
Մամետեարով Դարձեալ Իրականութիւններ Կը Շրջէ
06 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Armenia.az» կայքը կը հաղորդէ, թէ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան հաւաքի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով դարձեալ իրականութիւնները շրջելով՝ պնդեց, թէ Հայաստանն է, որ կ՛ընդդիմանայ Արցախի տագնապին արդար լուծումին, աւելցնելով, որ Պաքու այլեւս «չի կրնար հանդուրժել բռնագրաւումը եւ Արեւելեան գործընկերութեան հիմնարար սկզբունքներու շահագործումը»:
Ըստ նախարարին՝ Հայաստան ոչ միայն «գրաւաուած կը պահէ Ատրպէյճանի հողերը, այլ նաեւ կը խոչընդոտէ հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը»:

asbarez.com/arm/357054/Մամետեարով-Դարձեալ-Իրականութիւններ/





