ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Նստացոյցը Կը Շարունակուի. Վարչապետ Փաշինեան Տեսակցեցաւ Նստացոյց Կատարող Երիտասարդներուն Հետ

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Նստացոյցը Կը Շարունակուի. Վարչապետ Փաշինեան Տեսակցեցաւ Նստացոյց Կատարող Երիտասարդներուն Հետ

09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ:

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները, որոնք 7 նոյեմբերին սկսան բողոքի ցոյցի մը Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ, գիշերեցին հոն եւ իրենց ցոյցը շարունակեցին 8 նոյեմբերին` նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով:

Ցուցարարներուն հետ զրուցեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ հաստատեց, որ ինք չի կիսեր նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջը, զոր ներկայացուցին դաշնակցական երիտասարդները:

Փաշինեան հարցուց, թէ ճիշդ ի՞նչ թէզերէ կը բողոքեն երիտասարդները` նշելով, որ կրթութեան ոլորտին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները ոչ թէ նախարարութիւնը, այլ կառավարութիւնը կը կատարէ:

«Եթէ թալանող ըլլար, ընդունելութեան քննութիւններուն դրամ առնէր, ոչ մէկը դէմ պիտի ըլլար, չէ՞: Արայիկ Յարութիւնեանը չէ, որ կ՛իրականացնէ Հայաստանի կրթական քաղաքականութիւնը, այդ մէկը կ՛իրականացնէ կառավարութիւնը, եւ ես երէկ կառավարութեան նիստին այդ նիւթին անդրադարձած եմ», ըսաւ Փաշինեան:

Ցուցարարները դժգոհութիւն յայտնեցին նաեւ նախարարին` դաշնակցականներուն ուղղուած արտայայտութիւններէն, իսկ Փաշինեան ըսաւ, որ չի կարծեր, թէ նախարարը նման վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցած ըլլայ:

Ցոյցի մասնակիցները Փաշինեանին նաեւ հարց տուին ծանրամարտիկ Մելինէ (Մել) Դալուզեանի մասին պատմող ժապաւէնի ֆինանսաւորման մասին: Վարչապետը ըսաւ. «Հիմա տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներ մեր ախոյեանին մասին ժապաւէն կը նկարեն, իրենք 90 առ հարիւրով կը ֆինանսաւորեն, ու կ՛ըսեն` քանի որ ձեր երկրի ախոյեանին մասին է, քիչ մըն ալ դուք ֆինանսաւորեցէք: Այն մարդը, որուն մասին կը խօսիք, եռակի ախոյեան է, մարդ է, որուն պատուին 3 անգամ Հայաստանի դրօշը բարձրացած է ու Հայաստանի քայլերգը հնչած»:

Մասնակիցներէն մէկը դիտել տուաւ. «Այդ ժապաւէնը տեսնելով ի՞նչ ուղերձ կը ստանայ ապագայի մեր սերունդը: Անոր զուգահեռ կը մերժուին ֆինանսաւորումները ուղղուած մեր թագաւորներու մասին ժապաւէններուն եւ «Հայ ասպետ» հաղորդումին»:

«Ոչ մէկ արձագանգ չէ եղած, ոչ ալ մէկուն հետ հանդիպած, գիշերը անցուցած ենք այդտեղ, նստացոյցը բնականոն իր ընթացքով կը շարունակուի: Նախարարին չենք տեսած, յետնամուտքով կու գայ», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչ Արգիշտի Գէորգեան:

Ցուցարարներու պահանջին միացաւ նաեւ Շիրակի պետական համալսարանը, ուր ստորագրահաւաք տեղի ունեցաւ` Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով:

Նշենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան շարժման ու նախարարութեան դիմաց կատարուող նստացոյցին միացան նաեւ տարբեր համալսարաններու ուսանողներ, քաղաքացիներ եւ համալսարաններ, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ-ի սփիւռքի երիտասարդական միութիւններ:

aztagdaily.com/archives/465162

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail