
Անդրադարձ. «Պլումպըրկ»-ի Պնդումն Ու Վարչակազմի Ներկայացուցիչին Խօսքը
07 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը 5 նոյեմբերին հաղորդեց լուր մը, որուն «Ամերիկեան վարչակազմը դէմ է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման եւ ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման» խորագիրը ապակողմնորոշող էր եւ չէր համապատասխաներ անոր բովանդակութեան: Այդ իրողութիւնը թերեւս կարելի է վերագրել ներամերիկեան քաղաքական հաշիւներու:
Դժբախտաբար հայկական տեղեկատուական դաշտը «Պլումպըրկ»-ի պնդումը ընդունեց իբրեւ հաստատ փաստ եւ հաղորդուած լուրին բովանդակութեան հապճեպ ու ոչ ճշգրիտ թարգմանութեամբ նպաստեց սխալ տպաւորութեան տարածման: Ստեղծուած շփոթին փարատման համար պէտք է զատորոշել «Պլումպըրկ»-ի պնդումն ու անոր մէջբերած` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչի խօսքը:
Ըստ «Պլումպըրկ»-ի խմբագրութեան, ամերիկեան վարչակազմը անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ նոյն օրը որդեգրուած թէ՛ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատող թիւ 4695 բանաձեւին, թէ՛ ալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին դէմ է: Այդ պնդումը ո՛չ միայն ճիշդ չէ, այլ նաեւ զարմանալի, որովհետեւ լրատու գործակալութեան հետ զրուցած աւագ պաշտօնատարը նշած է, թէ վարչակազմը դէմ է միայն Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներուն, որովհետեւ անոնք «պիտի կապեն Ուաշինկթընի ձեռքերը եւ պիտի սահմանափակեն Թուրքիոյ (հիւսիսային Սուրիոյ մէջ) գործողութիւններուն վերաբերեալ Ուաշինկթընի մտահոգութիւնները լուծելու ընտրանքները»:

Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին, ապա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը միայն ցաւ կը յայտնէ, որ երկու բանաձեւերը նոյն օրը որդեգրուած են: Ան այդ թայմինկը կ՛որակէ «ձախորդ», որովհետեւ «կրնայ պատճառ դառնալ, որ (Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող) օրէնսդրութիւնը սկզբունքային ըլլալուն փոխարէն պատժական թուի»:
Անոր մատնանշումը թերեւս տեղին է, սակայն ուշացած է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ներկայացուցիչներու տան քայլին կշիռը նսեմացնելու եւ որոշումը արժեզրկելու նպատակով արդէն փորձեց շահագործել այդ իրողութիւնը` որդեգրումէն քանի մը ժամ ետք յայտարարելով, որ ատիկա վրէժ էր Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութեան: «Անոնք, որոնց ծրագիրները խախտած են, կը դիմեն հին բանաձեւերուն: Եթէ կը կարծեն, թէ այդ ձեւով վրէժ կը լուծեն, կը սխալին», ըսաւ ան: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովի ընթացքին բանաձեւի որդեգրման հանգամանքը կապեց 9 հոկտեմբերին թրքական բանակին Սուրիոյ հիւսիսը սկսած «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը պարզապէս կ՛արտայայտէ մտահոգութիւն մը: Անոր խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, թէ եթէ ամերիկեան վարչակազմը դէմ է, ապա միայն որդեգրման թայմինկին եւ ոչ թէ ինքնին բանաձեւին: Ամերիկեան վարչակազմը ո՛չ միայն դէմ չէ, այլ թերեւս նաեւ լռելեայն համաձայն էր անոր, որովհետեւ չնշմարեցինք արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ անոր որդեգրման դէմ միջամտութիւն մը, ինչ որ անցնող շուրջ 35 տարիներու քաղաքականութենէն շեղում մըն է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարին կատարածը պարզապէս Էրտողանի 15 նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներ այցելութեան նախօրեակին լարուած մթնոլորտը մեղմացնելու համար ամերիկեան վարչակազմը Քոնկրեսի ստորին պալատի արարքէն քայլ մը հեռացնելու փորձ մըն է:

aztagdaily.com/archives/464805





