«Ձեզ Չենք Ընդունիր, Հեռացի՛ր». Ֆրանսիահայ Երիտասարդները` Արայիկ Յարութիւնեանին
14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Ֆրանսահայ դաշնակցական երիտասարդները ՀՀ վարչապետին հետ Ֆրանսա այցելած Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին դիմաւորած են անոր հրաժարականը պահանջող պաստառներով եւ կարգախօսներով։
Անոնք այդպիսով զօրակցութիւն յայտնած են նաեւ Հայաստանի մէջ շուրջ մէկ շաբաթ առաջ սկսած ուսանողական շարժումին: Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը:
Յիշեցնենք` արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր Երեւանի մէջ կ՛ունենայ համաուսանողական բողոքի ցոյց:
Ուսանողները յայտարարած են, որ կը պահանջեն ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը, քանի որ ան ապազգային քաղաքականութիւն կը վարէ։
Nous avons interpellé ce soir, à Paris, le ministre de l’éducation arménien Arayik Harutyunyan.Nous avons tenu à lui rappeler que nous aussi exigeons sa démission, et qu’il n’existe pas de « Tachnagtsoutioun interne et de Diaspora », contrairement à ses dires. #ՊատվովՀեռացիր
Posted by FRA Nor Seround – ՀՅԴ Նոր Սերունդ on Wednesday, November 13, 2019
yerakouyn.com/2019/11/14/ձեզ-չենք-ընդունիր-հեռացի՛ր-ֆրանսիա/