Թուրքիոյ (Շատոնց Բացայայտուած) Գաղտնի Զէնքը–ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՇԱՏ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցած Ուրբաթ օր (13 Նոյեմբեր) Փարիզի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն վերիվարոյ ծանօթ ենք բոլորս ալ:

Արեւմուտքի քարոզչական միջոցներու (տպագիր, էլեքտրոնիք թէ հեռասփռուող) հակազդեցութիւնը կը միտէր «տուփիկի» մէջ տեղաւորել պատահարը, որպէսզի քիչ մը խոր մտածելու առիթ չտրուի հանրային կարծիքին:

Այսպէս, դէպքին առթիւ ստեղծուած «հաշթակ»ները, դէպքին «աննախընթաց» որակուիլը, պատճառ – հետեւանք կապի ի սպառ չգոյութիւնը, բայց մանաւանդ արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած կազմակերպութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ սերտ կապերու մասին որեւէ ակնարկի բացակայութիւնը կը միտէին ամբողջութեամբ շեղեցնել հանրային կարծիքը հիմնական խնդիրներէն:

Փորձենք բացատրել:

Անցեալ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Իրաքի մէջ տեղի ունեցած նոյնանման ոճրային արարքներու զոհ գացին 714 իրաքցիներ:

Փարիզի ահաբեկչական դէպքերէն միայն երկու օր առաջ, Պէյրութի մէջ նմանօրինակ արարքի զոհ գացին աւելի քան 40 անմեղ քաղաքացիներ (աւելի քան 200 ուրիշներ ալ վիրաւորուեցան): Նոյն Պէյրութի մէջ երիտասարդ մը, Ատէլ Թըրմոս անունով, նկատելով կասկածելի մը, որ կը պատրաստուէր ինքզինք պայթեցնելու բազմութեան մէջ, նետուեցաւ վրան, պայթումէն ինք բզկտուեցաւ, բայց փրկեց տասնեակներով ուրիշներու կեանքերը: «Լը Մոնտ»ը, «Լը Ֆիկարօ»ն կամ CNN-ը անդրադարձա՞ն այս հերոսութեան:

Որեւէ մէկը մտածե՞ց «աղօթել» Իրաքի կամ Պէյրութի զոհերուն համար, որեւէ «հաշթակ» ստեղծուեցա՞ւ, «Ֆէյսպուք»ը իր օգտագործողներուն առաջարկե՞ց իրաքեան կամ լիբանանեան դրօշի գոյներով պատել իրենց դիմանկարները: Պատասխանը գիտենք բոլորս:

Գալով Փարիզի դէպքերուն «աննախընթաց» որակումին, այդ եւս սխալ է: Միայն մատի վրայ համրուող պարկեշտ լրագրողներ (որոնց շարքին՝ Ռապըրթ Ֆիսք) հանրութեան յիշեցուցին 1961 Հոկտեմբերին պատահած ուրիշ նախճիր մը… Փարիզի սրտին վրայ, Փալէ տէ Սփորին շատ մօտերը: Այդ օր աւելի քան 20,000 ալճերիացիներ ցոյց կը կատարէին (թէեւ չարտօնուած), իբրեւ զօրակցութիւն իրենց երկրի ազատագրական պայքարին: Ոստիկանութիւնը սպաննեց մօտաւորապէս 200 խաղաղ ցուցարարներ: Ոստիկանները շատ մը ցուցարարներու ոտքերն ու ձեռքերը կապելով, զանոնք նետեցին Սեն գետը… Այդ օրերուն Փարիզի ոստիկանապետն էր Մօրիս Փափոնը, որ 1940ական տարիներուն Փեթէնի գործակիցներէն եղած էր: Լէյլա Սեպպար անունով գրող մը մինչեւ իսկ վէպ մը գրած է այս նախճիրին նիւթով:

Իսկ ի՞նչ եղաւ Ֆրանսայի հակազդեցութիւնը Փարիզի մէջ Տաէշի կատարած ահաբեկչական արարքներէն ետք (արդէն հասանք այսօրուան մեր բուն նիւթին):

«Մենք պատերազմի մէջ ենք» յայտարարեց նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, եւ երկու օր ետք ֆրանսական օդուժը սկսաւ ռմբակոծել Տաէշի (*) դիրքերը Սուրիոյ մէջ: Պատերազմ, բայց որո՞ւ դէմ: Տաէշի՞: Բայց այս կազմակերպութիւնը ֆինանսաւորողներն ալ յայտնի են, անոր զինեալները զինող ու պարէնաւորողներն ալ յայտնի են, մարզումի կայաններ տրամադրող պետութիւններն ալ յայտնի են (Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Թուրքիա եւայլն): Յայտնի են նաեւ Սուրիոյ դէմ չյայտարարուած պատերազմին մէջ այս կազմակերպութեան զօրակցող արեւմտեան պետութիւնները (որոնց շարքին՝ Ֆրանսան), Տաէշի կողոպտած սուրիական քարիւղը գնողն ալ յայտնի է (Թուրքիա), նոյն Տաէշին հրահանգներ արձակողը ու զայն իր ամբողջական հակակշռին տակ պահողն ալ յայտնի է՝ դարձեալ ու միշտ Թուրքիան:

Մինչեւ այսօր, Արեւմուտքի, ներառեալ Ֆրանսայի կողմէ, գէթ հրապարակուած հակազդեցութիւններուն մէջ, մենք Թուրքիոյ մեղսակցութեան վերաբերող ոչ մէկ ակնարկութեան հանդիպեցանք:

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած Տաէշ ամէն տեսակի զօրակցութիւն կը ստանայ Թուրքիայէն, քաղաքական թէ գործնական գետնի վրայ: Այս կազմակերպութիւնը (ու անոր նմանները. անուններէն չխաբուինք) փաստօրէն վերածուած է Թուրքիոյ աղտոտ գործերը ընող «միլիս» խմբաւորումի: Թուրքիան այսօր այս խմբաւորում(ներ)ը կը գործածէ իր տարածաշրջանային ռազմավարական նպատակներուն համար: Այս ռազմավարական նպատակներէն մէկն ալ, երբե՛ք չկասկածինք, Հայաստանի ու հայութեան դիրքերու թուլացումն է:

Չմոռնանք Քեսապի դէմ կատարուած յարձակումը ու տեղւոյն հայութեան տեղահանութիւնը մէկուկէս տարի առաջ: Չմոռնանք Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանին եւ Հալէպի Քառասուն Մանկանց դարաւոր եկեղեցւոյ ականահարումները: Չմոռնանք Հալէպի հայաշատ թաղամասերու ռմբակոծումները: Ասոնք բոլորն ալ կատարուած են Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ, դրդումով կամ նոյնիսկ հրահանգով, միշտ՝ Անգարայի ռազմավարական շահերէն թելադրուած, որոնք էապէս հակահայ բնոյթ ունին:

Տաէշը, իբրեւ գործիք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ձեռքը, իբրեւ անոնց «գաղտնի» զէնքը (որ շատոնց բացայատուած է, ինչպէս ըսինք արդէն մեր խորագիրին մէջ), կրնայ լուրջ վտանգ սպառնալ Հայաստանին: Հայութիւնը, իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն, պէտք է գիտակցի այս նոր տեսակի վտանգին:

Այս հաստատումը կը կատարենք միայն ու միայն սթափ մօտեցում ցուցաբերելու տրամաբանութեամբ:

Թուրքիան այսօր նոր տեսակի ճակատ մը բացած է Հայաստանի ու հայութեան դէմ, ինչ որ մեզ կը մղէ ոչ միայն քարոզչական, այլեւ մանաւանդ՝ քաղաքական գետնի վրայ նորանոր նախաձեռնութիւններ առնելու պարտադրանքին տակ: Հո՛ս է, որ նաեւ կ՛իմաստաւորուի պաշտօնական Երեւանի ու Սփիւռքի տարածքին հայկական քաղաքական ուժի ներքին համադրումը:

(*) Հայկական մամուլը բծա-խնդրութիւն պէտք է ցուցաբերէ այս կազմակերպութեան անուանումին հարցով: Երբեք պէտք չէ գործածել Իսլամական պետութիւն, ISIL կամ ISIS անուանումները, որովհետեւ «պետութիւն» բառը գործածելով, զայն «օրինականացնելու» սուսուփուս ճիգին նպաստած կ՛ըլլանք: Ի վերջոյ «պետութիւն»ը կ՛ենթադրէ միջազգային օրինական դրուածքին մաս կազմել: Հետեւաբար՝ միայն Տաէշ:

19 Նոյեմբեր 2015

vproodian@gmail.com

http://asbarez.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail