Թեհրան Կը Մեկնաբանէ Իրաքի Ցոյցերուն Իրան Տարածուելուն Մասին Էրտողանի Յայտարարութիւնը

Թեհրան Կը Մեկնաբանէ Իրաքի Ցոյցերուն Իրան Տարածուելուն Մասին Էրտողանի Յայտարարութիւնը

11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին — Հայաստան պետության եւ Ադրբեջանի Հանրապետության միջեւ սահմանի (սահմանազատման) վերաբերյալ»»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Ապպաս Մուսաւի անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Իրաքի մէջ անցեալ ամսուան կիսուն ընթացք առած զանգուածային ցոյցերը կրնան դէպի Իրան տարածուիլ:

«Շրջանի երկիրներուն հետ Իրանի ունեցած սերտ յարաբերութիւնները չեն արգիլեր, որ Իսլամական հանրապետութիւնը իր տեսակէտը արտայայտէ», ըսաւ ան:
«Թեհրան դէմ է երկիրներու գերիշխանութեան ոտնահարման», նշեց Մուսաւի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց. «Պարոն Էրտողանի նշած կէտը այն է, որ ցոյցերը կրնան փոխադրուիլ Իրան, եւ քուլիսներու ետին գործող ձեռքեր գոյութիւն ունին, ինչ որ ճիշդ ու տեղին է: Գոյութիւն ունին ծածուկ ձեռքեր, որոնք կ՛ուզեն ցոյցերը փոխադրել իսլամական հանրապետութիւն, եւ լաւ է, որ շրջանի երկիրները ըլլան արթուն ու գիտակից»:

ARARAD MASIS ARMENIA Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/465396

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail