Ֆրանսայի Խորհրդարանը Երեք Ամիսով Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը. Փարիզի Ահաբեկչական Գործողութեան Ղեկավարը Սպաննուած Է

20 նոյեմբեր 2015

Ֆրանսայի խորհրդարանը երէկ երեք ամիսով երկարաձգեց երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը: Երկարաձգումը կը սկսի 26 նոյեմբերէն սկսեալ:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ արտակարգ դրութեան ծիրին մէջ ներառուած է լուծարումը ծայրայեղական խմբաւորումներու եւ միութիւններու, «որոնք կը մասնակցին աշխատանքներու, որոնք ընդհանուր ապահովութեան վտանգ կը ներկայացնեն, այդ վտանգը կը դիւրացնեն եւ ապահովութիւնը վտանգելու կը հրահրեն»:

Խորհրդարանը նաեւ կառավարութեան արտօնեց արտակարգ դրութեան ծիրին մէջ ընկերային ցանցերը փակելու:

Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ զգուշացուց, որ Ֆրանսայի մէջ քիմիական կամ կենսաբանական զէնքով յարձակում մը բացառուած չէ` աւելցնելով, որ իր երկիրը «նոր պատերազմական վիճակի» մէջ է:

Միւս կողմէ, Փարիզի դատախազի գրասենեակը երէկ յայտարարեց, որ Սեն Տընիի մէջ չորեքշաբթի օր ոստիկանութեան շղթայազերծած գործողութեան ընթացքին սպաննուածներու շարքին է Փարիզի մէջ ահաբեկչական գործողութեան ղեկավար Ապտելհամիտ Ապաուտը:

28-ամեայ իսլամական պելճիքացիին փամփուշտներէ բազմաթիւ վէրքեր ստացած, ինչպէս նաեւ ռումբի բեկորներէ խոցուած դիակը յայտնաբերուած է Փարիզի հիւսիսային արուարձանի մէկ յարկաբաժինին մէջ: Ահաբեկիչին ինքնութիւնը հաստատուած է անոր մատնահետքէն: Դատախազութեան գրասենեակը նշեց, որ տակաւին յստակ չէ, եթէ Ապաուտ ինքզի՞նք պայթեցուցած է, թէ՞ ոչ:

Էլիզէի պալատը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ իր ամերիկացի պաշտօնակից Պարաք Օպամայի հետ քննարկած է Փարիզի ահաբեկչական յարձակումներուն հետաքննութեան ընթացքն ու սուրիական տագնապի հարցը:

Մինչ այդ, պելճիքական ոստիկանութիւնը երէկ ներխուժեց Փարիզի ահաբեկչութեան մեղսակիցներէն Սալահ Ապտելսալամի եւ Պիլալ Հատֆիի առնչուած կալուածներ:

Պելճիքացի դատախազներ յայտնեցին, որ ոստիկանութիւնը Պրիւքսէլի մէջ եւ շուրջ շարք մը խուզարկութիւններ կատարած է եւ ձերբակալած անձ մը:

ԱԶԴԱԿ

http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail