18 նոյեմբեր 2015
Ինչպէս հաղորդուած էր մամուլի էջերուն, վերջերս՝ «Մերձաւոր Արեւելքի տագնապը, քիւրտերը եւ Իսլամական Պետութեան դէմ պայքարը» թեմայով Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին՝ կը մասնակցէր նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ
Փայլան, որ կը ներկայացնէր քրտամէտ HDP կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տէմիրթաշը։
Այս պատեհ առիթէն օգտուելով՝ «Նոր Յառաջ» Թուրքիոյ հայ երեսփոխանին հետ կատարած է հետագայ հարցազրոյցը.-
Ի՞նչ կը մտածէք Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին կապակցութեամբ։
Կարօ Փայլան – Դժբախտաբար այսօր շատ հեռու ենք այդ հանգրուանէն, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ տակաւին իրական ժողովրդավարական կարգեր չեն հաստատուած։ Աւելի՛ն, ներկայիս ձեւով մը պատերազմական շրջան մը կ՚ապրինք եւ մինչեւ որ նշեալ հարցերը չհարթուին՝ կարելի չէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին խօսիլ։
Գերմանիոյ վարչապետուհին Թուրքիոյ նախագահին հետ տեսակցութեան ընթացքին այս կապակցութեամբ որոշ խոստումներ կատարեց Էրտողանին…։
Այդպէս է, սակայն չմոռնանք, որ ընդհանրապէս Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն մտահոգութիւնը այսօր կարծէք միայն Սուրիոյ հարցն է, իսկ անդին եթէ Թուրքիա բացէ ի բաց պատերազմ կը մղէ քիւրտ ժողովուրդին դէմ, այդ մասին ո՛չ ոք կը խօսի եւ ոչ մէկ քայլ կ՚առնուի ատոր առաջքը առնելու համար։
Որո՞նք են HDP կուսակցութեան պահանջները Եւրոպական Միութենէն։
Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Թուրքիայէն պահանջէ յարգել ժողովըրդավարական կարգերը, ան պէտք է աջակից ըլլայ արդարութեան։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ մենք կ՚ապրինք նախագահ Էրտողանի կողմէ հաստատուած բռնապետական կարգերու պայմաններուն մէջ։
Էրտողանի կուսակցութիւնը (AKP) երկու տարի առաջ որոշ ազատութիւններ տուած էր փոքրամասնութիւններուն, սակայն այդ ճամբան այսօր գրեթէ փակ կը մնայ։ Կը կարծէ՞ք, թէ սա պահուս դարձեալ վերադարձած ենք զինուորականներու կամ քեմալականներու շրջանին, երբ կրօնական փոքրամասնութիւնները հալածանքի կ՚ենթարկուէին։
Այո՛, ցաւ ի սիրտ այդ է իրականութիւնը։ Երեք տարիէ ի վեր AKPն զինուորականներու հետ քայլ կը պահէ։ Այսպէսով ոչ միայն հայերուն համար գէշ կացութիւն մը ստեղծուած է, այլեւ՝ ասորիներուն, յոյներուն, գնչուներուն եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններուն։ Ժողովուրդը 1980ական, 1990ական թուականներու վախը կ՚ապրի, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ նման միջավայրի մէջ զաւակ մեծցնել, դաստիարակել։ Մարդիկ այլեւս լաւատես չեն։
Վերջին ընտրութիւններուն արդիւնքը աւելի զօրացուց Թուրքիոյ նախագահին դիրքը։ Արդեօ՞ք ատիկա կը նշանակէ, թէ ան պիտի աւելցնէ ազգային փոքամասնութիւններուն վրայ իր ճնշումը։
Թուրքիոյ նախագահը պատեհապաշտ անձնաւորութիւն մըն է եւ ան ի վիճակի է զանազան առիթներու տարբեր քաղաքականութիւն վարելու։ Անոր համար նախ եւ առաջ գերադաս են իր անձնական շահերը։ Այս օրերուն ան զինուորականներուն կողմը թեքած է եւ անոնց հետ քայլ կը պահէ։ Այս ընթացքով ընդդիմադրութիւնն ալ ձեռնպահ չի կրնար մնալ եւ պիտի փորձէ ամէն գնով կացութիւնը փոփոխութեան ենթարկել։ Այս բոլորին հետեւանքը պիտի ըլլայ երկրին կայունութեան խախտումը, ինչ որ մեզ նման ժողովուրդներուն համար մեծ փորձանքի դուռ պիտի բանայ։
Կ՚ուզէինք գիտնալ, թէ դուք ինչո՞ւ HDPի ցանկին վրայ ներկայացուցիք ձեր թեկնածութիւնը։
Այսօր քրտական եւ այլ փոքրամասնութիւններու թեկնածուները իբրեւ ընդդիմադրութիւն նոյն պայքարին մաս կը կազմեն։ Բոլորս նոյն խնդիրները ունինք, հետեւաբար պէտք էր միասին քալէինք։ HDPի ծրագրով մենք բոլորս հաւասարութեան կը հաւատանք։
Ո՞րն է HDPի ծրագրին հայանպաստ կողմը։
Քրտական այս կուսակցութիւնը նկատի ունի անցնող հարիւր տարուան պատմութիւնը։ Կը հաւատայ, որ անցեալի պատմական դէպքերուն ճիշդ գնահատումը եւ անուանումը պէտք է տալ, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային։ Անմիջապէս ըսեմ, թէ ճանաչումը ոչ միայն մեզի համար հրամայական է, այլ նաեւ քիւրտին եւ մանաւա՛նդ թուրքին համար։ Կարեւոր է, որ Թուրքիա ընդունի իր սխալը եւ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ անկէ վերջն է, որ կրնայ իր հայեացքը ուղղել դէպի ապագայ։
Բայց հարցը միայն ցեղասպանութեան ճանաչումով չի վերջանար։ Անկէ ետք հողերու, կալուածներու վերադարձի պարագան ի յայտ կու գայ։ Տակաւին կան փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, կրթական ծրագիրներու մշակումը…։
Ձեր մատնանշած բոլոր հարցերը մեր ծրագրին մաս կը կազմեն։ Բայց պէտք է քայլ առ քայլ յառաջանալ։ Մեզի համար արդարութեան հաստատումը առաջին գիծին վրայ կը գտնուի։ Ըսեմ նաեւ, թէ այս բոլոր հարցերը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ լուծել եւ առնուազն տասը, քսան տարի հարկաւոր է՝ հարիւր տարուան կուտակուած խնդիրները լուծելու համար։
Ասիկա շատ նման է Հրանդ Տինքի ընտրած ճանապարհին…։
Անշո՛ւշտ։ Նախքան Հրանդ Տինք, մարդիկ կը մտածէին այս հարցերուն շուրջ, բայց տուներուն մէջ կը խօսէին, որովհետեւ կը վախնային բարձրաձայն արտայայտուելու։ Հրանդ Տինք մեզի համար բացաւ արդարութեան ճամբան։ Ես եւ իմ նմանները պիտի շարունակենք այդ ուղիով քալել։
http://www.horizonweekly.ca/news/details/76645