Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ` Արցախի Մասին Ձեռնարկ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

19 նոյեմբեր 2015

Երեքշաբթի, 17 նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լրագրողներու ականատեսի վկայութիւններ զինեալ տագնապներուն ընթացքին. Լեռնային Ղարաբաղի պարագան» խորագիրով ձեռնարկ, որուն ընթացքին իրենց վկայութիւնները ներկայացուցին լրագրողներ Տանա Մազալովան, Ցւետանա Փասքալեւան եւ Աննա Կարապետեանը: Անոնք Ղարաբաղի տագնապի տարբեր ժամանակաշրջաններուն գտնուած են Արցախ, իրողութիւնը վաւերագրած զինուորական գործողութիւններէն մինչեւ զինադադար:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Եւրոխորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Էլէնի Թէոխարուսի (Կիպրոս, ԵԺԿ) հովանաւորութեամբ: Դոկտոր Թէոխարուս ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն կամաւորաբար գտնուած է Արցախ` իբրեւ վիրաբուժ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեանի կողմէ ձեռնարկին բացումէն ետք խօսք առին դոկտ. Թէոխարուս եւ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան: Է. Թէոխարուս անգամ մը եւս հաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ անոր ազատ ինքնորոշման իրաւունքին:

Ապա, Ցւետանա Փասքալեւա ըսաւ, որ Ազրպէյճան պէտք է դադրեցնէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը, որ ոեւէ վայրկեան կը սպառնայ պատերազմի վերածուիլ: Ան յատկանշականօրէն նշեց, որ Արցախի ժողովուրդը իր զոհողութեամբ յաղթեց եւ կերտեց խաղաղ ապրելու իրաւունքը: Ապա ցուցադրուեցաւ Փասքալեւայի նկարահանած ժապաւէններէն մին` ռազմական դաժան տարիներուն նկարահանուած եւ ներկայիս խաղաղ պայմաններուն մէջ աւարտած:

Իր կարգին չեխ լրագրող Տանա Մազալովա ներկայացուց իր վկայութիւնները` կեդրոնանալով Խոճալուի եւ ազրպէյճանական քարոզչութեան վրայ: Մազալովա անդրադարձաւ նաեւ Ազրպէյճանի ներկայի հակահայ եւ հակաժողովրդավարական իրականութեան:

Ապա լրագրող Աննա Կարապետեան իր վկայութիւնները տուաւ 1994 մայիսի զինադադարին մասին:

Յաջորդեց հարց – պատասխան, որուն ընթացքին ներկայ գտնուող երեսփոխանները կրկին անգամ հաստատեցին իրենց նեցուկն ու օժանդակութիւնը Արցախին եւ վերահաստատեցին ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը:

Գասպար Կարապետեան` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը կարեւոր նկատեց այս ձեռնարկը` ըսելով, «Եւրոպական կառոյցները, եւրոպական զանազան երկիրները պէտք է ճիշդ եւ լաւ ձեւով իրազեկ պահուին Արցախի հարցին մասին եւ Ազրպէյճանի քարոզչութեան դէմ դրուի: Այսօր, այս խիզախ լրագրողները իրականութեամբ, արդարութեամբ, իրենց վկայութիւններով իրենց ձայները բարձրացուցին Եւրոպայի կեդրոնին մէջ` քաւիարային դիւանագիտութեան դէմ»:

ԱԶԴԱԿ

http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail