ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ, ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉԵԼՈՒ ԵՒ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ:

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ, ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉԵԼՈՒ ԵՒ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ:

arevmdyan-hayasdani-garavaroutyoun-trochag arevmdahayeren (1)
Ելոյթ՝ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցումի խնդիրներ» համաժողովի, 2015 թ.յուլիսի 29-են-30-ը ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճի մէջ:
Փետրուար 2010-ի արեւմտահայերէնը մտցուած է ՅՈՒՆԵՍԿՈ-ի (ՄԱԿ-ի կրթական, գիտական եւ մշակոյթային կազմակերպութիւն) աշխարհի վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ:
Վտանգուած կը համարէն այն լեզուները, որոնց երեխաները որպէս մայրենի լեզու, իրենց հայրենիքի մէջ այլեւս չեն սորվիր:
Այսօր արեւմտահայերէնը կը խօսուի, կոստանդանապոլիսի, մերձաւոր արեւելքի, հայկական գաղթօճախներու եւ հայաստանի հանրապետութիւն հաստատուած սուրիացի փախստականներու կողմէ:
Հայկական գաղթօճախներու մէջ արեւմտահայերէնի անհետացումը ժամանակի խնդիր է եւ հաւանականօրէն շուտով կ՛անհետանայ, քանի որ, արեւմտահայերէն խօսողները չեն գտնուիր իրենց բնական հայրենիքի մէջ, ժամանակի ընթացքին իրենց առօրեայ կեանքի մէջ չեն օգտագործէր արեւմտահայերէնը եւ կը սահմանափակուին միայն իրենց ընտանեկան կեանքէ ներս:
Ներկայիս կոստանդապոլիսի շրջանը կը բնակուին շուրջ 60 հազար հայ:
Այստեղ հայ համայնքը ունի 18 դպրոցներ, որտեղ նաեւ կը սորվին արեւմտահայերէնը որպէս երկրորդ լեզու, մնացած բոլոր առարկաները թուրքերէն լեզուով են,կարելի է ըսել որ հայ երեխաները, աշակերտները արեւմտահայերէնը կը սորվին եւ կը խօսին դպրոցներու մէջ, իրենց առօրեայ կեանքի մէջ քիչ կ՛օգտագործեն արեւմտահայերէնը, այս ալ կը նպաստի արեւմտահայերէնի թուլացումը հայ ազգաբնակցութեան մէջ:
Արեւմտեան հայաստանի իսլամացած, թուրքացած եւ քրտացած հայերու թիւը կը հասնի մօտաւոր 4-են 5 միլիոն, ասոնց մէկ մասը իմանալով իրենց հայ արմատներու մասին, կը վերադառնան իրենց հայ արմատներուն, կը փոխեն իրենց անուն ազգանուները կը մկրտուին եւ շատ կարեւորը հայերէն կ՛ուզէն սորվիլ, մենք ունինք կարելիութիւն իրենց միջոցաւ պահպանել, վերակենդանացնել եւ զարգացնել արեւմտահայերէնը:
Արեւմտեան հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան նախարարութիւնը իր կարելիութեան սահմաններու մէջ, արդէն երկար ժամանակ է կ՛աշխատի օգնել մեր հայրենակիցներու կազմակերպելով իրենց համար արեւմտահայերէնի դասընթացքներ:
Այսօր տերսիմի, տիգրանակերտի, մուշ եւ վան քաղաքներու իսլամացած եւ քրտացած հայերէն կազմաւորուել է հայ համայնքներ, տերսիմի եւ մուշի մէջ արդէն մի քանի ամիս է ձեռնարկուել է արեւմտահայերէնի դասընթացքներ, տիքրանակերտի դասընթացքներու երկրորդ փուլը կ՛ սկսի սեկտեմբերին, իսկ վանի դասընթացքները սկսելու աշխատանքները ընթացքի մէջ են:
Մեր կարելիութիւնները սահմանափակ են եւ օգնութեան պէտք ունինք Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, սփիւռքի նախարարութեան եւ անհատական հովանաւորներու:
Արեւմտեան հայաստանի հանրապետութիւնը մշակած եւ ընդունած է նաեւ օրէնք, որտեղ պարտաւորուած է պահպանել, դասաւանդել եւ զարգացնել արեւմտահայերէնը, որպէս արեւմտեան հայաստանի հանրապետութեան հիմնական լեզու:

Վրէժ Քոսայեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կրդութեան Նախարար
29 Յուլիս 2015-ը
Հեռ՝ 091-27 45 18
vrekos@hotmail.se

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail