
Րաֆֆի Տուտագլեան – ԼԵԶՈՒԻ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
07 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 — ԷՐԿԻՐ — ՀԱՅԱՍՏԱՆ — ՄՇԱԿՈՅԹ:
Շատեր ինծի կը գրեն ու կը հարցնեն, թէ ինչու՞ որոշ շրջանակներ կը բողոքեն հայոց պատմութեան եւ մայրենիի ուուցման մասին նոր օրէնքին կամ փոփոխութիւններուն դէմ:
Արդեօք հայերէն լեզու պիտի չդասաւանդուի՞ համալսարաններուն մէջ, հայոց պատմութիւն նիւթը դու՞րս պիտի հանուի, եկեղեցւոյ պատմութիւնը պիտի վերցուի՞ դպրոցներէն, եւ այլ այսօրինակ հարցումներ:
Առանց մանրամասնութիւններու մէջ երթալու, ըսեմ այն ինչ որ ես հասկցած եմ այս ամբողջ աղմուկ աղաղակէն.
– Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարութիւնը կ’առաջարկէ դպրոցներուն մէջ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը վերցնել իբրեւ առանձին նիւթ եւ միացնել Հայոց պատմութեան նիւթին:
Պատճառաբանութիւնը այն է, որ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը չի տարբերիր հայոց պատմութենէն եւ պէտք է դասաւանդուի իբրեւ հայոց պատմութեան անբաժան մաս:
(Իմ կարծիքով, հայոց պատմութեան մաս պէտք է կազմէ ոչ միայն հայ եկեղեցւոյ, այլ նաեւ հայ կրոնական շարժումներու՝ թոնդրակեցիներ, պաւղիկեաններ, եւայլն – պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ եւ աւետարանական համայնքներու պատմութիւնները):
– Նախարարութիւնը կ’առաջարկէ պետական համալսարաններուն մէջ ոչ թէ պարտադիր ընել հայոց լեզուի եւ պատմութեան դասաւանդումը, այլ պարտադիրի կամ ընտրովիի որոշումը թողուլ համալսարաններու ղեկավարութեան:
Տրամաբանութիւնը այն է, որ իւրաքանչիւր համալսարան իր ունեցած մասնագիտութիւններուն համաձայն կը ճշդէ, թէ ո՞ր առարկաները պարտադիր են, որոնք՝ ընտրովի:
Համալսարաններուն կը տրուի այդ իրաւունքը, ոչ թէ կը վերցուի համալսարաններէն:
Ի դէպ նշեմ, որ պետական համալսարաններուն մէջ բոլոր նիւթերը, բացի բնականաբար օտար լեզուներէն, կը դասաւանդուին հայերէն լեզուով:
Այս է եղելութիւնը: Մնացածը ամէն մարդ թող դատէ ինչպէս կ’ուզէ:






