Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը ՔԱԿ-ի Դէմ «Քիրան-6» Գործողութեան Շղթայազերծումը Յայտարարեց
14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Վանի ու Շըրնաքի նահանգներուն եւ գիւղական շրջաններուն մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ շղթայազերծած է «Քիրան-6» գործողութիւնը:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կիսազինուորական ոստիկանութեան, ոստիկանութեան եւ գիւղերու պահակագունդերու 360 անդամներ կը մասնակցին «կազմակերպութեան զինեալներուն վերջ տալու» գործողութեան:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 19 օգոստոսին շղթայազերծած էր Կորճայքի, Շըրնաքի եւ Վանի նահանգներուն մէջ ՔԱԿ-ի զինեալներուն դէմ «Քասեր» գործողութիւնը, որուն հետեւած էին նոյնանուն իրերայաջորդ գործողութիւններ:

aztagdaily.com/archives/465678