Սուրիական Բանակը Թրքական Բանակէն Ազատագրեց Ում Շահիֆա Գիւղը

Սուրիական Բանակը Թրքական Բանակէն Ազատագրեց Ում Շահիֆա Գիւղը

11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»

Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը թրքական բանակէն ու անոր հաւատարիմ զինեալ խմբաւորումներէն ազատագրած է Ըմ Շահիֆա գիւղը:

ՍԱՆԱ նաեւ նշեց, որ սուրիական բանակը կը հետապնդէ թրքական բանակի եւ անոր հետեւորդ զինեալներուն մնացորդները, որոնք կը փախչին դէպի Ռաս Ուլ Այնի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մահմուտիէ գիւղին ուղղութեամբ:

Լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Հասաքէի մէջ ծանր ու միջին տարողութեամբ զէնքերով բուռն բախումներ ունեցած է թրքական բանակին ու անոր ենթակայ զինեալ խմբաւորումներու զինեալներուն հետ, այդ բախումներուն հետեւանքով ալ Ըմ Շահիֆա գիւղը ազատագրուած է:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 8 նոյեմբերին հաղորդած էր, որ ռուսական ուժերը Գամիշլի քաղաքի արեւելքը հսկողութիւն կատարելու սկսած են, իսկ Ամերիկան յայտարարած էր, որ կը սկսի հեռանալ Արաբ Բունարէն:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/465387

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail