Ասատ. «Լիբանանի Եւ Իրաքի Մէջ Ցոյցերը Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցածներուն Չեն Նմանիր»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ

Ասատ. «Լիբանանի Եւ Իրաքի Մէջ Ցոյցերը Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցածներուն Չեն Նմանիր»

16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց. «Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ ցոյցերը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածներուն չեն նմանիր»: Ան այս մասին յայտնեց «Ռուսիա24» պատկերասփիւռի կայանին եւ «Ռուսիա Սեկոտնիա» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՛ Լիբանանի, Իրաքի եւ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը կը յիշեցնե՞ն Սուրիոյ դէպքերուն սկիզբը, Ասատ ըսաւ. «Այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախ եւ առաջ այն էր, որ խումբ մը մարդոց դրամներ կը վճարուէին, որպէսզի դուրս գան քայլարշաւի, որովհետեւ նպատակ ունէին ընդհանուր կացութեան մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել»:

«Կրակոցն ու սպանութիւնը սկսաւ ցոյցերու առաջին օրերէն ի վեր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ինքնաբուխ չէին, որովհետեւ գումարները կային, ինչպէս նաեւ զէնքերը, ուստի կարելի չէ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածն ու այլ երկիրներու կացութիւնը իրարու նմանցնել», ըսաւ ան:

«Եթէ մերձակայ երկիրներուն մէջ ընթացք առած ցոյցերը ինքնաբուխ, անկեղծ եւ երկրին մէջ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ պայմաններու բարելաւման ազգային փափաքի արտայայտութիւն են, ապա պէտք է հայրենասիրական մնան, որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէն ինչին միջամտող երկիրները, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի նման արեւմտեան երկիրները, անպայման պիտի շահագործեն այս կացութիւնը դերակատարութիւն ունենալու եւ հարցերը իրենց շահերուն ծառայող ուղղութեամբ տանելու համար», նշեց Սուրիոյ նախագահը:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ

«Ամէնէն կարեւորը այն է, որ հարցերը մնան ազգային ծիրին մէջ, որովհետեւ պիտի ունենան դրական արդիւնքներ, որովհետեւ ժողովուրդի կարծիքն են, սակայն, երբ արտաքին ազդակը մուտք գործէ, պիտի վերածուին ազգային շահերուն դէմ, եւ այդ է, որ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ», ըսաւ Ասատ:

Սուրիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք պիտի ներկայացնէ Ամերիկայի դէմ` սուրիական քարիւղը գողնալուն համար: Ան բացառեց, որ ՄԱԿ-ը այդ ուղղութեամբ որեւէ քայլ կատարէ, որովհետեւ «ո՛չ ՄԱԿ գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ միջազգային օրէնք: ՄԱԿ-ին ներկայացուած բոլոր բողոքները կը մնան դարակին մէջ, որովհետեւ գոյութիւն ունի կիսապետութիւն մը (Միացեալ Նահանգները, «Ա.»), որ իշխուած է աւազակախումբերու կողմէ եւ կը գործէ ուժի սկզբունքով, ինչպէս քիչ առաջ կ՛ըսէինք, անոնք գողերու խումբեր են, եւ անոնց միջեւ պայքարը շահերու եւ կորուստներու վրայ հիմնուած պայքար է»:

Ասատ ըսաւ, որ ամերիկեան ուժերու Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը պիտի յառաջացնէ զինեալ դիմադրութիւն մը, որ պիտի յանգի սուրիական հողերէն անոնց հեռանալուն:

«Մենք անշուշտ չենք մտածեր ռուս-ամերիկեան բախումի մը մասին, ատիկա պարզ է եւ մեզի համար նպաստաւոր չէ, ո՛չ ալ Ռուսիոյ կամ համաշխարհային կայունութեան, ատիկա վտանգաւոր բան մըն է, սակայն Ամերիկան պէտք չէ կարծէ, որ հանգիստ պիտի ապրի իր բռնագրաւած որեւէ շրջանին մէջ: Անոնց կը յիշեցնենք Իրաքն ու Աֆղանիստանը, եւ Սուրիան այս առումով բացառութիւն մը չէ», ըսաւ ան:

Սուրիոյ նախագահը անդրադարձաւ սուրիացի գաղթականները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ թրքական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջան վերադարձնելու թրքական յայտարարութիւններուն` զանոնք նկատելով «մարդասիրական խորագիրի տակ խաբէութիւն մը»: «Ատոր նպատակը այդ շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկիչները թրքական հովանաւորութեան տակ առնելն է», նշեց ան:
Ասատ ըսաւ, որ թրքական յայտարարութիւնները ցեղային տագնապներ պիտի ստեղծեն, եւ թրքական նպատակը ամէն պարագայի Սուրիոյ մէջ պիտի ստեղծէ անկայունութիւն` շեշտելով. «Մենք հաստատօրէն կը մերժենք զայն»:

Ինչ կը վերաբերի քիւրտերուն հետ յարաբերութեան, Ասատ ըսաւ. «Մենք ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը համաձայն պիտի ըլլանք Սուրիոյ քիւրտերուն կողմէ անջատողական որեւէ թեզի»:

«Այս շրջանը արաբական է, ուստի եթէ կայ մէկը, որ կ՛ուզէ դաշնակցային դրութեան մասին խօսիլ, ապա արաբներն են, որովհետեւ անոնք են մեծամասնութիւնը», ըսաւ Ասատ:

Սուրիոյ նախագահը յիշեցուց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յուշագիրի կնքումէն ետք Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարութիւն հրապարակեց` նշելով, որ պատրաստ է քրտական ջոկատներու զինեալները ընդունելու սուրիական բանակի շարքերը:

«Սակայն պատասխանը, որ, ինչպէս պէտք է հասկնալ, պաշտօնական էր, այս է` քիւրտերը առայժմ պատրաստ չեն միանալու սուրիական բանակին, եւ անոնք մտադիր են իրենց զէնքը իրենց մօտ պահել տուեալ շրջաններուն մէջ», նշեց Ասատ:

«Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ համագործակցութեան ծիրին մէջ մենք այժմ կ՛աշխատինք համոզել քրտական ջոկատները, որ սուրիական բանակին միանալը եւ թուրք բռնագրաւողներու դէմ պայքարը վստահելի ու ճիշդ դիրքորոշում է` վերադարձնելու համար այն տարածքները, որոնք Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ կորսնցուցած ենք այդ տարրերու գործողութիւններուն պատճառով», աւելցուց Ասատ:

Սուրիոյ նախագահը նաեւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հետեւիլ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին իրադարձութիւններու զարգացման:

aztagdaily.com/archives/465991

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail