
Հայաստանի Մէջ Լեզուի Եւ Պատմութեան Վերաբերող Նոր Ծրագիրին Դէմ Բողոքի Ցոյցեր
07 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ:
6 նոյեմբերին բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ հայոց լեզուի, պատմութեան ու գրականութեան նիւթերը այսուհետեւ պարտադիր չընելու Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ծրագիրին դէմ:
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին դիմաց, իսկ Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի ուսանողները դասադուլ ըրին:
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները պահանջեցին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:
Դաշնակցական երիտասարդները համոզուած են, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շատ արագ պէտք է նոր նախարար նշանակէ, քանի որ, ըստ անոնց, Արայիկ Յարութիւնեան չի կրնար ազգային պետութեան մէջ նախարար ըլլալ:
Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի ուսանողները դասադուլ կատարեցին` մերժելով հայերոց լեզուն, պատմութիւնն ու գրականութիւնը պարտադիր չընելու ծրագիրը:
Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դասախօսներէն լեզուաբան Վարդան Պետրոսեան ըսաւ, որ ուսանողներուն ըրածը ճիշդ ու տեղին նախաձեռնութիւն է, ուղղուած է հայերէնի` իբրեւ ազգային լեզուի շահերու պաշտպանութեան:
Երեւանի պետական համալսարանի վարիչներէն Նարինէ Դիլբարեան նոյնպէս դրական նկատեց ուսանողներուն այդ քայլը, իսկ Երեւանի պետական համալսարանի հայ գրականութեան ամպիոնի պատասխանատուներէն Արշալոյս Գալստեան նշեց, որ հարցը նախարարի անձին չէ առնչուած, այլ էական է կառավարութեան դիրքորոշումը` աւելցնելով, որ ատիկա պէտք է լուծել:
Իսկ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան դոկտոր, փրոֆ. Եուրի Աւետիսեան եւս մտահոգութիւն յայտնելով ըսաւ, որ ուսումնական 4 տարիներու ընթացքին կը դասաւանդուին քանի մը հազար ժամերով դասընթացներ, որոնց մէջ հայոց լեզուին կը տրամադրուի ընդամէնը 64 ժամ: «64 ժամը այդքան կը խանգարէ՞ ուսանողներու մասնագիտական կրթութիւնը, թէ՞ կ՛օգնէ` իբրեւ գործիք, իբրեւ միջոց», հարց տուաւ փրոֆեսէօրը:

aztagdaily.com/archives/464833





