ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – «Յորդանանի Հայերը» Գիրքի Ներկայացում

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – «Յորդանանի Հայերը» Գիրքի Ներկայացում

09 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» եւ «Յորդանանի հայերը» գիրքերու ներկայացումին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2019, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ժամանակի սղութեան պատճառով այս գրութենէն համառօտ բաժին մը միայն ներկայացուեցաւ: Ստորեւ` «Յորդանանի հայերը» 520 էջ գիրքին Յարութ Չէքիճեանին պատրաստած ամբողջական ներկայացումը, ներառեալ` փաուըր փոյնթի նկարները:

Մերձաւոր Արեւելքը եւ հայ գաղթականներուն զանազան հանգրուանները` Սուէյտայէն Աքապա, ապա նաւով Փոր Սայիտ, ապա Կիլիկիա ուղեւորութիւնը:

Ներածական

Ողջունելի եւ թանկարժէք իրագործում մըն է այս գիտաժողովներու շարքը եւ բովանդակութեան հրատարակութիւնը, որ թէեւ ամբողջական պատմութիւն կարելի չէ նկատել, սակայն, իբրեւ հիմնաքար, կը ծառայէ աւելի խորունկ հետազօտութեան: Գնահատանքի արժանի է Հայկազեան համալսարանը եւ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը, որ ձեռնարկած է այս վաւերագրական հսկայ աշխատանքին:

Իբրեւ այս գիտաժողովին չմասնակցած անձ` տեղեակ չեմ գիտաժողովին մթնոլորտէն եւ այնտեղ կատարուած ասուլիսէն, ուստի միայն գիրքին բովանդակութեան եւ 8 տարի իբրեւ մասնագէտ` Թագաւորական գիտական կեդրոնին (Royal Scientific Society) մէջ, Յորդանան ապրած եւ հայկական գաղութին մէջ ունեցած դերակատարութեանս եւ փորձառութիւններուս վրայ հիմնուելով է, որ պիտի արտայայտուիմ:

Կարդալէ ետք զեկուցումները, ոմանց մասին կրնամ հաստատել հետեւեալը.

  1. Առանց որոշ ժամանակ Յորդանան ապրած ըլլալու եւ շաղուելու Յորդանանի ժողովուրդին եւ այնտեղ ապրող հայութեան հետ, միայն ակադեմական արխիւային ուսումնասիրութիւն կատարելով, երբե՛ք բաւարար չէ հեռուէն, յատկապէս ընկերային-կրօնական եւ կենցաղային-միջավայրի հարցերու մասին եզրակացութիւններու յանգիլ:
  2. Պէտք է ուշադրութիւն դարձնել կողմնակալ, կամ միակողմանի զեկուցումներուն, ուր վրիպումով, կամ դիտումնաւոր կերպով գաղութին կարգ մը կարեւոր իրադարձութիւնները եւ «նշանաւոր» հայերը զանց կ՛առնուին:
  3. Խորհրդային ժամանակաշրջանին պատրաստուած, Յորդանանի խորհրդային դեսպանատան եւ Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէին խմբագրած, պոլշեւիկեան քարոզչութեամբ լեցուն միակողմանի զեկուցումը իր ամբողջութեամբ ներկայացնելը, առանց վերցնելու այժմ անհեթեթ եւ համայնքին մէջ պառակտում սերմանող բաժինները, անընդունելի կը գտնեմ:
  4. Խիստ վերապահութիւն կը յայտնեմ «ցեղասպանագէտ» Հիլմար Քայզերի զեկուցումին, որուն մասին կ՛անդրադառնամ վարը:

Այս գիտաժողովի նիւթերուն մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ քսաներորդ դարու Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Յորդանան աքսորուած հայերուն մասին ուսումնասիրութիւններ` ընդհանրապէս իբրեւ գլխաւոր վկայութիւն օգտագործելով Վահրամ Տատրեանի թանկարժէք օրագրութիւնը: Բացառութիւն է Քլոտ Մութաֆեանին ուսումնասիրութիւնը, որ 12-էն 14-րդ դարերու ժամանակաշրջանին մասին գրած է: Յայտնի է, որ հայերը Յորդանանի տարածքին բնակութիւն հաստատած են նախաքրիստոնէական օրերէն, Մեծն Տիգրանի օրօք եւ աւելի առաջ:

Մատապայի Երուսաղէմի քարտէսին խճանկարը եւ Երուսաղէմի պարիսպէն դուրս 6-րդ դարու հայերէն խճանկար` «Աղօթք անծանօթ հայ զինուորներուն»

Կ՛արժէ նշել, որ արդէն հինգերորդ դարուն Երուսաղէմի մէջ հայկական թաղ կար, որուն փաստը ամրագրուած է ՅորդանանիՄատապա քաղաքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ գետինը տեղադրուած 542 թուականի բիւզանդական խճանկարէ պատրաստուած քարտէսին մէջ (նկարը պիտի երեւի պաստառին վրայ), ուր մատնանշուած է Երուսաղէմի «հայերուն թաղը» (The Mosaic Map of Madaba: An Introductory Guide): Հայերուն թիւը աւելցած է խաչակիրներու արշաւանքներուն ժամանակաշրջանին` 11-14-րդ դարերուն:

Վեցերորդ դարու այլ խճանկարի մը մէջ (նկարը պիտի երեւի պաստառին վրայ), որ յայտնաբերուած է 1894-ին Երուսաղէմի պարիսպէն դուրս եւ մօտը` հայերէնով արձանագրուած է` «Աղօթք ի յիշատակ անծանօթ հայ զինուորներուն» («Ասպարէզ», 19 հոկտեմբեր 2010): 301 թուականին քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունելէն ի վեր Երուսաղէմը ուխտավայր եղած է հայութեան համար, եւ չորրորդ դարուն արդէն այնտեղ կային հայկական վանքեր եւ եկեղեցիներ:

Պէտք է հաստատել, որ արդի Յորդանան երկիր հասկացողութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ Պաղեստինը` Երուսաղէմով միասին, մինչեւ 1988, երբ Հիւսէյն թագաւորը Արեւմտեան ափը Երուսաղէմով միասին, վերջնականապէս յանձնեց Պաղեստինեան ազատագրութեան կազմակերպութեան` ՊԱԿ-ին, առանց նկատի առնելու Իսրայէլեան գրաւումը: Հետեւաբար, առանց Պաղեստինի եւ յատկապէս Երուսաղէմի հայութեան ու հայոց պատրիարքութեան հնադարեան ներկայութեան հարուստ պատմութեան, որ կը պակսի այս գիտաժողովէն, Յորդանանի հայութեան պատմութիւնը ամբողջական չ՛ըլլար:

Երբեմնի հայկական Քարաք բերդին եւ քաղաքին համայնապատկերը:

Պիտի փորձեմ գիրքին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն շարքով, ինծի համար աչքառու բովանդակութիւն ունեցող հատուածներուն մասին կարծիքս յայտնել:

  1. Դոկտ. Հինտ Ապու Շաար:

Ա. 1915-էն առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը դէպի Յորդանան տեղահանութիւններ կատարած էր` չերքեզներու, չեչեններու, մարոքցիներու, եգիպտացիներու եւ այլն, իւրաքանչիւր համայնքին յատկացնելով հողամասեր կամ գիւղեր, սակայն հայ տարագիրներուն, որոնց թիւը շատ աւելի մեծ էր` շուրջ 20 հազար (պէտք է ըլլայ 30 հազար), ո՛չ մէկ հողային կամ բնակավայրի յատկացում կատարուած էր, էջ 25:

Բ. 1800-ական թուականներու ամուսնութեան տոմարներուն մէջ կը հանդիպինք հայ կիներու, որոնք բնիկ արաբներու հետ ամուսնացած են: Որո՞նք էին այդ հայ օրիորդները, եւ ո՞ւր կ՛ապրէին անոնց ընտանիքները: Ուստի, տոմարներուն աւելի խորունկ ուսումնասիրութիւնը կրնայ շատ աւելի յստակ պատկեր մը ներկայացնել 1915-էն առաջ հայերու ներկայութեան մասին, էջ 24:

  1. Քլոտ Մութաֆեան:

Ա. 12-րդ դարու վերջաւորութեան Յորդանանի Քարաք բերդաքաղաքը իր հայկական եկեղեցիով քանի մը տասնեակ տարի եղած է հայկական` հայերով բնակուած եւ կառավարուած:

Պէտք է ըսել, որ նախաքսաներորդ դարու այսպիսի շահեկան ուսումնասիրութիւններ կը պակսին այս գիտաժողովէն: Պատմութեան ընթացքին հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք առեւտրական կարաւաններուն ապահով ուղեւորութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունեցած է: Օրինակ` Արամ նահապետը ՔԱ շուրջ 1813-ին վերահսկողութեան տակ առած էր Փոքր Ասիա եւ Եգիպտոս տանող ճամբաները, շուրջ` 1800 քմ, կայազօրներ հաստատելով Արմաւիրէն մինչեւ Եգիպտոս տանող քաղաքներուն մէջ, ներառեալ` այժմու Յորդանանի շրջանը: Նոյնը ըրին խաչակիրները, սակայն` Եւրոպայէն մինչեւ Երուսաղէմ, կարգ մը կայազօրներ վստահելով հայ իշխաններուն:

