«Միացէ՛ք Ազգային Արժէքներու Պաշտպանութեան Մեր Պայքարին»

«Միացէ՛ք Ազգային Արժէքներու Պաշտպանութեան Մեր Պայքարին»

14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

«Յարգելի՛ ուսանողներ, յարգելի՛ երիտասարդներ, արդէն քանիերորդ օրն է` մենք կու գանք այստեղ` կոչով ձեզի դիմելու, ձեզմէ խնդրելու, որ միանաք ազգային արժէքներու պաշտպանութեան մեր պայքարին», Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանագերմանական բաժանմունքի մասնաշէնքին մօտ ցուցարարներուն միանալու կոչով հանդէս եկաւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի հրաժարականը պահանջող երթի մասնակից, ՀՅԴ անդամ Գերասիմ Վարդանեան:

Ան յայտարարեց նաեւ, որ այսօր իրենց շարքերուն մէջ կանգնած են արժեհամակարգ թելադրող բազմաթիւ դասախօսներ, եւ կրկին կոչ ուղղեց միանալու իրենց պայքարին. «Միացէ՛ք ձեր դասախօսներուն: Միացէ՛ք անոնց արդարացի պայքարին: Միացէ՛ք ձեր սերնդակից ուսանողներուն: Միացէ՛ք մեր լեզուի, մեր պատմութեան, եկեղեցւոյ համար մղուող պայքարին»:

Գերասիմ Վարդանեանի համաձայն, այսօր որոշ ապազգային երեւոյթներ ձեռք բարձրացուցած են մեր ազգային արժէքներուն վրայ: «Մենք կա՛մ պէտք է բռնենք այդ ձեռքը, կա՛մ պէտք է կտրենք:

Մենք պիտի չարօտնենք, որ կեղտոտ ձեռքերով կեղտոտեն մեր լեզուն, կեղտոտեն մեր կրօնը, կեղտոտեն մեր պատմութիւնը: Մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», յայտարարեց նա:

Վարդանեան դիմեց նաեւ մտաւորականներուն, երգիչներուն, դերասաններուն` հարց տալով, թէ անոնք որքա՞ն պիտի լռեն:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/465645

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail