Առանց ԼԵռնային Ղարաբաղի Որեւէ Համաձայնութիւն Հնարաւոր Չէ․ Լաւրով

Առանց ԼԵռնային Ղարաբաղի Որեւէ Համաձայնութիւն Հնարաւոր Չէ․ Լաւրով

11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի կարծիքով, առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անհնար կ՛ըլլայ ձեւակերպել որեւէ համաձայնութիւն` կապուած ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն հետ:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Լաւրով յայտարարեց Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 11-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի ներկայացուած չըլլալուն մասին հարցումին:

«Աւելի առաջ, երբ դադրած էին ռազմական գործողութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններու մասնակից էր, սակայն ինչ-որ փուլի ժամանակ Հայաստանի նախկին նախագահներէն մէկը որոշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի շահերը պիտի ներկայացնէ Երեւանը:

Որեւէ պարագային մենք, որպէս համանախագահներ, կրնանք միայն աւելցնել, որ գործընթացը ընթացած է ընդհանուր համաձայնութեամբ: Առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, անոր բնակչութեան՝ անհնար կ՛ըլլայ ձեւակերպել որեւէ համաձայնութիւն: Հայաստանը ուղղակի չի ստորագրեր»,- ըսած է Լաւրով:

Զոհրաբ Մնացականեան նշած է, որ որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր` Հայաստանը յանձնառու է ապահովել խաղաղ կարգաւորման այնպիսի միջավայր, որ կը յարգէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, յատկապէս` ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը առանց սահմանափակման եւ հարկադրանքի:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/11/11/առանց-լեռնային-ղարաբաղի-որեւէ-համաձա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail