Թուրքիոյ Մարտին Նահանգին Մէջ Հայկական եւ Ասորական Գերեզմանոցներուն Վրայ Հարսանեաց Սրահ եւ Զբօսայգի Կը Կառուցեն

Թուրքիոյ Մարտին Նահանգին Մէջ Հայկական եւ Ասորական Գերեզմանոցներուն Վրայ Հարսանեաց Սրահ եւ Զբօսայգի Կը Կառուցեն

Թուրքիոյ Մարտին Նահանգին Մէջ Հայկական եւ Ասորական Գերեզմանոցներուն Վրայ Հարսանեաց Սրահ եւ Զբօսայգի Կը Կառուցեն

11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Մարտինի Թարկեչիթ գաւառին մէջ ասորական եւ հայկական գերեզմանոցի վրայ թրքական իշխանութիւնները 1 միլիոն 270 թրքական լիրայով զբօսայգի եւ հարսանեաց սրահ կը կառուցեն:

Այդպիսով իշխանութեան ղեկին գտնուող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը կատարած է իր նախընտրական խոստումը, որ տուած էր տեղի բնակիչներուն։

Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով Mezopotamya լրատուական գործակալութեան հրապարակումը:

Աղբիւրին համաձայն` նորակառոյց տարածքին մէջ տեղակայուած պիտի ըլլան խաղասրահ, մարզասրահ եւ հարսանեաց սրահ:

Կառուցումը արդէն սկսած է: Տեղացիներուն այս տարուան Մարտ 31-ին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն նման խոստում տուած էր Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան թեկնածուն: Գերեզմանոցներու վրայ կառուցուող զբօսայգիին եւ հարսանեաց սրահի բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն:

Թէեւ տեղի որոշ բնակիչներ ընդդիմացած են այդ նախագծին` մասնաւորապէս շեշտելով, որ այդ տարածքին մէջ կը գտնուին ասորական եւ հայկական գերեզմանոցներ: Անոնք յայտնած են, թէ այգիի եւ հարսանեաց սրահի կառուցումը դադրեցնելու խնդրանքով բազմիցս դիմած են համապատասխան մարմիններուն, սակայն դիմումները անտեսուած են:

Տեղի բնակիչներէն ասորի Ապտիւլմեսիհ Էրկիւնը լրատուական գործակալութեան թղթակցին յայտնած է, որ սեփական ձեռքերով փակած է երեխայի մը պատկանող գերեզմանը, որուն վրայ խաչ նկատած է: Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները չեն դադրեցուցած զուարճատեղիներու կառուցումը:

Էրկիւն նաեւ ըսած է․ «Այստեղ ասորիներ եւ հայեր ապրած են։ Սա քրիստոնէական գերեզմանոց էր: Գերեզմանները կրօն, լեզու եւ ազգութիւն չունին: Այս վայրերու մէջ տարբեր հաւատքներ ունեցած մարդիկ ապրած են: Գերեզմանոցի վրայ զուարճատեղիի եւ զբօսայգիի կառուցումը բարոյական չէ եւ չի համապատասխաներ խղճի թելադրանքին: Ասոնք մարդկային արժէքներ են: Մենք, որպէս հասարակութեան ներկայացուցիչներ, պէտք է այս ամէնը նկատի ունենանք»:

Թարգմանեց Մելինէ Անումեանը

yerakouyn.com/2019/11/11/թուրքիոյ-մարտին-նահանգին-մէջ-հայկակա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail