Փոմփէօ. «Իրաքի Եւ Լիբանանի Ժողովուրդներուն Պէտք Է Օգնենք Ձերբազատելու Իրանեան Ազդեցութենէն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ

Փոմփէօ. «Իրաքի Եւ Լիբանանի Ժողովուրդներուն Պէտք Է Օգնենք Ձերբազատելու Իրանեան Ազդեցութենէն»

09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Պերլինի մէջ յայտարարեց, որ «պէտք է դէմ դնել վարչակարգերուն, որոնք կ՛ուզեն ազատութիւնները ճնշել»` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք, որ մեր ժողովուրդները խաղաղ եւ ազատ ապրին»:

Փոմփէօ շեշտեց ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ պայքարելու ռազմավարական որոշում տուաւ»:

«Սուրիոյ մէջ լուծումը քաղաքական է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սուրիայէն չհեռացանք, եւ մեր ուժերը կը շարունակեն գտնուիլ սուրիական հողերուն վրայ»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Պէտք է Իրաքի եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն օգնենք ձերբազատելու իրանեան ազդեցութենէն եւ իրագործելու իրենց ձգտումները»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասարի հետ` վերջինիս խնդրանքով:

Պոկտանով յայտնած է, որ կը զօրակցի Լիբանանի միութեան, գերիշխանութեան ու անկախութեան եւ «ազգային օրակարգի վրայ գտնուող բոլոր հարցերը լիբանանեան սահմանադրութեան ծիրին մէջ նոյնինքն լիբանանցիներուն կողմէ լուծուելու կարեւորութեան»` շեշտելով. «Որեւէ ձեւով չարտօնել լիբանանեան հարցերուն մէջ արտաքին միջամտութիւնը»:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/465204

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail