ԵՊՀ Բանասիրական Ու Պատմութեան Բաժանմունքներու Դասախօսները Գործադուլի Սկսան

ԵՊՀ Բանասիրական Ու Պատմութեան Բաժանմունքներու Դասախօսները Գործադուլի Սկսան

14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՀՅԴ երիտասարդները եւ ուսանողները դիմեցին «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւններուն՝ օրէնքով սահմանուած ընթացակարգով անվստահութիւն յայտնելու Արայիկ Յարութիւնեանի նկատմամբ եւ թարգմանը հանդիսանալու ժողովուրդի պահանջին։

Մասնակցողներէն Արգիշտի Գէորգեան, ամփոփելով տեղի ունեցածը՝ նշեց, որ հասած են փուլի մը, որ կը տանի դէպի լուրջ իրավիճակ։ Ըստ անոր՝ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ իշխանութիւնները կ՛ուզեն երկխօսութիւն ունենալ, բան մը՝ որ առաջին անգամն ըլլալով կը դրսեւորուի, որովհետեւ մինչ այդ անոնց կողմէ վիրաւորանքներ կը հնչէին։

Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) բանասիրութեան բաժանմունքի ուսանողներէն Գէորգ Գիւլումեան նշեց, որ կը պայքարին նախարարութեան հայահալած քաղաքականութեան դէմ՝ աւելցնելով, որ հայոց լեզուի պաշտպանութեան ի խնդիր միացած են դաշնակցական երիտասարդներուն, որովհետեւ մտահոգ են հայերէնի իրավիճակով, որ կրնայ աւելի վատ ըլլալ նախարար Յարութիւնեանի նախագիծով։

Armenia’s Ancient Geographical Names – Babylonian World Map, British Museum, London

Միւս կողմէ, 13 Նոյեմբերի առաւօտուն, հայ բանասիրական եւ պատմութեան բաժանմունքներու դասախօսական կազմը, ղեկավարներուն գլխաւորութեամբ՝ խորհրդակցութիւն կատարեցին եւ կազմեցին 5 հոգինոց մասնագիտական խումբ մը, որ յայտարարութեամբ մը պիտի ներկայացնէ իրենց կատարելիք աշխատանքներուն կէտերը: Այս մասին լրագրողներու յայտնեց բանասիրականի դասախօսներէն Արշալոյս Գալստեան, որ դիտել տուաւ, թէ իրենք որոշած են միանալ ու աջակցիլ ուսանողներուն, որպէսզի անոնք առանձին չզգան։

ԵՊՀի Ժամանակակից հայոց լեզուի ամպիոնի դասախօս, գիտութիւններու թեկնածու Ռիտա Սաղաթելեան, որ միացաւ գործադուլին, յայտնեց, որ համալսարանին մէջ չի քննարկուիր Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի հարցը, այլ անոր ներկայացուցած նախագիծերը՝ հայոց լեզուին վերաբերող:
«Նախարար Արայիկ Յարութիւնեանն այս թէզը հիմնաւորում է, որ արւում է, այսպէս ասած, մեր ուսանողներին մեխանիկօրէն (մեքենականօրէն-Խմբ.) կրթութիւնից ազատելու համար:

Բոլոր յայտարարութիւններն արւում են ակնյայտ հեգնանքով:

Մենք ճանապարհ անցած գիտնականներ ենք, համալսարանում չենք զբաղւում հայոց լեզուի կանոնների սերտումով: Մենք բուհում լրիւ այլ առաքելութիւն ունենք: Մենք համալսարանում վաղուց արդէն նոր ծրագրերով, մեթոդներով, ժամանակակից պահանջներին համապատասխան հայոց լեզու ենք դասաւանդում, շեշտը դնում ենք մեր ուսանողների խօսքի վարպետութեան վրայ, ուսումնասիրում ենք այնպիսի հարցեր, ինչպիսին է խօսքի էթիկա (բարոյախօսութիւն-Խմբ.), խօսքի տրամաբանականութիւն, հռետորութեան արուեստ, բանավէճի արուեստ: Արդէն չորս տարի ուսանողի սեղանին դրուած է նոր դասագիրք՝ «Հայոց Լեզու Եւ Խօսքի Մշակոյթ», ըսաւ Ռ. Սաղաթելեան:

Ան շեշտեց, որ մարդ որքան ալ սորվի իր մայրենին, այդքան տակաւին ընկալելիք կ՛ունենայ։ «Հեռու հայոց լեզուից, ձեռքներդ հեռու հայոց լեզուից ու հայ գիտնականից: Հայագէտները, գիտնակաները շատ լաւ գիտեն իրենց անելիքները: Մեր երկրում աւելի խոցելի խնդիրներ կան, աւելի լաւ կը լինի այս փուլում աւելի լուրջ խնդիրներով զբաղուէք, հայագիտութիւնը վստահելի ու ապահով ձեռքերում է», եզրափակեց Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսը:

Մինչ այդ ԵՊՀի ուսանողները շարունակեցին պահանջել Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջը:

asbarez.com/arm/357583/ԵՊՀ-Բանասիրական-Ու-Պատմութեան-Բաժանմ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail