17 նոյեմբեր 2015
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը նախանցեալ գիշեր Պէյրութի Ուաթա Մուսայթպէ շրջանին մէջ կատարած է խուզարկումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալած է չորս սուրիացիներ, որոնց մօտ գտած է զէնք ու զինամթերք, ինչպէս` «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ, «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր, հեռադիտակներ եւ զինուորական այլ իրեր:
Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ երեկոյեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած երկրորդ հաղորդագրութեան մը համաձայն, նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ կէսօրին ահաբեկիչ Մոհամետ Ապտօ Թալեպը, որ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամ է, փոխանցած է դատական իշխանութիւններուն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Թալեպ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելէ ետք վերադարձած է Լիբանան եւ զինեալ խմբաւորումի մը հետ ծրագրած է Թրիփոլիի ահաբեկչական գործողութիւնները: Ապա ան անհետացած է եւ միացած Ալա Քանաանի խմբաւորումին, որ «Տի Ռոյ» պանդոկին պայթումին պատասխանատուն էր:
Հաղորդագրութեան համաձայն, Թալեպի պահած երկու ականուած գօտիները բացայայտուած են, իսկ մնացեալը փնտռելու աշխատանքը տակաւին ընթացքի մէջ է:
Նշենք նաեւ, որ բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն շարժումները:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/