1. Հայաստանի կայսրութիւնը ՔԱ 95-66 Հայաստան աշխարհէն մինչեւ Կիլիկիա, Կապադովկիա, Միջին Արեւելք, մինչեւ հարաւ` Երուսաղէմ եւ Կազա եւ 2. Յորդանանի հայերու բնակած քաղաքները եւ երկաթուղին:

Աստուածաշունչին մէջ (Մարգարէութիւն Եզեկիէլի գլ. ԻԷ, 14-րդ համար), Եզեկիէլ մարգարէն, որ ապրեցաւ ՔԱ 622-570, գրած է, որ հայերը Փիւնիկէի Սուր քաղաքի շուկային մէջ ձիեր եւ ջորիներ կը վաճառէին, ուրեմն ահաւասիկ ՔԱ 6-րդ դարուն շրջանին հայերու ներկայութեան փաստ մը:

Մեծն Տիգրանի կայսրութիւնը ՔԱ 95-55 թուական հասաւ մինչեւ Եգիպտոսի սահմանները` ընդգրկելով ամբողջ արեւելեան Միջերկրականը` Սուրիան, Փիւնիկէն, այժմու Պաղեստինն ու Յորդանանը:

Միջանկեալ` հայրս կը պատմէր, որ 1930-ական թուականներուն, երբ բեռնակառքի շարժավար երէց եղբօր հետ արաբական երկիրներ ապրանք կը փոխադրէին, ծանօթացած են «աանզէ» (այծ) աշիրէթին` ցեղախումբին, որ Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն մինչեւ Սէուտական Արաբիա եւ Քուէյթ տարածուած էր, եւ անոնք ամէն կարեւոր հանգրուանի` կայանի մէջ ներկայութիւն էին, դիւրութիւններ մատուցելով իրենց ծանօթներուն: Մինչեւ այսօր անոնք ներկայութիւն են Սուրիոյ, Իրաքի եւ Արաբական թերակղզիին մէջ:

  1. Հիլմար Քայզեր:

Ես վերապահութիւնս կը յայտնեմ Քայզերի այս ուսումնասիրութեան, որ կարծէք, թէ կը փորձէ մեղմացնել ցեղասպանութիւն գործադրած  Ճեմալ փաշային պատասխանատուութիւնը:

Ճեմալ փաշան օսմանեան չորրորդ բանակի հրամանատարը եւ Մեծն Սուրիոյ կառավարիչն էր, եւ շրջանի բոլոր արաբներուն իսկ որակումով ցարդ «արիւնարբու դահիճ` ժազզար, սաֆֆահ» անուանուած է: Քայզերը Ճեմալ փաշայի մասին  չհիմնաւորուած երկու սխալ եզրակացութիւններու կը յանգի: Առաջինը`որ իբր թէ դէպի Յորդանան աքսորեալ հայերուն հանդէպ «բարեացակամ» էր, եւ երկրորդ, աւելի՛ վտանգաւորը, կ՛եզրակացնէ, որ այս պատճառով, ուրեմն, Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուած չէր…լաւ կազմակերպուած չէր կ՛ըսէ… էջ 40, 41, 46, մանաւանդ էջ 70:

Հիւսիսի Իրպիտ քաղաքը, հեռուն` Լիբանանի Շէյխ լեռը:

Զարմանալին այն է, որ Ճեմալ փաշային հրամանատարութեան տակ էր նաեւ ամբողջ Սուրիան, անապատները, Հալէպն ու Տէր Զօրը, ինչո՞ւ ան «բարեացակամ» չէր այնտեղ… Մա՛նաւանդ իր եզրակացութեան վերջին նախադասութիւնը (էջ 105), ուր թէեւ ցեղասպանութիւն եզրը կը գործածէ, սակայն տարօրինակօրէն կ՛ըսէ, որ Երիտասարդ թուրքերու իշխող կուսակցութիւնը ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ միատարր ցեղասպանական քաղաքականութիւն չէր որդեգրած…

Պէտք է յիշեցնել, որ թրքական զինուորական դատարանը, այլ պատասխանատուներու կողքին, սպանդներ կազմակերպելու համար մահուան դատապարտեց նաեւ Ճեմալ փաշան, իսկ մահավճիռը գործադրեցին Ստեփան Ծաղիկեանը, Արտաշէս Գէորգեանը եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեանը 21 յուլիս 1922-ին Թիֆլիսի մէջ, «Չեկայի» շէնքին իսկ առջեւ:

3 Հոկտեմբեր 2019
(Շար. 1)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/465103

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail