւն եւ որակ:
Այս թռուցիկ, անհանգիստ եւ անհանգստացնող մտածումներու լոյսին տակ մենք մեզմէ պէտք է ակնկալենք իսկական անկեղծութիւն:
Ինչպէ՞ս տէր պիտի մնանք Արցախին: Նաեւ` Հայաստանին:
Իսկ երբ բացակայ ենք Արցախէն ու Հայաստանէն, ի՞նչ նշանակութիւն կրնան ունենալ սահմանէն անդին գտնուող Արարատը եւ Կորուսեալ Հայաշխարհը: Անոնք կ՛ըլլան հեքիաթ, լուսանկար, տեսահոլովակ, եւ այդպէս բաներ` Ցեղասպանութեան յիշեցման խորքի պաստառին վրայ:
Իսկ եթէ կը խորհինք, որ կրկնուող իշխանափոխութիւններով, այլ երկինքներու տակ եղածը կապկելով, առաջնորդուելով «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»¬ի (չ)իմաստութեամբ, նաւապտոյտներու ընթացքին հնչած հայերէն երգերով հայրենասիրութիւն կրնանք մշակել, կ՛այլանդակուինք` որպէս մարդ եւ որպէս մտածող արարած:
Այս հարցերը կան: Ինքնախաբէութիւն է զանոնք չտեսնելով քալել, սպասելով…
Սպասել ի՞նչ բան:
Այսօրուան կենսականը հայրենատիրութիւնն է: Հարցումը պէտք է ուղղուի իւրաքանչիւրին, իւրաքանչիւրը զայն պէտք է ուղղէ ինքնիրեն. հայրենատէ՞ր ենք:
Կարելի կ՛ըլլա՞յ քաղքենիական զբօսաշրջական հայրենասիրութիւնը փոխարինել հայրենատիրական յանձնառութեամբ:
Դեռ ի վիճակի՞ ենք ծնունդ տալու աստուածաշնչական առաջնորդող Մովսէսի մը, կամ` իր անձին օրինակով ժողովուրդը միաւորող Մահաթմա Կանտիի մը:
Իսկ մենք ունի՞նք բաւարար առաքինութիւն, հոգեկան ուժ, հռոմէացիներու virtus-ը, ի վիճակի՞ ենք հանդուրժելու Մովսէս մը կամ Կանտի մը…
Անկեղծութեան հրաշք պահու մը պէտք է պատասխանել պարզ հարցումներու, երբ ամբոխները տուն երթան, ջահերը մարին եւ սելֆիները ճամպրուկ դրուին…

horizonweekly.ca/en/304732-2/





