
Ակնարկ. 21-րդ Դարու Հայկական Կրթակարգ. Բովանդակային Քննարկումի Անհրաժեշտութիւնը
16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Հայաստանի մէջ «Հայոց լեզու», «Հայ գրականութիւն», «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթերը բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու մէջ ոչ պարտադիր դարձնելու նախաձեռնութիւնը տեղի տուած է թէժ եւ լարուած իրավիճակներու: Դասադուլներ, նստացոյցեր, բանավէճեր, բողոքի գործողութիւններ` հասնելու համար նախարարի հրաժարականի պահանջ` խնդիրը կրթականէն մղուած է հասարակական-քաղաքական հարթութիւն եւ ստացած սուր հնչեղութիւն:
Կարելի է ըսել, որ նման նախաձեռնութեան մը բուռն հակազդեցութեան արժանանալը այնքան ալ յանկարծակի չէ: Հայագիտական նիւթերու նկատմամբ որեւէ որոշում, որ դասանիւթերու պակսեցում կրնայ ենթադրել, առիթ կու տայ բողոքի. ատիկա ըլլայ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ:
Լեզուական եւ ընդհանրապէս հայագիտական նիւթերը զուտ կրթականէն անդին աւանդաբար ստացած են գոյութենապահպանման, գաղափարախօսական եւ նոյնիսկ ազգային կենսափիլիսոփայական ընկալում: Հետեւաբար որեւէ փորձ, որքան ալ մասնագիտականօրէն բացատրուի, կը նկատուի ոտնձգութիւն նման ընկալումներով հանգչած ու արմատաւորուած մտածողութեան նկատմամբ:
Խնդիրին մասնագիտական քննարկումը անհրաժեշտ է: Տարբեր դիտանկիւններէ` բանասիրական, գրականագիտական, լեզուագիտական եւ պատմագիտական մօտեցումներով, անհրաժեշտ են հիմնաւորումները նման նախագիծի բերելիք առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն: Օրինակ, եթէ կ՛առարկուի, որ ամէնէն անուանի համալսարաններուն մէջ ոչ հասարակագիտական մասնագիտութիւններու պարագային ուսանողներուն չի պարտադրուիր իբրեւ դասանիւթ` սեփական ժողովուրդի լեզուն, գրականութիւնն ու պատմութիւնը, ապա անհրաժեշտ է նկատի ունենալ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու գէթ առաջին տասը հորիզոնականները գրաւածներուն պարագաները: Համեմատական ուսումնասիրութիւնը նկատի կ՛ունենայ անշուշտ նաեւ տարբեր աշխարհագրական միջավայրերը:
Կը հետեւի երկրորդ հարցումը. այն համալսարանները, ուր պարտադիր չեն տուեալ դասանիւթերը, նախ ընդունելութեան քննութիւններուն մէջ նոյն նիւթերու տիրապետման համար ի՞նչ տեսակի չափորոշիչներ ճշդած են: Իրենց հանրակրթական բաժինը յագեցա՞ծ է այդ դասանիւթերով. այլ խօսքով` երկրորդական վարժարանը աւարտողը կը տիրապետէ՞ իր երկրի գրական լեզուին, ունի՞անհրաժեշտ գիտութիւնը իր ժողովուրդի գրականութեան եւ պատմութեան:
Հիմա հարց կը ծագի, որ եթէ նկատուած է, որ համալսարան հասած ուսանողը չունի բաւարար տիրապետում այս անհրաժեշտ նիւթերուն, այդ պարագային միջամտելու անհրաժեշտութիւն կայ հանրակրթակարգի բաժինին մէջ սկսելու համար: Եւ թերեւս մասնագիտական քննարկումը եւ անոր հետեւող չափորոշիչներու ճշդումը յանգեցնէ այն բանաձեւին, որ մինչեւ հանրակրթական բաժինի այս առումով գոյութիւն ունեցած բացթողումները սրբագրելը, պէտք է պարտադիր պահել խնդրոյ առարկայ նիւթերը` բոլոր մասնագիտութիւններուն համար:
Այլապէս ալ կրնայ ստեղծուիլ նման կացութիւն:
Ճարտարապետութիւնը օրինակ, ոչ հասարակագիտական մասնագիտութիւն կը նկատուի: Հայ ճարտարապետը սակայն կամ Հայաստանի պետական համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքը աւարտողը պիտի իմանա՞յ հայ ճարտարապետութեան պատմութեան մասին:
Նման մասնագիտութիւն կ՛ենթադրէ աւելին` քան երկրորդական բաժինի մէջ տրուող պատմութիւնը: Հայոց պատմութեան տարբեր փուլերու ազդեցութիւնը, համաշխարհային քաղաքակրթութեան դէպի Հայաստան ներգործութիւնը, ճարտարապետական ոճի ինքնուրոյնութեան պահպանման ճիգը, տարածաշրջանին մէջ հայկական ճարտարապետութեան արտահանման փաստերը շատ աւելի են եւ խորացեալ, քան երկրորդական բաժանմունքի մէջ տրուող հայոց պատմութիւնը: Իսկ հայ ճարտարապետը, ան ալ Հայաստանի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւն աւարտողը, անհրաժեշտ է, որ իր մասնագիտութեան համարժէք պատմութեան տիրապետէ: Տրդատ ճարտարապետէն մինչեւ Մոմիկ եւ Թորոս Թորամանեան: Հասնելու համար արդի հայ ճարտարապետագիտութեան:
Հայ բժիշկը կամ հայ իրաւաբանը հայ բժշկութեան պատմութիւնը, որուն համար գիտական հսկայական աշխատասիրութիւններ գոյութիւն ունին, առնուազն մէկ դասանիւթի պէտք է հետեւի իր մասնագիտացման ընթացքին` իրազեկուելու համար հայոց բժշկական պատմութեան մանրամասնութիւններուն, որոնք յամենայն դէպս միջնակարգի կամ երկրորդականի մէջ չի ստանար, հասկնալիօրէն: Նոյնն է պարագան իրաւաբանութեան ուսանողին, հայ իրաւագէտին, որ հայոց իրաւագիտական գրականութեան ծանօթանալու պարտաւորութիւնը ունի: Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»-էն մինչեւ Շահամիրեանի «Որոգայթ փառաց»-ը, մինչեւ Սահմանադրութիւն: Կամ բժշկագիտութեան պարագային խորապէս ծանօթանալու Մխիթար Հերացիին կամ Ամիրդովլաթ Ամասիացիին:
Լեզուական առումով ընդգծուած ձեւով կայ մասնագիտական միջազգային եզրաբանութիւնը հայացնելու խնդիր: Բժշկականէն իրաւաբանական, անցնելով ճարտարագիտութեան կամ տեղեկագիտութեան հսկայական բառապաշարի հայացման (կամ արդէն որոշ չափով հայացուած) բաժին կայ: Այս ոլորտներու հայ մասնագէտը մասնագիտական բառապաշարը հայերէնով օգտագործելու հրամայականին առջեւ է: Իսկ այս առաջադրանքը մնայուն նորացուող է, որովհետեւ մասնագիտութիւնները իրենք թէ՛ իբրեւ տեսութիւն եւ թէ՛ իբրեւ կիրառութիւն անվերջ, անընդհատ նորացման գործընթացի մէջ են:
Կարելի է հետեւցնել, որ խնդիրը ոչ թէ հանրակրթութեան մէջ կիրարկուածին (որ անպայման վերագնահատուելու անհրաժեշտութիւնը ունի) մասին է, այլ յատուկ մասնագիտական ոլորտի պատմութեան, լեզուի կամ գրականութեան:
Բայց նման բանաձեւերու յանգելու համար անհրաժեշտ է փորձաքննութիւն եւ փորձագիտական բովանդակային քննարկում: Խնդիրը քաղաքական չէ: Առաջադրանքը` 21-րդ դարու թէ՛ արհեստավարժ, թէ՛ իր ոլորտի պատմութեան, անոր մասին ծաւալած գրականութեան եւ նորացուող ու կերտուող եզրաբանութեան իրազեկ հայ մասնագէտին անհրաժեշտ կրթակարգը տրամադրելն է:
«Ա.»
aztagdaily.com/archives/465961





