ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ԿԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ

ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ԿԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ
kouyoumjian
Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն, ազգային օրակարգի հիմնախնդիր կը դառնայ ընդհանրապէս Հայ մշակոյթը, կը խօսինք, կը գրենք անոր մասին, կը պանծացնենք ու կը բարեբանենք զայն, առանց մինչեւ վերջ հասկնալու այս չարաչար հոլովուած, հոլովուող, թութակաբար կրկնուող եզրոյթ-հասկացութիւնը….

Ազգի մը, ազգային պետականութեան մը էական բնորոշիչը մշակոյթն է իր ամէնէն լայն իմաստով, ուր կ’արտացոլայ անոր ուրոյն երանգը՝ համաշխարհային մշակոյթներու ներկապնակին մէջ, անոր ուրոյն տեղն ու դերը մշակոյթներու խճանկարին մէջ, անոր սեփական դիմագիծը աշխարհի ժողովուրդներու խառնարանին մէջ….Ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ռազմական հզօրութիւնը, ո՛չ աշխարհագրական կամ աշխարհաքաղաքական նպաստաւոր դիրքը պիտի կրնար արտացոլացնել ժողովուրդի մը, երկրի մը էութիւնը, ոգին, դիմագիծը՝ առանց անոր մշակոյթին:

Մեր պարագային, հայեցի հարազատ մշակոյթն է ազգային մեր ինքնութեան, ազգային մեր էութեան բանալին, որ արտայայտութիւն կը գտնէ հայ գիր ու գրականութեան, հայ բանաստեղծութեան, հայ երգ ու պարի մէջ, հայ ճարտարապետութեան, նկարչութեան, կերպարուեստի երկերուն, կոթողներուն, յուշարձաններուն մէջ, ուր վճիտ ցոլքով կը ցոլան՝ հայ հոգին ու ոգին, աշխարհը ընկալելու, զգալու, ապրելու հայեցի կերպը, ոճը, գեղեցիկի ճաշակը, հայուն հոգեբանութիւնը, մտայնութիւնը, նկարագիրը, երազն ու տեսիլքը…: Տակաւին, անոնց մէջ կը գտնենք հայրենի աշխարհը, որ Կոստան Զարեանի սեղմ տողերով՝ «Խոր եւ ներուժ պարզութիւն է….Լոյս է եւ քար: Պղնձացած ժայռերով կոխկռտուած ամայութիւն: Խենթ մի հով:… Բայց ուր «քո հոգուդ մէջ, յանկարծ, կ’իջնի կրակով, հրաշքով գրուած գիրք մի բաց…»: Ի՛նչ խորիմաստ կը հնչէ Կոստան Զարեանի սեղմ բնութագրումը հայրենեաց աշխարհի. «Խոր եւ ներուժ պարզութիւն է Հայաստան»….: Այս խորունկ բայց վսեմ ու լուսաւոր պարզութիւնը կայ, արդարեւ, մեր վանքերուն ու եկեղեցիներուն մէջ, հայ երգ ու տաղին եւ հայ արուեստի ու մշակոյթի տարբեր արտայայտութեանց մէջ, դարէ-դար….Նարեկացիէն մինչեւ Քուչակ ու Սայեաթ Նովա, Շնորհալի եւ Կոմիտաս, Մեծարենցէն մինչեւ Չարենց ու Թէքէեան…

Հայ մշակոյթին եւ հայ մարդուն միջեւ կապը այնքան սերտ է, այնքան բնական, որքան կապը ծնողքին ու զաւակին միջեւ, եթէ չէ խաթարուած ան, քանզի ժողովուրդը հաւաքականօրէն ծնունդ կու տայ իր մշակոյթին՝ դարերու ընդմէջէն, եւ փոխադարձաբար, անիկա՝ մշակոյթը, իր ամէնէն բարձր ձեւերուն մէջ, կը դառնայ հոգեմտաւոր սնունդ ու մանանա, ընդհանրական բարիք, տէրունական հաց ու արիւն ազգի բոլոր զաւակներուն համար անխտիր….

Ահա թէ ինչու, հայրենի իր բնօրրանէն տարագիր հայը՝ յետ-եղեռնեան տարիներուն յատկապէս, կառչեցաւ իր մշակոյթին, մշակութապահպանութեան սրբազան գործին, իր դպրոցներու ցանցով թէ այլապէս, որպէսզի հողի կորուստով վտանգուած իր հայկականութիւնը կարենար գէթ պահել-պահպանել հայ մշակոյթի աւիշով կենսական: Զուգահեռաբար, Հայաստանի խորհրդային անազատ պայմաններուն տակ նոյնիսկ, հայը կառչեցաւ իր մշակոյթին, հայ գիր ու գիրքին, հայ երգ ու պարին, հայ երաժշտութեան եւ գեղարուեստին, հայօրէն ապրելու, հայօրէն յարատեւելու համար, որպէս ամէնէն հզօր երաշխիքն ու գրաւականը հայապահպանութեան եւ հայակերտումի սրբազան նպատակներու կենսագործման….

Առանց հայ մշակոյթի հետ փոխադարձ սերտ կապի, առանց անոր կենսայորդ աւիշին, մենք կը դադրինք հայ ըլլալէ, լաւագոյն պարագային դառնալով ծագումով հայ միայն: Այսօր, երբ Հայկական ցեղասպանութեան մէկդարեայ տարելիցը կը նշենք հաւաքաբար, կ’անդրադառնա՞նք արդեօք այն անհերքելի ճշմարտութեան, որ հողի կորուստէն աւելի ահաւոր է մշակութային կամ ինքնութեան կորուստը, քանզի նոյնիսկ եթէ բաղձալի օր մը, մենք վերանուաճենք բռնագրաւուած Հողը, արդեօ՞ք վերածուած չենք ըլլար անդէմ ու անդիմագիծ փերեզակներու տխուր զանգուածի, եթէ խզած ըլլալով մեր պորտակապը մեր հարազատ մշակութային ինքնութեան հետ, մեր ազգային արմատներուն հետ, դադրած կ’ըլլանք հայուն շարունակական էութեան, հայկականութեան կրողը ըլլալէն, որ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ հայ մշակոյթի ոգեկան ներարկումով մշտական….եւ, հետեւաբար, ի՞նչ ոգեղէն բովանդակութիւն կրնայ ունենալ, նման պարագային, հայրենեաց հողը…., եթէ անոր հարազատ տէրը պարպուած ըլլայ իր հայկականութենէն:

Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, ներկայիս մենք շարունակ եւ իրաւացիօրէն կը խօսինք ու կը գրենք մեր երկրին մէջ տիրող կարգ ու սարքի բարեփոխութեան մասին: Բայց, ազգային պետականութիւնը ճիշդ ուղիի վրայ դնելու համար, կը բաւէ՞ արդեօք ունենալ միայն ժողովրդավար, ազատ, արդար ընտրութիւններ, նոյնիսկ օրէնքի գերակայութիւն, եթէ այնտեղ բացակայ է ազգային մշակութային արժեհամակարգը, քանզի վերջինն է, անտարակոյս, ազգային պետականութեան եւ ազգային հաւաքական կեանքի բուն բովանդակութիւնը, անոր գոյութեան իմաստ ու արժէք պարգեւողը: Անոնց «raison d’etre»ը:

Ազգային պետականութեան համակարգի հիմքերու հիմքը հոգեւոր-բարոյական-մշակութային արժէքներու համակարգն է, որ անշուշտ տեւաբար կը նորոգուի, ներդաշնակուելով ներկայ կեանքի պահանջներուն եւ կարիքներուն հետ, առանց էապէս շեղելու ազգային մեր տեսակը սահմանող հոգեւոր-մշակութային արժէքներէն, իտէալներէն, գաղափարէն….: Այլապէս, անչափ դիւրին է զոհ երթալ՝ ներկայ սպառողական քաղաքակրթութեան դաւանած հակամշակոյթի «արժէքներուն», ազատ շուկայի տնօրինումներուն եւ կորսնցնել ազգային դիմագիծ եւ ինքնութիւն, այսինքն՝ ապահայանալ, համաշխարհայնացման եւ դրամի կայսերապաշտութեան ահեղ յորձանքին անձնատուր….

Դարերու խորքէն, հելլէն մեծ փիլիսոփայ Սոկրատեսի խօսք-պատգամը՝ «Ծանիր Զքեզ»-ը կը հնչէ իր համակ այժմէականութեամբ, հրատապութեամբ: Մենք էական, ճակատագրական կարիքը ունինք այսօր եւ ընդմիշտ ճանչնալու մենք զմեզ, հոգեմտաւոր սնունդ ստանալու մեր հարազատ մշակոյթի ակունքներէն, փոխադարձաբար զայն նորոգելու, հարստացնելու նորանոր դրսեւորումներով, նորանոր արտայայտութիւններով, սերունդէ-սերունդ անխզելի շարունակականութեամբ: Առանց անոր, մենք կը դադրինք հայ ըլլալէ, եւ, հետեւաբար, իմաստ ու արժէք ալ չունենար ո՛չ հողային Պահանջատիրութիւնը, ո՛չ ալ հզօր ազգային պետականութիւն ունենալու տեսլականը:

Օտարէն մշակոյթ, շատ անգամ հակամշակոյթ մուրալը, զայն կապկելն ու նմանակելը հաւասարազօր են ոչ միայն օտարամոլութեան ախտի դրսեւորման, ինքնաճանաչման եւ ինքնագիտակցութեան պակասի, այլեւ հաւասարազօր են ազգային ինքնուրացման, ազգային դաւաճանութեան եւ հուսկ՝ ազգային ինքնաոչնչացման:

Հայ ըլլալը կը պայմանաւորուի հայ մշակոյթով, քանզի Հայ մշակոյթը էապէս հայ հոգիի կրողն է:

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Խմբագրական

http://azadkhosk.com/khempakragan5201.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail