«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Չփորձէ՛ք Անհետացնել Հայերէնը…
11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Ա՛խ, լեզո՛ւն, լեզուն, որ չըլլայ, մարդ ինչի՞ նման կ՛ըլլայ: Ազգը պահողը, իրար միացնողը լեզուն է ու հաւատքը: Լեզուդ փոխէ՛, հաւատքդ ուրացի՛ր, ալ ի՞նչով կրնաս ըսել, թէ ո՞ր ազգէն ես: Ձեզի՛ կ՛ըսեմ, ձեզի, հայոց նորահաս երիտասարդնե՛ր, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւուն մատա՛ղ, տասը լեզու սորվեցէ՛ք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ամուր պահեցէ՛ք:
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ (1809-1848)
Ամիսներ առաջ հայրենի օրհներգը փոխելու առաջարկ մը մեծ ընդվզում յառաջացուցած էր եւ հաւանաբար այդ իսկ պատճառով հարցը փակուած ու մոռացութեան ենթարկուած էր:
Այս անգամ կարգը եկած է հայերէն լեզուին եւ հայեցի ուսուցումը համալսարանական մակարդակի վրայ չպարտադրելուն, որ բարբարոսաբար եւ «բրուտոսաբար» առաջարկուած է զայն պաշտպան նկատուող, պաշտպանող, հովանիին տակ առնող եւ գուրգուրացող կրթութեան նախարարութեան կողմէ:
Ի՜նչ սին եւ սնոտի հայեցակէտ, գաղափար եւ մտայղացում:
Յատկապէս երբ կրթութեան նախարարութիւնն է առաջարկողն ու խնդրոյ առարկան, դժուար է անցնիլ կարմիր գիծը եւ իջնել կռուազանութեան մակարդակին: Ի վերջոյ, կրթութիւնն է, որ կը կերտէ երկրի մը ընտրանին, եւ առանց կրթութեան կարելի չէ գործել, յառաջդիմել ու յաջողիլ: Հետեւաբար, ահաւոր սխալ մը պիտի ըլլայ անյարիր մեղադրանքներով պախառակել այդ գաղափարը յղացողն ու անոր ետին կանգնողը:

Չափազանցութիւն մը պիտի ըլլայ հարցադրելը, թէ արդեօք լրջօրէն աշխատանք կը տարուի՞. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անհետացուելիք կամ անհետացուելու եզրին գտնուող լեզուներու շարքին դասելու լեզու մը, որ իր երկրին պաշտօնական լեզուն է… գէթ` ցայսօր: Ահաւոր չափազանցութիւն մը, սակայն տեղին` ահազանգ մը:
Աւելի՛ն. այս պատահածը տարբեր պրիսմակով դիտել եւ մութ հաշիւներ փնտռել, թէ ներկայ իշխանութեան դէմ որդեգրուած գործելաձեւ մըն է, որ կը կիրարկուի, այդ մէկն ալ սխալ է: Միթէ նախկին իշխանութեան օրերուն, աւելի յստակ ըլլալու համար նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ժամանակ միեւնոյն հայորդին չէ՞ր, որ իր բուռն բողոքը արտայայտեց մերժելով առանց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հատուցումի` Հայաստան-Թուրքիա ճանապարհային քարտէսի մը մեկնարկը:
Չէ՛, անգամ մը եւս ժամանակն է լրջանալու, քննելու եւ վերստին քննելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նմանօրինակ ահաւոր ձախաւերութիւն մը` կաֆ մը չկրկնել:

Ճիշդ է, որ լեզուն հաղորդակցական միջոց մըն է, սակայն այդքան պարզ հաղորդակցելուն կ՛անդրադառնանք: Հապա՞ այդ լեզուին ետին կանգնող ազգը, մշակոյթը, արմատները, պատկանելիութիւնն ու պատմութիւնը: Մոռնա՞նք այս բոլորը: Միթէ ինքնութեան տարբեր բոյր մը կամ հարազատութեան իւրայատուկ քիմք մը չէ՞, որ կը սփռէ մայրենի լեզուն:
Այսուամենայնիւ, անտեղի է ծայրայեղութեան երթալ եւ միայն ու միայն կառչած մնալ հայերէնին: Անկասկած որ հայերէնի կողքին, գործնական եւ ասպարէզի պատճառով, հայորդին պարտաւոր է, որ տիրապետէ այլազան լեզուներու:
Աւելի՛ն. նաեւ պէտք է նեցուկ կանգնիլ հայերէնին, իր զանազան ենթաբաժանումներով (արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն եւ այլ բարբառներ)` կարելի եղածին չափ զայն զերծ պահելով օտար բառերու գործածութենէն:
Այս բոլորէն ետք, հայորդիին համար երկրորդական է, թէ ի՞նչ միջոցներու պէտք է դիմել` կանխելու համար նմանօրինակ յերիւրածոյ եւ սեթեւեթ մտայղացումներ:
Պաշտօնի վրայ գտնուող անձերու հրաժարականը երկրորդական է: Առաջնահերթութիւնը հայերէնի հանդէպ յարգանքն ու գուրգուրանքն է, որ ինքնին արդէն իսկ պաշտօնանկ ըրած կ՛ըլլայ զինք արհամարհողն ու չյարգողը:
Հուսկ, անհետացողը պիտի ըլլայ … ո՛չ թէ հայերէնը, այլ անոր դէմ գործող դաւադիրը:

aztagdaily.com/archives/465311