Միջազգային Համաժողովին Դրուեցաւ Չճանչցուած Պետութիւններու Միջազգային Մեկուսացման Հարցը

Միջազգային Համաժողովին Դրուեցաւ Չճանչցուած Պետութիւններու Միջազգային Մեկուսացման Հարցը

06 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 4 Նոյեմբերին Աւստրիոյ Ինընսպրուկ քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու հիմնարկի միջազգային համաժողովին, որ նուիրուած է ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման մէջ անոնց դերակատարութեան։

Իբրեւ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ՝ Ա. Բեգլարեան մասնակցեցաւ քննարկումներուն ըստ նիւթերու՝ հանդէս գալով մեկնաբանութիւններով եւ հարցադրումներով: Պաշտպանը բարձրացուց չճանչցուած պետութիւններու միջազգային մեկուսացման հարցը՝ շեշտելով, որ անիկա բացասական անդրադարձ կ՛ունենայ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման վրայ: Ան ընդգծեց, որ, ի հեճուկս միջազգային հանրայայտ փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած դրոյթներուն, միջազգային հանրութիւնը դէմ կը կանգնի մարդու իրաւունքներու համընդհանրութեան սկզբունքին:

Տուեալ հարցին մասին Եւրոպական մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հիմնարկի ընդհանուր քարտուղար Ճոզէֆ Սիկըլ նշեց, որ իր գլխաւորած կազմակերպութիւնը կը հաւատայ, որ մարդու իրաւունքները սահմաններ չունին: Ան ըսաւ, որ ներառականութիւնը կը նպաստէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման։

Ա. Բեգլարեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ համաշխարհային տագնապներու վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս կառավարութիւն-քաղաքացիական հասարակութիւն կապին եւ լրատուամիջոցներու փոխակերպման վերջին միտումներուն վերաբերեալ:

Համաժողովին ծիրին մէջ, պաշտպանը միտքեր փոխանակեց տարբեր երկիրներու եւ տարածաշրջաններու Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն հետ՝ անոնց հետ քննարկելով ընդհանուր հետաքրքրութեան շարք մը հարցեր:

ARARAD MASIS ARMENIA Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

asbarez.com/arm/357057/Միջազգային-Համաժողովին-Դրուեցաւ-Չճա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail