
Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Տեղակայուիլ Թուրքիոյ Հետ Սահմանի 200 Քիլոմեթրին Վրայ
16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիական բանակը տարածուեցաւ Թուրքիոյ հետ սահմանին արեւմուտքէն` Ռաս Ուլ Այնի գիւղական շրջանէն մինչեւ Մալիքիայի գիւղական շրջանի Այն Տուար գիւղ երկարող 200 քիլոմեթր երկարող հատուածին վրայ:
Սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բանակային զօրամասերը հինգշաբթի օր սկսած են տարածուելու նոր փուլը ամբողջացնելու համար Սուրիոյ Հասաքա եւ Ժազիրա նահանգին մէջ 13 հոկտեմբերին սկսած շարժումը:
ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը տարածուած է Հասաքայի, Ռաքքայի, Հալէպի հիւսիսարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ` «դէմ դնելու համար քաղաքացիներուն դէմ որեւէ յարձակումի եւ ազգային դրօշին տակ անոնց պաշտպանութիւնը ապահովելու համար»:

aztagdaily.com/archives/465984





